1 ­Մա­յիս 1890. Աշ­խա­տան­քի եւ աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան ա­զա­տագ­րու­մի շար­ժու­մը

— Աշ­խա­տան­քը կ­’ազ­նո­ւաց­նէ մար­դուս հո­գին։

— Քր­տին­քը կը մաք­րէ ներ­սէն։ Քր­տին­քը կու գայ այն­պի­սի տե­ղե­րէ,
ուր լո­գան­քի ջու­րը եր­բեք պի­տի չկա­րե­նայ հաս­նիլ…

­Մա­յիս ­Մէկ է դար­ձեալ եւ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, բա­ցա­ռու­թեամբ հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի, աշ­խա­տան­քը դա­դար կ­’առ­նէ եւ հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը կը տօ­նէ Աշ­խա­տան­քի ու Աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին Օ­րը։

Թէեւ հնա­դա­րեան ժա­մա­նակ­նե­րէն մարդ­կու­թիւ­նը տօ­նած է ­Մա­յիս ամ­սու գա­լուս­տը իբ­րեւ ծաղ­կու­մի եւ կեն­սու­րա­խու­թեան հե­թա­նո­սա­կան տօն, բայց ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հը աշ­խա­տան­քի եւ աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան ա­զա­տագ­րու­մի գա­ղա­փար­նե­րով կը նշէ ­Մա­յիս 1ը։

Մա­յիս ­Մէ­կի մե­րօ­րեայ խոր­հուր­դը ուղ­ղա­կի կա­պո­ւած է մար­դու աշ­խա­տան­քի ա­զա­տագ­րու­թեան մեծ շար­ժու­մին եւ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րին հետ։

128 տա­րի ա­ռաջ սկսաւ ­Մա­յիս 1ի ժա­մա­նա­կա­կից ի­մաս­տով նշու­մը եւ այն­քան ալ տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով չսկսաւ։ 1890ի ­Մա­յիս 1ին, յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին, աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը եւ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը (ըն­կեր­վա­րա­կան, ա­նիշ­խա­նա­կան թէ ա­զա­տա­խո­հա­կան) փո­ղոց ի­ջան եւ ցոյց կա­տա­րե­ցին՝ ութ­ժա­մեայ աշ­խա­տան­քա­յին օ­րո­ւան սահ­ման­ման եւ աշ­խա­տան­քա­յին պայ­ման­նե­րու բա­րե­լաւ­ման, այ­լեւ ընդ­հան­րա­պէս աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան կեան­քի բա­րե­լաւ­ման պա­հանջ­նե­րով։

Յատ­կա­պէս աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­տա­րո­ւած ա­ռա­ջին ­Մա­յիս 1ի ցոյ­ցե­րը այդ­պէս՝ պա­տա­հա­կան կամ ինք­նա­բուխ չե­ղան։ ­Տա­րի մը ա­ռաջ, 1889ի Յու­լի­սին, Ֆ­րան­սա­կան մեծ ­Յե­ղա­փո­խու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին ա­ռի­թով գու­մա­րո­ւած էր Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի (պատ­մու­թեան ծա­նօթ իբ­րեւ Երկ­րորդ Մի­ջազ­գայ­նա­կան) հիմ­նա­դիր ժո­ղո­վը, որ հե­տա­գայ իր գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում­նե­րու շար­քին՝ ­Մա­յիս ­Մէ­կը հռչա­կեց իբ­րեւ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան շար­ժում­նե­րու մի­ջազ­գա­յին զօ­րակ­ցու­թեան Օր։

Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի այդ ո­րո­շումն էր, որ ի գործ դրո­ւե­ցաւ 1890ին, իսկ ­Մա­յիս 1ին աշ­խա­տա­ւո­րա­կան պայ­քա­րին զօ­րակ­ցու­թեան ի­մաստ տա­լու գա­ղա­փա­րը բխած էր Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ ար­դէն ծա­ւա­լուն բնոյթ ստա­ցած աշ­խա­տա­ւո­րա­կան շար­ժու­մին թի­կունք կանգ­նե­լու Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի քա­ղա­քա­կան դիր­քո­րո­շու­մէն։

