
Պաքու – Թիֆլիս – Կարս երկաթուղիին մտայղացումը աշխարհի տը ֆաքթօ մեծ պետութեան՝ Չինաստանի առաջարկն էր: Աշխարհագրականօրէն, այդ տարածաշրջանէն հեռու Պէյճինկը, իր տնտեսական ներկայութիւնը յաւելեալ կերպով զօրացնելու համար, շտապ հասանելի ճամբաներու կարիքն ունէր: Բնականաբար, տարածաշրջանին մէջ, այդպիսի չինական մտայղացում Անգարայի եւ յատկապէս Պաքուի ախորժակը պիտի բանար, որոնք շուտով գործի լծուեցան ու իրագործեցին այս մտայղացումը: Անշուշտ, անոնք…














