
Յուլիս 31ին, Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ, 76 տարեկանին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, առյաւէտ փակուեցան աչքերը բժիշկ Համօ Օհանջանեանի։ Հայ ժողովուրդը կորսնցուց միասնական իր յարգանքին եւ համաժողովրդային պաշտամունքին արժանացած մեծ առաքեալ մը, որուն շիրիմին վրայ գրուեցաւ՝ «Ապրեցաւ, ինչպէս քարոզեց»։ Հայրենի հողէն հեռու, տարագիր ու պանդուխտ, աչքը յառած Մասեաց խորհուրդին, այս աշխարհէն հեռացաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի կերտիչներէն՝…













