
Մայիս 25ը, 95 տարի առաջ, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին առջեւ նոր կեանքի պայծառ հորիզոնը բացող Սարդարապատի յաղթանակին նշանակալից օրը դարձաւ։ 25 Մայիսը եղաւ, ցեղասպան Թուրքիոյ օրհասական սպառնալիքին դէմ, Արամներու ոտքի հանած հայոց զօրայիններու հակայարձակման առաջին եւ վճռորոշ յաղթանակին հրաշափառ օրը։ Մայիս 24ին արդէն, երեք ուղղութիւններով (Սարդարապատ, Բաշ-Ապարան եւ Ղարաքիլիսա) Մայիս 21ին սկսած թրքական ընդհանուր յարձակողականը…















