
Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերահաստատման տօնը` 21 Սեպտեմբեր 1991ի դարակազմիկ Անկախութեան Հանրաքուէին տարեդարձը ահա՛ անգամ մը եւս կը դիմաւորենք ազգովին՝ պետական-կրօնական եւ կուսակցական-միութենական ներկայացուցչութեանց լայն շրջանակով հաւաքուած քաղաքամայր Երեւանի մէջ։ Սեպտեմբեր 21 է դարձեալ եւ ահա՛ 26րդ տարին ըլլալով՝ Հայաստանի անկախութեան փաստն ու խորհուրդը ազգային հպարտութեան խորագոյն ապրումներով կը համակեն հայ մարդոց միտքն…















