
Կը յիշուի, որ Իրաքի թագաւորական կարգերու ընթացքին (1921-1958), կարճ ժամանակի մը համար, խորհրդարանի հայ կաթօլիկ պատգամաւոր մը եղած է: Իսկ անոր յաջորդող հանրապետութեան շրջանին ոչ մէկ հայ, նոյնիսկ թեկնածու չենք ունեցած: 2003 -ին ստեղծուած նոր կարգերը իրենց հետ բերին «դեմոկրատական» նոր հասկացողութիւններ: Նոր սահմանադրութեան մէջ շեշտակիօրէն յիշուեցան փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, որու հետեւանքով, այլ եւ այլ հարցերու…















