
Հայ ժողովուրդը խոր սուգի մատնող 7 Դեկտեմբերի Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի աղէտը իր սահմռկեցուցիչ տարողութեամբ ծանրակշիռ հետեւանք ունեցաւ հայրենաբնակ հայութեան կեանքին համար£ Կործանած քաղաքներու եւ գիւղերու պարզած ողբերգական պատկերը թէ բազմահազար մեռեալներու, վիրաւորներու, անպատսպար աղէտեալներու իրավիճակը խոր վշտով վրդովեցին հայութիւնըª Մայր Հայրենիքէն մինչեւ Հայ Սփիւռքի տարածքին ապրող անդաստանական մեր ժողովուրդին զաւակները: Սփիւռքահայութիւնը՝ իր երեք ազգային¬քաղաքական…