
Վերջերս Հայաստան այցելեց յունական թերթերու եւ ձայնասփիւռի կայաններու աշխատակից Փեթրոս Քասիմաթիս, յունարէն լեզուով ճամբորդական գրքոյկի մը մէջ Հայաստանին յատուկ բաժին յատկացնելու, հայկական մշակոյթին, Հայաստանի մէջ յունական համայնքին եւ յարակից նիւթերու շուրջ տեղեկանալու նպատակով: Փեթրոս Քասիմաթիս շաբաթ մը տեւող իր այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի, Երեւանի պետական համալսարանի ռեկտորի, Գիւմրիի քաղաքապետութեան եւ…















