
Համշէնահայ քաղաքական բանտարկեալներ Ճեմիլ եւ Նուրջան Աքսուներու ճակատագիրը անյայտ կը մնայ բռնատիրական Թուրքիոյ մէջ: Անոնց ութամեայ որդին՝ Արեւը, կը մնայ զրկուած իր ծնողքի խնամքէն: Դժբախտաբար, միջազգային հանրութիւնը անտեղեակ կը մնայ այս զոյգէն, իրողութիւն մը, որուն պատասխանատուն նաեւ մե՛նք ենք, մեր անտարբերութեամբ կամ ձեռնծալութեամբ: «Ակունք»ի աշխատակից Մելինէ Անումեանը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ անարդարօրէն բանտարկուած համշէնահայ ամոլին…















