
Յուլիս 21ի այս օրը կը խորհրդանշէ արդարահատոյց ահաբեկումը հայասպան իթթիհատական եռապետութեան գլխաւոր դէմքերէն՝ դահճապետ հռչակուած Ճեմալ փաշայի։ 95 տարի առաջ, 21 Յուլիս 1922ին, խորհրդայնացման իր սկզբնական փուլին գտնուող Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, օր¬ցերեկով ահաբեկուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Ճեմալ փաշան։ Ահաբեկումը թէեւ մաս կը կազմէր Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ…