Ար­դա­րեւ, աշ­խա­տա­ւո­րա­կան շար­ժու­մը ակն­բախ յա­ռաջ­խա­ղացք ար­ձա­նագ­րած էր Մ. Նա­հանգ­նե­րու մէջ՝ օգ­տո­ւե­լով ա­զատ մտա­ծո­ղու­թեան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­զատ գոր­ծու­նէու­թեան՝ Եւ­րո­պա­յի հա­մե­մատ ա­ւե­լի ձեռն­տու պայ­ման­նե­րէն։ Եւ 1886ին, Մա­յի­սի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու աշ­խա­տա­ւո­րա­կան եւ գաղ­թա­կա­նա­կան կեդ­րո­նաց­ման քա­ղաք­նե­րէն ­Շի­քա­կո­յի մէջ, աշ­խա­տա­ւոր­նե­րը փո­ղոց ի­ջած էին եւ օ­րե­րու վրայ շա­րու­նա­կո­ւած ցոյ­ցե­րու մի­ջո­ցաւ կը պա­հան­ջէին, որ օ­րէն­քով նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւի ութ­ժա­մեայ աշ­խա­տան­քա­յին օ­րո­ւան ի­րենց պա­հան­ջը։ ­Մա­յիս 4ին, Շի­քա­կո­յի ­Հէյ­մար­քէթ հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած ցոյ­ցը շատ բազ­մա­մարդ եւ բուռն ե­ղած էր՝ ոս­տի­կա­նու­թեան հետ առ­ճա­կատ­ման եր­թա­լու ի­մաս­տով։ Ա­նո­րոշ կող­մէ ռումբ նե­տո­ւած էր ցոյ­ցին հսկող ոս­տի­կա­նու­թեան վրայ՝ զո­հեր խլե­լով ոս­տի­կան­նե­րէն, ո­րոնք ան­մի­ջա­պէս կրակ բա­ցին ցու­ցա­րար­նե­րուն վրայ եւ պատ­ճառ դար­ձան 8 մե­ռեա­լի եւ տաս­նեակ­նե­րով վի­րա­ւոր­նե­րու։ Ան­շուշտ օ­րին դատ-դա­տա­վա­րու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ, բայց դա­տա­րա­նը իր ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցուց, ռում­բի ար­ձակ­ման բուն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը յայտ­նա­բե­րե­լու փո­խա­րէն, ցոյ­ցի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն քա­ղա­քա­կան հա­մո­զում­նե­րուն քննարկ­ման եւ բա­ցա­յայտ­ման վրայ, ինչ որ քա­ղա­քա­կա­նա­ցուց աշ­խա­տա­ւո­րա­կան շարժ­ման ամ­բողջ հար­ցը։

Նոյն պատ­ճա­ռով ալ, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու օ­րո­ւան նա­խա­գա­հը՝ Ք­լիվ­լընտ փու­թաց զօ­րակ­ցե­լու ա­մե­րի­կա­ցի աշ­խա­տա­ւո­րա­կան միու­թիւն­նե­րէն Աշ­խա­տան­քի Աս­պետ­ներ ար­հես­տակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ ի հա­կազ­դե­ցու­թիւն ըն­կեր­վա­րա­կան հա­մո­զում­նե­րով ­Հէյ­մար­քէ­թի ցու­ցա­րար­նե­րուն՝ ա­ռա­ջար­կեց ­Սեպ­տեմ­բե­րին տօ­նել Աշ­խա­տան­քի Օ­րը եւ այդ­պէս ալ, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու եւ ­Քա­նա­տա­յի մէջ, մին­չեւ այ­սօր Աշ­խա­տան­քի Օ­րը կը տօ­նո­ւի ­Սեպ­տեմ­բե­րին։

Եւ այդ­պէս սկսաւ ­Մա­յիս ­Մէ­կի մի­ջազ­գա­յին շարժ­ման կեն­սագ­րու­թիւ­նը։

Սկզբ­նա­պէս սահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ ութ­ժա­մեայ աշ­խա­տան­քա­յին օ­րո­ւան, աշ­խա­տա­վար­ձե­րու ար­դար գնա­հատ­ման եւ գոր­ծա­տե­ղի­նե­րու մէջ ա­ւե­լի յար­մար պայ­ման­նե­րու ա­պա­հով­ման պա­հանջ­նե­րով։

