
Եթէ պատմաքաղաքական առումով առարկայական ու հնարաւոր է որոշակի տարեթիւ մը ճշդել հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման կռուի դաշտ նետուելու մարտական մկրտութեան համար, ապա իրաւամբ 4 Դեկտեմբեր 1882ը կրնայ նկատուիլ Հայկական Յեղափոխութեան շուրջ մէկուկէսդարեայ անշէջ խարոյկին սկզբնական կայծերու բոցավառման ու մարտունակ շղթայազերծման թուականը։ Հայ յեղափոխական շարժման եւ յատկապէս Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան կազմակերպական երկունքը սկսաւ Դեկտեմբեր 4ի այս…















