
Հոկտեմբեր 20-ին, Գանատայի Քեպէգ նահանգի երրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Լաւալի քաղաքակեդրոնին մէջ, բացումը կատարուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին։ Խաչելութիւն-յարութիւն-վերածնունդ խորհրդանշող յուշարձանին հեղինակն է գանատահայ քանդակագործ Արտօ Չագմագեան։ Հանրային կեդրոնական վայրի մը մէջ գտնուող Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան իբր, Լաւալի նորակառոյց յուշարձանը Գանատայի մէջ առաջին յուշակոթողն է։ Գանատացի պաշտօնական քաղաքական հիւրերու եւ բազմահարիւր հայրենակիցներու…