Բայց ո­րով­հե­տեւ 19րդ ­դա­րու վեր­ջին տաս­նա­մեա­կէն սկսած աշ­խար­հով մէկ վա­րա­կիչ դար­ձած էին ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ա­զա­տագ­րու­մի յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում­նե­րը, Մա­յիս ­Մէ­կի ո­գե­կո­չում­ներն ու տօ­նախմբու­թիւն­նե­րը շատ ա­րագ ա­մէ­նուր վե­րա­ծո­ւե­ցան բո­ղո­քի եւ ցոյ­ցի պոռթ­կում­նե­րու՝ իշ­խա­նու­թեանց եւ ժո­ղովր­դա­յին խա­ւե­րու մի­ջեւ բա­խու­մի ա­ռիթ­նե­րու։

Նոյն­քան ա­րա­գու­թեամբ զուտ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան պա­հանջ­նե­րու վրայ գու­մա­րո­ւե­ցան ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան ա­զա­տագ­րու­մի ա­ռա­ջադ­րանք­ներ, մին­չեւ որ տաս­նա­մեա­կէ տաս­նա­մեակ յա­րա­ճուն թափ ա­պա­հո­վե­լով՝ ­Մա­յիս ­Մէ­կի ե­լոյթ­նե­րը ընդգր­կե­ցին լայ­նա­գոյն հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան ա­մէն կար­գի պա­հանջ։

Մա­յիս ­Մէ­կը այ­սօր եւս կը պահ­պա­նէ, ան­շո՛ւշտ, շեշ­տա­կիօ­րէն Աշ­խա­տան­քի եւ Աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րո­ւան իր նշա­նա­կու­թիւ­նը։ ­Բայց այ­սօր ար­դէն Աշ­խա­տանքն ու Աշ­խա­տա­ւո­րու­թիւ­նը շատ բան կորսն­ցու­ցած են նեղ դա­սա­կար­գա­յին ի­րենց սկզբնա­կան ի­մաս­տէն եւ ար­ժէ­քէն։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ցե­ղա­յին ու սե­ռա­յին հա­ւա­սա­րու­թեան, ազ­գա­յին պաշտ­պա­նո­ւա­ծու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ հա­կակ­շիռ­նե­րու ընդ­լայն­ման, կեն­սո­լոր­տի ան­խա­թար պահ­պան­ման եւ կրօ­նա­կան ու քա­ղա­քակր­թա­կան ինք­նու­րոյ­նու­թեան ա­զատ զար­գաց­ման պա­հանջ­նե­րը ամ­բողջ հո­րի­զո­նը բա­ցած են Մա­յիս ­Մէ­կի ի­մաս­տին եւ ար­ժէ­քին առ­ջեւ։

Յա­մե­նայն­դէպս, ­Մա­յիս ­Մէ­կի գա­ղա­փա­րա­կան խոր­հուր­դին տա­րո­ղու­նա­կու­թեան ընդ­լայ­նու­մը եւ ըն­կե­րա­յին այլ շար­ժում­նե­րու վրայ տա­րա­ծու­մը, բնա­կա­նա­բար, շատ բան նո­ւա­զե­ցու­ցին ա­նոր էա­պէս աշ­խա­տա­ւո­րա­կան պայ­քա­րի նշա­նա­կու­թե­նէն եւ հնչե­ղու­թե­նէն։ ­Բայց նոյ­նիսկ մեր օ­րե­րուն, աշ­խար­հի ո­րե­ւէ ան­կիւ­նը, մին­չեւ ան­գամ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նօ­րէն հաս­տա­տա­քայլ յա­ռաջ­դի­մած եր­կիր­նե­րու մէջ, երբ աշ­խա­տանքն ու աշ­խա­տա­ւո­րու­թիւ­նը ի­րա­ւազր­կե­լու քայ­լեր կ­’ար­ձա­նագ­րո­ւին, ­Մա­յիս 1ը ան­մի­ջա­պէս կը վե­րագտ­նէ եր­բեմ­նի իր բուռն պայ­քա­րի տա­րո­ղու­թիւ­նը՝ աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան եւ իշ­խա­նու­թեան մի­ջեւ ա­րիւ­նա­լի բա­խում­նե­րու յան­գե­լով։

Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ, 19րդ ­դա­րա­վեր­ջէն սկսեալ, ­Մա­յիս ­Մէ­կը ոչ միայն հայ գրող­նե­րու՝ ­Վա­րու­ժան­նե­րու եւ ­Վա­րան­դեան­նե­րու ու ա­նոնց գա­ղա­փա­րա­կան են­թա­հո­ղը կազ­մող հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ներշնչ­ման աղ­բիւ­րը դար­ձաւ, այ­լեւ՝ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն մղում տո­ւաւ հա­մա­մարդ­կա­յին մեծ ի­տէալ­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու սկզբուն­քայ­նու­թեան։
Մա­յիս 1ը քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն չա­րա­շա­հո­ւե­ցաւ նաեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի պոլ­շե­ւի­կեան թե­ւին կող­մէ եւ, հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան է­ջե­րուն, միշտ սե­ւով ու մու­րով պի­տի յի­շա­տա­կո­ւի 1920ի ­Մա­յիս 1ը, երբ ­Կար­միր ­Բա­նա­կի հրահ­րու­մով՝ հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը ­Կար­սի մէջ Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Օ­րո­ւան հան­դի­սու­թիւն­նե­րը փոր­ձե­ցին ծա­ռա­յեց­նել ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ բո­ղո­քի շար­ժու­մի եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան խռո­վու­թիւն­նե­րու ծա­ւա­լու­մին…

Պատ­մու­թիւ­նը վկայ է, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը իր ազ­գա­յին ա­ռողջ բնազ­դով կուլ չգնաց պոլ­շե­ւի­կեան խոր­շա­կի այ­լա­սեր­ման ու դա­ւա­նա­մո­լու­թեան վտան­գին։ Ամ­բողջ եօ­թա­նա­սուն տա­րի խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան նե­րար­կած գա­ղա­փա­րա­կան թու­նա­ւո­րու­մէն ետք ան­գամ, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը կրցաւ իր ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեան հա­րա­զատ ա­կունք­նե­րով վե­րա­կանգ­նիլ։
Եւ ­Մա­յիս ­Մէ­կի խոր­հուր­դը մաք­րազ­տեց «աշ­խա­տա­ւո­րա­կան պե­տու­թեան», «աշ­խա­տա­ւո­րա­կան բռնա­կա­լու­թեան» եւ նմա­նա­տիպ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան չա­րա­շա­հում­նե­րէն։ ­Վե­րագ­տաւ ­Մա­յիս 1ի մարդ­կայ­նա­կան՝ Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան հա­մար մղո­ւող պայ­քա­րի ի­մաս­տը։

Դար­ձեալ ­Մա­յիս ­Մէկ է եւ բո­վան­դակ մարդ­կու­թեան հետ նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դը կը դի­մագ­րա­ւէ իր կտրած ու­ղին քննե­լու, այ­սօ­րո­ւան իր եր­թը ար­գե­լա­կող ըն­կե­րա­յին կա­պանք­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լու եւ վա­ղո­ւան իր յա­ռաջ­խա­ղաց­քը հար­թե­լու գա­ղա­փա­րա­կան հրա­մա­յա­կա­նը։

Կը վե­րա­նո­րո­գէ ա­րե­ւուն տակ իր ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ա­զատ ու ար­դար կեան­քը նո­ւա­ճե­լու ուխ­տը։

Եւ կը վե­րա­թար­մաց­նէ աշ­խա­տա­ւո­րին զօ­րակ­ցե­լու վեհ զգայ­նու­թիւ­նը՝ ­Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի «­Բա­նո­ւո­րու­հին» խո­րագ­րով քեր­թո­ւա­ծի ո­գե­շունչ խոր­հուր­դով.

