Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 24-Ամեակ

Արցախեան ազատամարտի նուիրեալ, գաղափարապաշտ հայորդի Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին առջեւ անգամ մը եւս խոնարհելու եւ անոր ուղիին նկատմամբ հաւատարմութիւնը ամրագրելու նպատակով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ անոր նահատակութեան 24-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քեւըն Պոսնոյեան, որ անդրադարձաւ նահատակութեան վեհութեան`նշելով, թէ գերագոյն զոհաբերութեան բագինին նուիրուիլը եղած է հայութեան հիմնական յատկանիշներէն մէկը, որուն կրողներուն կարգին եղաւ Մհեր Ջուլհաճեան: Ըստ անոր, թէեւ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութիւնը ցաւ ու վիշտ պատճառեց, սակայն միեւնոյն ատեն հպարտութեան ներշնչարան հանդիսացաւ իրերայաջորդ սերունդներու: Քեւըն Պոսնոյեան վերանորոգեց ԼԵՄ-ականներուն ուխտը` սրբազան պայքարին համար նահատակուած Մհերին կտակին հաւատարիմ մնալու, անոր նկատմամբ մնայուն յարգանք եւ մեծարանք տածելու, ԼԵՄ-ը պահելու հզօր ու ազդեցիկ, ծառայելու ժողովուրդին, ըլլալու անոր յենարանն ու նեցուկը:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուէր Մհեր Ջուլհաճեան երիտասարդ գաղափարապաշտը, ինչպէս նաեւ Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ անոր դերն ու կեանքը հայրենի հողին նուիրելու իրականութիւնը:

Օրուան պատգամախօսն էր Անի Բագրատունի, որ ողջունեց ԼԵՄ-ականներուն` մեր ապագայի ներկայացուցիչներուն նախաձեռնութիւնը կազմակերպելու նման ձեռնարկ մը, որովհետեւ ատիկա ցուցանիշ է այն իրականութեան, որ անոնք կը գիտակցին Մհերին ու մեր բոլոր նահատակներուն կատարած սուրբ գործին, կ՛ուզեն հաղորդուիլ անոնց հետ, հասարակաց կէտեր գտնել, նմանութիւններ, նոյնիսկ փորձել նոյնանալ անոնց հետ:

Ապա Անի Բագրատունի ամփոփ, սակայն շատ պատկերաւոր տողերու մէջ ներկայացուց պատանի ու երիտասարդ Մհերը, որ այդ թաղերուն մէջ ներկայութիւն եղած է, նոյն ակումբին մէջ ժողովներու մասնակցած է, իսկ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պաշտպանած է թաղերն ու ակումբը: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն մթնոլորտը, որուն մէջ ապրած եւ հասակ նետած էր Մհեր` սասունցի ընտանիքին զաւակը, «Սասունցի Դաւիթի հօր` Առիւծ Մհերի կամ անոր թոռան` Փոքր Մհերի անունով կնքուածը», որ դաստիարակուած է ՀՅԴ-ի պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական շարքերուն մէջ, ապա լծուած է պատանիներու դաստիարակութեան` իբրեւ վարիչ:

