
Մայիսի առաջին օրերը, 98 տարի առաջ, Հայաստանի մէջ եղան պատմական մեծ նշանակութեամբ յատկանշուող տագնապալի եւ դաժան օրեր՝ բախտորոշ անդրադարձ ունենալով նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հետագայ ընթացքին վրայ։ Մայիս 1ի Աշխատաւորական Օրուան տօնախմբութիւնները, 1920ին, Երեւանի մէջ սկսան արտասովոր ծանր մթնոլորտի մէջ։ Քանի մը օր առաջ՝ 28 Ապրիլին խորհրդայնացած Ատրպէյճանի կարմիր իշխանութիւնները վերջնագիր յղած էին վարչապետ Ալ. Խատիսեանի…