Պա­տու­հա­նիս տա­կէն, ա­մէն ա­ռա­ւօտ,
Ու­րո­ւա­կա­նի պէս կ­՚անց­նիս.
Եւ կու­սա­գեղ գը­լու­խիդ վրայ կ­՚ար­տա­սո­ւէ
Տե­րե­ւա­թափ վար­դե­նիս:

Լուռ թա­ղին մէջ կը լը­սեմ քայլդ, ու զարթ­նող
Շունն` որ վը­րադ կը հա­չէ՜.
Կամ կը լը­սեմ քը­նիս մէ­ջէն ձայնն հա­զիդ`
Որ ծոցդ ա­ղո­ւոր` կը տան­ջէ:

Եւ կը խոր­հիմ թէ քը­նատ ես եւ նո­թի.
Ի­րանդ հո­վէն կը դո­ղայ.
Եւ կը նըս­տի գան­գուր­նե­րուդ վը­րայ, քո՛յր,
Ե­ղեամն իբ­րեւ շա­փիւ­ղայ:

Կամ մու­ճակ­ներդ են պա­տըռ­տած, փո­ղո­ցին
Ջուրն ա­նոնց մէջ կը ճող­պայ.
Կամ ե­տե­ւէդ շըո­ւայ­տօ­րէն կը սու­լէ
Սը­րի­կայ մը ա­նո­պայ:

Եւ կը խոր­հիմ թէ, տան մէջ, մայրդ է հի­ւանդ.
Ցամ­քած է ձէթն ալ ճրա­գին.
Ու դուն կ­՚եր­թաս գոր­ծա­տան մէջ աշ­խա­տիլ
Լոյ­սին հա­մար ու կեան­քին:

Ես կը խոր­հի՜մ — եւ խեն­թի պէս կը բաղ­ձամ
Վար իջ­նել, քո՛յր դալ­կա­դէմ,
Քո՛­վըդ իջ­նել, համ­բու­րել ձեռ­քըդ նի­հար,
Եւ հըծ­ծել. — «­Քեզ կը սի­րեմ»: —

Կը սի­րեմ վիշտդ` որ իմ վիշտս է գե­րա­գոյն,
Կը սի­րեմ կուրծ­քըդ քան­դո­ւած`
Ո­րուն մէջ դեռ կը յա­մա­ռի ­Սէրդ եր­գել
Ար­տոյ­տի պէս սը­րար­բած:

Կը սի­րեմ քու ա­նօ­թու­թիւնդ ու ծա­րաւդ,
Եւ ոս­կոր­ներդ ու­ժաս­պառ.
Ես կը սի­րեմ կոյս ա­ղիք­նե­րըդ ցամ­քած,
Մա­զե­րուդ սուգն` ու­սէդ վար:

Եւ ես կ­՚ու­զեմ ամ­փո­փել քեզ սըր­տի՜ս վրայ
Տատ­րա­կի պէս տա­րա­գիր,
Տալ ու­ժըս քեզ, մըր­ցա­նակ­նե­րըս փառ­քի,
Եւ ազ­գա­նունս ան­բա­սիր.

Կուրծ­քըս վա­հան ը­նել կուրծ­քիդ նը­շա­ւակ,
Եւ քողն ըլ­լալ պա­տի­ւիդ,
Կ­րա­նի­թէ բա­զու­կիս տակ պաշտ­պա­նել
Սե­ռըդ ու գե­ղըդ ան­ժը­պիտ:

Կ­՚ու­զեմ քեզ տալ ինչ որ պայ­քարն ինձ տըո­ւաւ,
Ինչ որ խլե­ցի մար­տե­րով.
Քեզ պը­սա­կել ա­րիւ­նիս գոյնն ու­նե­ցող
Յաղ­թա­նա­կիս վար­դե­րով:

Միայն թէ դուն չըլ­լաս տըժ­գոյն ու քաղ­ցած,
Ա­րե­ւուն տակ չը­հա­զաս.
Մօ­րըդ վե­րեւ չը­մա­րի ճրագն, ու, ո՛վ քոյր,
Դուն գոր­ծա­տուն ա՛լ չեր­թաս:

Ն

Տպել Տպել