«Կեանքը սիրող, ապագայի հետաքրքրական ծրագիրներով այս երիտասարդը Հայաստանը ընտրեց իբրեւ իր նպատակներու իրագործման վայր, հայրենիքը կ՛եռար. մէկ կողմէն երկրաշարժին գործած աւերը, միւս կողմէ Ղարաբաղ-Արցախը Հայաստանին վերադարձնելու պահանջքով փողոց իջած միլիոնի կանչը եւ մանաւանդ ՀՅԴ-ի «Դէպի Երկիր» կոչը անտարբեր պիտի չձգէին Մհերը, եւ անպայման պիտի ընդառաջէր անոնց: Մէկ կողմէն ուսանող, միւս կողմէն դաշնակցական գործիչ, նոյն ատեն ռազմական սարք մը ստեղծելու փորձ: Ա՛յս էր Մհերը, կեանքով եւ ապագայի հեռանկարներով լեցուն այդ երիտասարդը», ըսաւ Ա. Բագրատունի` հաստատելով, որ Հայաստան գտնուիլ եւ Արցախ չերթալը անկարելի բան էր նման անձնաւորութեան մը համար: «Երանի՜ Արցախ երթար եւ ողջ վերադառնար, երանի՜ Արցախ երթար եւ հոն հաստատուէր, երանի՜ Արցախ երթար եւ ապրէր, ծառայէր, ստեղծէր, դաստիարակէր, երանի՜®», ըսաւ բանախօսը` դիտել տալով, որ հաւանաբար մահը վերջին բանն էր, որուն մասին մտածած էր Մհեր Ջուլհաճեան` կեանքով ու ծրագիրներով լի երիտասարդը: Անոր համաձայն, թէեւ նահատակութեամբ ծնողներ զաւակ կը կորսնցնեն, ուրիշներ` գաղափարի ընկերներ, սակայն ոմանք ալ կը վերածնին անոնց ձգած աւանդով: «Ճիշդ է, Մհերին ընտանիքը զաւակ կորսնցուց, բայց հերոս մը շահեցաւ ազգը, այլեւս Մհերը եւ մեր նոր ու հին հերոսները կարելի չէ սահմանափակել ընտանիքի մը նեղ սահմաններուն մէջ: Անոնք ազգի զաւակներն են այլեւս, անոնք ազգին պարծանքն են, անոնք հայ ազգին հերոսներն են: Սիրելի՛ նահատակի ծնողներ, յարգանք ձեզի, որ մեր ազգին նուիրեցիք այսպիսի հերոսներ», ըսաւ բանախօսը:

Իր խօսքի վերջին բաժինով Անի Բագրատունի անդրադարձաւ այն ակնկալութեան, զոր Մհեր ունի ներկայ երիտասարդութենէն` դիտել տալով, որ ան պիտի ուզէր, որ իր գաղափարի ընկերները, ԼԵՄ-ականներն ու ԶՈՄ-ականները շարունակեն այն գործը, զոր ինք ակամայ կիսատ ձգած էր, պիտի փափաքէր, որ անոնք շարունակեն Հայաստանի ու Արցախի վերաբերող իր ծրագիրները, զորս չկրցաւ աւարտել` հաստատելով, որ այսօր երկու անկախ հայրենիքները կարիքն ունին մեր քրտինքին, գիտութեան, հանճարին: «Մի՛ սպասէք կանչերու, որոշեցէք երթալ, հաստատուիլ, հիմնուիլ հոն» կոչը ուղղելով երիտասարդութեան` բանախօսը դիտել տուաւ, որ սփիւռքը չի կրնար ինքնանպատակ ըլլալ, անիկա ուշ թէ կանուխ պիտի կորսուի, ուրեմն երիտասարդներուն կը մնայ իրենց ապագան սկսիլ Հայաստանի ու Արցախի մէջ` աւելցնելով սակայն, որ այնքան ատեն որ աշխարհով սփռուած հայեր ունինք, ՀՅԴ-ն անշուշտ հայապահպանման իր աշխատանքները պիտի չդադրեցնէ:

«Կեանքը ամէն տեղ պայքար է, բայց եթէ ձեր պայքարը տանիք Հայաստանի հողին վրայ, թերեւս ձեր զաւակներուն աւելի լաւ կեանք մը կ՛ապահովէք», իր խօսքը աւարտեց Անի Բագրատունի: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրապարակենք յառաջիկային):

Ապա ԼԵՄ-ականները Մհեր Ջուլհաճեանի հօր յանձնեցին յուշանուէր մը։

Ձեռնարկին ընթացքին երիտասարդները բոլոր ներկաներուն բաժնեցին սթիքըրներ` Մհեր Ջուլհաճեանի դիմանկարն ու խօսքը կրող:

Նարեկ Ճէմճէմեան ապրումով ասմունքեց, իսկ Սերոբ Յակոբեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի, մեկնաբանեց քանի մը երգ` Մհերի, մեր նահատակներուն եւ հայրենիքին նուիրուած:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան քայլերգով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել