Հոկտեմբեր 27ի Պղտոր Ջուրերու Հին Ձկնորսները

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Բոլորիս ծանօթ է, թէ ինչ ծանրակշիռ դէպք պատահեցաւ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, 27 Հոկտեմբեր 1999ին։ Զինեալ անարգ յարձակումի հետեւանքով սպաննուեցան 8 պետական գործիչներ եւ վիրաւորուեցան 8 ուրիշներ։ Սպաննուածներու շարքին էին երկրի վարչապետը (Վազգէն Սարգսեան) եւ խորհրդարանի նախագահը (Կարէն Դեմիրճեան)։

Կասկած չկայ, որ Հոկտեմբեր 27ի դէպքը շատ ծանրակշիռ էր։ Կասկած չկայ նաեւ, որ նման դէպքի մը պարագային կրնան բազմաթիւ քաղաքական ազդակներ գոյութիւն ունենալ։ Այս մասնայատուկ պարագային, անհաւանական չեն նաեւ արտաքին քաղաքական ազդակները։ Բայց մեր այսօրուան նիւթը Հոկտեմբերի այդ աղէտալի օրուան վերլուծումը չէ։
Քանի մը օր առաջ, «Թերթ կէտ Էյ Էմ» կայքէջին իրենց տուած հարցազրոյցներուն մէջ, հարցին յետադարձ հայեացքով կ՛անդրադառնան երկու քաղաքական գործիչներ։ Մէկը հանգուցեալ վարչապետին եղբայրը՝ Արամ Զ. Սարգսեան եւ ՀԺԿ կուսակցութեան ղեկավարներէն Գրիգոր Յարութիւնեան։ Ծանօթ է նաեւ, որ այս ոճրային արարքէն վերջ, Հայաստանի վարչապետութիւնը ստանձնեց նոյնինքն Արամ Զ. Սարգսեան։
Սկսինք կարգով։

Արամ Զ. Սարգսեանի պնդումով, հանրութեան 99 տոկոսը «կարծում է», որ այդ իրադարձութեան ծալքերը չեն բացայայտուած։ Մեր կարծիքով, այս հաստատումը յարիր չէ ինքզինք յարգող ոեւէ քաղաքական գործիչի համար։ Որովհետեւ, վերջին հաշուով, ո՞վ չափած է նոյն այդ հանրութեան ունեցած կարծիքները խնդրոյ առարկայ դէպքին մասին։ Եւ, գիտական ճշգրտութեան տեսանկիւնէն դիտելով հարցը, ո՞վ ըսաւ, որ հանրութեան այս կամ այն կարծիքը կրնայ անպայման ճիշդ ըլլալ։ Հետեւաբար, նման ծանրակշիռ դէպքի մը մասին յայտարարութիւններ կատարել՝ յենելով լուրջ քննութեան չդիմացող «հանրութիւնը կարծում է»ի վրայ… առնուազն անլուրջ բան է։

Շարունակելով, Սարգսեան կ՛անդրադառնայ բուն դէպքին եւ դատական գործընթացի կարգ մը մանրամասնութիւններուն կապակցութեամբ հարցադրումներ կը կատարէ, իր եզրակացութեան մէջ պնդելով, որ այս իշխանութիւնները ժառանգորդն են այդ օրերու նոյն համակարգին, հետեւաբար, ամէն ճիգ պիտի թափեն, որ ծալքերը չբացայայտուին։ «…Բայց նրանք (Վ. Բ.- Իշխանութիւնները) չունեն նման ցանկութիւն, ինչն էլ կասկածների տեղիք է տալիս»։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Կու գանք մեր բուն դիտարկումին։

Երբ այս անարգ ոճիրէն անմիջապէս ետք երկրի վարչապետութիւնը ստանձնեց նոյնինքն Արամ Զ. Սարգեանը, երբ ինք կը համարուէր երկրի թիւ 2ը՝ իր ստանձնած պաշտօնին բերումով, երբ ինքն դարձաւ նաեւ նոյն այդ համակարգին ժառանգորդներէն մէկը, երբ այս դէպքին գլխաւոր քննիչն էր իր սերտ գործակիցներէն Գագիգ Ջհանգիրեանը, ինչո՞ւ չբացայայտեցին դէպքին շարժառիթները։ Ընդհակառակը, Գագիկ Ջհանգիրեան փորձեց խորացնել դէպքին մասին երկրին մէջ այդ օրերուն տիրող քաղաքական ներքին անվստահութիւնը, փորձեց կասկածի սլաքը ուղղել երկրի նախագահին եւ այդ նպատակով ալ, գործի կիսուն՝ քննիչի իր հանգամանքէն հրաժարեցաւ։ Սակայն օրուան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան մերժեց այդ հրաժարականը՝ ըսել ուզելով՝ «Ձեզի պարտականութիւն յանձնուած է եւ խնդրեմ, իր լրումին հասցուցէք զայն»։

