Ակնարկ. Զգուշացման Ազդերու Հիմնական Տարբերութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 10 յունուարին ներկայացուցած է ճամբորդութիւններու ապահովութեան մասին քաղաքացիներու իրազեկումի նոր համակարգ մը, ուր կը նշուի, որ Ազրպէյճան այցելողները պէտք է «յաւելեալ նախազգուշութիւններու» դիմեն. խորհուրդ կը տրուի հոն ճամբորդելու պարագային միշտ տեղեկացուած ըլլալու ապահովութեան սպառնացող վտանգներուն մասին եւ խիստ զգուշութիւն պահպանելու` միշտ նկատի ունենալով ահաբեկչութեան հաւանականութիւնը, յատկապէս երկրին կարգ մը շրջաններուն մէջ:

Միեւնոյն զեկուցումին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արցախ չայցելելու կոչ ուղղած է իր քաղաքացիներուն` նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ հոն յաճախակիօրէն կ՛արձանագրուին զինեալ եւ նոյնիսկ հրթիռային ընդհարումներ:

Նաեւ, զգուշացումներուն մէջ կը յանձնարարուի հեռու մնալ յատկապէս սահմանային շրջաններէն եւ կը շեշտուի, որ ամերիկեան կառավարութիւնը կարելիութիւնը չունի Արցախ գտնուող ամերիկացի քաղաքացիներուն օգնութեան հասնելու, որովհետեւ ամերիկացի պաշտօնատարներուն արգիլուած է Արցախ մուտք գործել` ակնարկելով Արցախ չայցելելու Պաքուի ազդարարութեանց:

Արցախի վերաբերող ամերիկեան որոշումի աւելի վերլուծական հայեացքը կ՛ընդգծէ որոշ պաշտօնական ընկալումներ:

Այսպէս. Արցախ այցելելու վտանգաւորութիւնը այս պարագային կը վերագրուի կիսապատերազմական իրավիճակին: Կը նշուին զինեալ եւ հրթիռային ընդհարումները, որոնցմէ զերծ մնալու համար խորհուրդ կը տրուի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն չայցելել Արցախ:

Աւելի մասնաւորելով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը ճշդէ շփման գիծի գօտին կամ սահմանային շրջանները, ուր ի պահանջել հարկին ամերիկեան կառավարութիւնը կարելիութիւնը չունի իր քաղաքացիներուն օգնութեան փութալու:

Երբ կը նշուի, որ ամերիկացի պաշտօնատարներուն արգիլուած է այցելել Արցախ` նշելով Պաքուի կողմէ փոխանցուած ազդարարութիւնները, կը նշանակէ, որ արգելքը կը վերաբերի միայն պետական պաշտօնեաներուն, մինչ քաղաքացիներուն պարզապէս կոչ կ՛ուղղուի զգուշանալու այցելելէ, ինչ որ պարտադիր բնոյթ կամ օրէնքի կարգով արգելք չ՛ենթադրեր: Տակաւին. նոյնիսկ պետական պաշտօն ունեցողներուն համար նման արգելքի հարցը թէական իմաստ ունի. երբ նահանգային մակարդակի վրայ սկսած է եւ շարունակելի բնոյթ ունի Արցախի անկախութեան ճանաչումը, առնուազն տարակուսելի կը դառնայ նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ գործող եւ պետական կառոյցներուն մաս կազմող անձնաւորութիւններուն նման արգելքի կիրարկելիութիւնը:

Մինչ, միեւնոյն յայտարարութեան մէջ Ազրպէյճան կը դասուի ահաբեկչական կարողականութիւն ներփակող աշխարհագրական տարածք, ուր թիրախ են հասարակական վայրերը: Այստեղ եւս կոչը նախազգուշական է:

Տարբերութիւնը հիմնական է. Արցախի պարագային զգուշացումը կիսապատերազմական իրավիճակի հաւանական հետեւանքներուն մասին է, եւ կը կեդրոնանայ յատկապէս սահմանային գօտիին վրայ, մինչ Ազրպէյճանին վերաբերող ազդը ուղղակի աշխարհի այսօրուան սպառնալիքին ահաբեկչութեան հետ կապուած է. եւ երբ չի ճշդուիր ահաբեկչական տարրերու Ազրպէյճան ներթափանցումի երեւոյթը, այդ կը նշանակէ նաեւ, որ Ազրպէյճան ինք ահաբեկչութիւն արտադրող երկիր կրնայ նկատուիլ, յատկապէս զգուշացումի խստութիւնն ու ընդգծումները նկատի ունենալով:

Միացեալ Նահանգները ահաբեկչութիւն-հակաահաբեկչութիւն բեւեռներու շուրջ կը փորձեն ձեւաւորել այսօրուան աշխարհակարգային խնդիրները: Երկիրներու դասակարգումներն ու անոնց կապուած քաղաքականութեան մշակումը այսօր առաջին հերթին այս պիտակաւորումները նկատի կ՛ունենայ եւ այս առանցքին շուրջ կ՛ուրուագծուի: Ազրպէյճանի պարագային ահաբեկչութեան վտանգին առընթեր Ուաշինկթընը վստահաբար գիտէ, բայց այժմ այդ մասին չի բարձրաձայներ, որ Պաքուն ինքը իբրեւ ռազմաքաղաքական համակարգ ահաբեկչական պետական միաւոր է: Քաղաքական շահերու բախման հետագայ որեւէ կէտին, ներքին ահաբեկչական կարողականութեան առընթեր իբրեւ զգուշացում անպայման կ՛ընդգծուի նաեւ ազրպէյճանական պետական ահաբեկչութիւնը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել