
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Պէտք է ողջունել նախագահ Սարգսեանի նախաձեռնութիւնը երկրի շուկայական համակարգէն ներս սանձազերծուած գնաճի (inflation) կապակցութեամբ խորհրդակցութիւն հրաւիրելու: Պետական բարձր մակարդակով այս խորհրդակցութիւնը տեղի ունեցած է երէկ (Չորեքշաբթի, 10 Յունուար) եւ անոր մաս կազմած են բոլոր պատկան գերատեսչութեանց պետերը բացի ՀՀ վարչապետէն: Ինչպէս անցեալին, պր. նախագահը հանդէս կու գայ մանրակրկիտ վերլուծումներով հարցի ախտորոշման տուեալները մէկիկ-մէկիկ…














