
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մշակումը տեւած է աւելի քան ութ տարի, որուն բոլոր փուլերէն ինք լաւատեղեակ է` նկատի ունենալով, որ անդամ եղած է ընտրական օրէնքի մշակումի յանձնախումբին` Տոհայի համաձայնագիրէն սկսեալ: «Կարեւորը այն է, որ կարելի…