Ոեւէ մէկուն իրաւունքն է համակրիլ կամ հակակրիլ ներկայ իշխանութիւններուն։ Ոեւէ քաղաքական գործիչի իրաւունքն է ընդդիմադիր ըլլալը։ Սակայն այս մասնայատուկ խնդրին շուրջ, Արամ Զ. Սարգսեան ու իր համախոհները իրե՛նք եւս պատասխան ունին տալիք մեր հանրութեան, որովհետեւ այդ տագնապալի փուլին, իրենց ձեռքը ունէին օրինական ուժ, իշխանութիւն եւ կարելիութիւններ։ Ճիշդ չէ Հոկտեմբեր 27ին թափած արիւնը շահագործելը, պարկեշտութիւն չէ սեփական պատասխանատուութիւնը պարտկելը՝ պարզապէս «ընդդիմութիւն» խաղալու համար։ Այնպէս որ, ճիշդ նման պահերու համար է որ կ՛ըսուի՝ «Աւելի լաւ է լռելը»։

Գանք Գրիգոր Յարութիւնեանին։

Ան առաջին իսկ պարբերութենէն արդէն սայթաքած է… Ան կ՛ըսէ. «Հոկտեմբերի 27ը կատաստրոֆիկ ձեւով երկրի առաջընթացի, բարոյահոգեբանական մթնոլորտի վրայ ազդեց, առաջացաւ կոռուպցիա, պետական ունեցուածքի փոշիացում, դեմոգրաֆիկ խայտառաջ վիճակ»։

Կասկած չկայ, որ այդ ոճրային արարքը ծանր կերպով ազդեց երկրի բարոյահոգեբանական մթնոլորտին վրայ։ Այս մասին վէճ չի կրնար ըլլալ։ Սակայն ըստ երեւոյթին, Գր. Յարութիւնեան ծիծաղելի դառնալու վախը չունի, երբ կը շարունակէ ըսելով, որ «առաջացաւ կոռուպցիա…» եւայլն։ Իրա՞ւ, սա կոռուպցիա ըսուածը այդ ոճիրէն ե՞տք յառաջացաւ մեր երկրին մէջ։ Խորհրդային օրերուն եւ նոյնինքն Կարէն Դեմիրճեանի՝ իբրեւ Կոմկուսի առաջին քարտուղար պաշտօնավարած օրերուն, չկա՞ր, անկէ առաջ չկա՞ր։ Անշո՛ւշտ կար։ Եւ ամբողջ Խ. Միութեա՛ն մէջ կար եւ Խ. Հայաստանը բացառութիւն չէր։ Հայաստանի վերանկախացումէն վերջ, Լ. Տէր Պետրոսեանի վարչակազմին օրով չշարունակուեցա՞ւ «կոռուպցիան». անշո՛ւշտ որ շարունակուեցաւ։ Նոյն Լ. Տէր Պետրոսեան ինքն էր, որ մերժեց «կոռուպցիան» վերացնելու նպատակով Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ եկած գործակցութեան առաջարկը։ Ասոնք պատմական փաստեր են։ Եւ հիմա գալ ու ըսել, որ Հոկտեմբեր 27էն վերջն էր որ երկրին մէջ «կոռուպցիան» սկսաւ… անհեթեթութիւններու գլուխ-գործոցն է։ Գործածելով երգին բառերը՝ «Ես կը խնդամ, սիրտս կու լայ»։

Հապա՞ «պետական ունեցուածքի փոշիացումը»։ Ատիկա սկսաւ Հայաստանի վերանկախացումէն անմիջապէս վերջ, երբ «վաուչըր»ներով իբրեւ թէ «ժողովուրդին» վաճառուեցան երկրի ճարտարարուեստական եւ տնտեսական արտադրութեան հաստատութիւնները։ Յար եւ նման Ելցինի Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, երբ Արեւմուտքը իր առջեւ ծունկի եկած ռուս ղեկավարութեան պարտադրեց անխնայ սեփականաշնորհման «շոք թերափին» (իբրեւ թէ երկրի տնտեսութիւնը վերականգնելու համար…)։ Ինչ է, ամերիկացի «տնտեսագէտները» քուներնի՞ն փախցուցեր էին, որ աման, սա Ռուսիոյ տնտեսութիւնը ե՞րբ ոտքի պիտի կանգնի ալ, մենք ալ հանգիստ շունչ մը քաշենք…

