Ակնարկ. Լսարաններու Մշակոյթը. Նոր Ձեւաչափը

Մեր հաւաքական կեանքին մէջ բաւական ճանապարհ անցած է լսարաններ կազմակերպելու մշակոյթը: Ժողովրդային հանդիպումներ, մամլոյ տարբեր ներկայացուցիչներու կողմէ նախաձեռնուած լսարաններ, հոգեւոր սուրբգրային սերտողութիւններ, բժշկական-առողջապահական բնոյթի բացատրողական հանդիպումներ, ուսանողական եւ երիտասարդական հաւաքներ, արուեստագէտներու հանդիպումներ, քաղաքացիական խնդիրներ քննարկող խումբ կամ լրագրական դասընթացքներու հետեւողներ ու տակաւին Դիմատետրի ընկերներու ոչ վիրթուալ, այլ միատեղ հանդիպելու օրինակներ` կու գան շատ կարեւոր ներդրում մը ապահովելու լիբանանահայ համայնքի կազմակերպ կեանքի տարբեր ոլորտներուն վերաբերող երեւոյթներու քննարկման եւ ատով իսկ միտքերու արտադրման անհրաժեշտ միջավայր ստեղծելու կարելիութիւնններու տրամադրումը ընդգծելու:

Ինքնաբերաբար շատ կարեւոր եղանակ մը ճշդուած է լիբանանահայ կեանքին մէջ եւ ասիկա աւելի քան կարեւոր է նկատելը, այդ բոլորին հետեւելով կարեւոր եզրայանգումներ կատարելը, հաւանաբար լուսարձակի տակ բերելու վերստին այն եզակի միջավայրը, ուր միտքերու արտայայտման, տեսակէտներու դրսեւորման առիթ կ՛ընծայէ:

Լսարաններու այս շարքին վերջերս աւելցաւ նաեւ ՀՅԴ քարոզչական մարմինին կողմէ կազմակերպուած լսարանի նոր ձեւաչափը, որ հայկական երդիքի տակ կը հրաւիրէր լիբանանցի պետական, քաղաքական, ակադեմական, մտաւորական թէ հասարակական դէմքեր` միասին քննարկելու լիբանանեան, տարածաշրջանային խնդիրներ, որոնց հետ կապուած հեռանկարները ի վերջոյ սերտօրէն կ՛առնչուին լիբանանահայութեան կամ ընդհանրապէս հայութեան:

Առաջինը անոնցմէ կը վերաբերէր միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեաներու ապագային: Պարզ է, որ ընդհանուր միտումը կտրուկ կշռոյթներ ստացած է եւ ոչ միայն այստեղ կամ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ, այլ միջազգային հարթակներու վրայ կը խօսուի շրջանի ապաքրիստոնէացման մասին:

Խնդիրը անշուշտ ազգաբնակչութիւններու կրօնական պատկանելիութեան բնութագրումով չի բացատրուիր, մանաւանդ երբ քաղաքական տրամաբանութեամբ կը համոզուինք, որ կրօնը թէ՛ պատմութեան ընթացքին եւ թէ՛ ժամանակակից իրադրութիւններու պահուն կը շահարկուի ժողովրդագրական տեղաբաշխումներ կատարելու եթէ չուզենք օգտագործել ցեղային զտումներ ըսելաձեւը: Կամ` կրօնի տարածման անունին տակ գերտէրութիւններու ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու:

Լսարանի ընթացքին, միտքերու, մտահոգութիւններու եւ որոշակի առումով կանխատեսումներու արծարծումը կը շեշտէին քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններու ճակատագրակից ըլլալը: Եւ այստեղ էր նաեւ լսարանի ընդհանուր նիւթին ընտրութեան կարեւորութիւնը: Հարցը համալիբանանեան է, կը վերաբերի ո՛չ միայն Լիբանանի մէջ ապրող քրիստոնեայ համայնքներուն, այլ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ դարերէ ի վեր կայք հաստատած քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններուն: Ուրեմն, լսարաններու այս նոր ձեւաչափին իւրայատկութիւնը համատեղելն է մեր եւ ընդհանրապէս լիբանանցի համաքաղաքացիներու ապրած դժուարութիւնները, տագնապները միասնակամ յաղթահարելու ուղիներու փնտռտուքի ելակէտերը:

Քաղաքական ընդհանուր պայմաններու եւ տիրող իրավիճակի իրատեսական ներկայացումը անշուշտ կենսական են առարկայական քննարկում ապահովելու համար: Փաստերն ու երեւցած միտումները կրնան լաւատեսական չհնչել, մանաւանդ թիւերու նօսրացման փաստացի տուեալներու իրականութիւնը նկատի ունենալով: Սակայն միաժամանակ կարեւոր էր տեսանելի ճակատագրի յորձանուտին չյանձնուելու, արտահոսքին դէմ պայքարելու եւ քրիստոնէութեան ծննդավայրը չապաքրիստոնէացնելու կամքի եւ պայքարի տրամադրուածութեան դրսեւորումը: Ի վերջոյ նման լսարաններու նպատակն ալ հաւաքական կեանք ղեկավարողի վճռակամ կեցուածքի փոխանցումն է խուճապային ալիքի մակընթացութիւնը կանխարգիլելու համար:

Մեր պարագային այս բոլորին մէջ, որքան ճակատագրակից ըլլալու իրողութիւնը առկայ է, կայ նաեւ հիմնական տարբերութիւն, որ պէտք է անպայման նկատի ունենալ. միջինարեւելեան տարածաշրջանի քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնները ի տարբերութիւն մեզի պետականազուրկ են: Իսկ այս պարագան, յատկապէս ճգնաժամի ահագնացումի պահուն կ՛ենթադրէ պետութիւն եւ տեղւոյն համայնքի պատասխանատուներ համատեղ հակաճգնաժամային գործողութիւններ իրականացնելու առաւելութիւն:

Վերադառնանք լսարաններ կազմակերպելու անհրաժեշտութեան, կայացած մշակոյթին եւ նկատենք, որ այդ մշակոյթը համալրուած է անհրաժեշտ նոր ձեւաչափով մը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել