
Հալէպի կորուստը համազօր է ազգային կորուստի։ Չափազանցութիւն կամ զգացականութիւն պէտք չէ որոնել դժուարութեամբ արտայայտուող այս հաստատումին մէջ։ Կենսականօրէն կարիքը կայ բացատրելու ազգային մաշտաբի հետեւանքներ ունեցող իրավիճակ մը, որուն լուսաբանումն ու հիմնաւորումը պէտք է շատոնց տրուէր, անդրադառնալու համար թէ ի՞նչ կը նշանակէ հաստատուած եւ կազմաւորուած գաղութի մը գոյատեւման, մինչեւ իսկ գոյութեան վտանգը։ Անմիջապէս պէտք է շեշտել,…