Բնականաբար ոչ. Արեւմուտքի նոր-ազատական գաղափարախոսութիւնը (որուն հետ անկողին մտաւ Ռուսիոյ այդ օրերու ղեկավարութիւնը) պարզապէս կ՛ուզէր կողոպտել Ռուսիոյ բնական հարստութիւնները, երկիրը վերածել հում նիւթ հայթայթող սոսկական կայանի մը՝ իր գաղափարակիցներու վոհմակ մը իշխանութեան գլուխ բերելով ու պահելով։ Որո՞ւ հոգը, որ այս բոլորը կատարուին ժողովուրդը չքաւորութեան մատնելու գնով։

Հայաստան ընթացաւ Ռուսիոյ գացած ուղիէն՝ Սեպտեմբեր 21ի առաջին իսկ օրերէն։ Այնպէս որ, Հայաստանի «պետական ունեցուածքի փոշիացումը» եւս Հոկտեմբեր 27էն վերջ չէր, որ սկսաւ։
Նոյնն է պարագան ժողովրդագրական աղէտին, արտագաղթին, որ մեծ թափ ստացաւ Լ. Տէր Պետրոսեանի օրերուն։

Ի դէպ, արդար ըլլալու համար պէտք է հաստատել, որ այդ օրերու արտագաղթը հետեւանք էր բազմաթիւ ազդակներու (պատերազմ, երկրաշարժ, տնտեսական փլուզում)։ Սակայն Լ. Տէր Պետրոսեանի խմբակին վարած էապէս ապազգային, էապէս բռնատիրական ու այլանդակ քաղաքականութիւնը (ներքին՝ ըներային-տնտեսական եւ արտաքին) մեծ թափ հաղորդեց սկսած արտագաղթին, որ ի դէպ, հասարակաց երեւոյթ էր յետ-խորհրդային բոլոր երկիրներու պարագային։ Վերանկախացած Հայաստանի ղեկավարութիւնը ի՛նք եւս որդեգրած էր Արեւմուտքին կողմէ հրամցուած նոր-ազատականութեան գաղափարախօսութիւնը, որ աղէտէ զատ ուրիշ բան չէր կրնար խոստանալ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին։ Այդպէս ալ եղաւ ու որոշ տատանումներով կը շարունակուի նաեւ մինչեւ օրս։

Հետեւաբար, Գր. Յարութիւնեան ինք եւս լաւ կ՛ընէ, եթէ լռէ այս հարցերուն մասին, որովհետեւ ամէն ինչ Հոկտեմբեր 27ի վրայ բարդելը կը շեղեցնէ մեր ժողովուրդի հանրային գիտակցութիւնը, թոյլ չի տար, որ ախտաճանաչումները եւ լուծումները գիտական հիմքերու վրայ դրուին։ Եւ ինչպէս ըսած ենք ասկէ առաջ, հիմա՛ եւս կը հաստատենք, որ Հայաստանը փորձարկումներու տարրալուծարան չէ. Հայաստանը լուծումներու կարիք ունեցող հայրենիք է։ Իսկ իսկական լուծումները կրնան գալ միմիայն գիտակա՛ն եւ իրական տուեալներու վրայ հիմնուած մտածողութենէն ու ոչ թէ աժան մեղադրանքներու, կամ քարոզչութեան յենած մտածելակերպէ։

Այնպէս որ, եթէ Արամ Զ. Սարգսեանները, Գր. Յարութիւնեանները եւ իրենց համախոհները (ներառեալ նախկին բանտապետ, ներկայիս քաղաքական կեղծ մեկնաբան Մուշեղ Սաղաթելեան), բոլորը, եթէ մտահոգ են Հայաստանի ապագայով (եւ կասկած չունինք որ մտահոգ են), այդ պարագային պէտք է հրաժարին պղտոր ջուրերու մէջ ձկնորսութեան ապերախտ «արհեստէն»։

Լոս Անճելըս
26 Հոկտեմբեր 2017

Տպել Տպել