Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Նահատակութեան 30րդ Տարեդարձին Առիթով

Լիզպոնի Հինգ Նահատակներու Յիշատակին

0729lisbon5-b

Յուլիս 27, 1983ին ՝ Սեդօ, Սիմոն, Սագօ, Արա եւ Վաչէ հնգեակը դիմած էր ծայրայեղութեան, արմատականութեան: Հայրենիքէ եւ անոր ստեղծած գուգուրանքէն զրկուած, անոնք նուիրուեցան ազատագրութեան ու դատի ի խնդիր մղուող արդար պայքարին:

Արդարեւ Յուլիս 27, 1983ին, ժամը 11:30ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ, թրքական դեսպանատունն ու անոր կից գտնուող թուրք դեսպանին բնակարանը, թատերաբեմ դարձան անձնասպանական գործողութեան մը, որ կատարուեցաւ «Հայկական Յեղափոխական Բանակ»ին կողմէ եւ վերջ գտաւ գործողութիւնը կատարող վերոյիշեալ հնգեակին անձնասպանութեամբ, երբ անոր անդամները ռումբերով եւ ուժանակով պայթեցուցին եւ կրակի տուին դեսպանին բնակարանին մէկ յարկը, զոր գրաւած էին: Գործողութիւնը սկսաւ երբ զինեալներ, վարձուած ինքնաշարժով մը, անակնկալօրէն մուտք գործեցին թրքական դեսպանատունը եւ դեսպանին բնակարանը շրջապատող պարտէզէն ներս. չորս զինեալներ խուժեցին դէպի դեսպանատան մուտքը ու կրակ բացին հոն գտնուող պահակին վրայ: Այս վերջինը վիրաւորուեցաւ ու հակադարձեց: Նոյն ոճին դիմեց նաեւ դեսպանատան գործավարին թիկնապահը, որ նաեւ մետասաներորդ պահուն, յաջողեցաւ փակել դեսպանատան դուռը: Հոս է որ սպաննուեցաւ քոմանտոյին անդամներէն մէկը:

Յարձակող զինեալները անմիջապէս գրաւեցին նոյն շրջաբակին մէջ գտնուող դեսպանին բնակարանը, ուր կը գտնուէին դեսպանատան գործավարին՝ Օսման Օզթիւրքի կինն ու զաւակը: Դեսպանատան աղբիւրները հաւաստիացուցին որ թուրք դեսպանը ներկայիս Լիզպոն չի գտնուիր: Հեռաձայնային հադորդակցութեան մը ընթացքին, զինեալները զգուշացուցին ոստիկանութիւնը՝ որեւէ միջամտութիւնէ, սպառնալով պայթեցնել շէնքը:

Այսօր, նմանօրինակ որեւէ արարք կամ գործողութիւն կը թարգմանուի իբրեւ ոճիր, իբրեւ ծայրայեղականութիւն, իբրեւ ահաբեկչութիւն: Սակայն, հոս տեղին է նշել Լիզպոնի տղոց արարքը սովորական անձնասպանութիւն չէ ու չի° կրնար ըլլալ, ինքնանպատակ արարք չէ ու չի° կրնար ըլլալ, այլ՝ յանուն արդարութեան սրբազան զոհաբերութիւն է, գիտակցական մարտիրոսացում է:

Լիզպոնի տղաքը յաջողեցան եւ հասան իրենց նպատակին՝ Հայ դատի պայքարի ընդարձակումով, Հայաստանի վերանկախացումով: Լիզպոնը պատգամներ կը փոխանցէ ներազգային, համազգային թէ պետականութեան ամրապնդման գոյերթին մէջ, բացարձակապէս մերժելով ռազմավարական նահանջ՝ հակաթուրք պայքարին մէջ, մերժելով սկզբունքներէ շեղում, յեղափոխականմարտական համոզումներուն մէջ թուլութիւն, դասալքութիւն, կը մերժէ մարտունակ ոգիի ու մարտունակ մտածողութեան բացակայութիւն: Լիզպոնը կը մերժէ այլասերումը, քաղքենիութիւնը, յոռի բարքերն ու սովորութիւնները, յոռի երեւոյթները, որոնք կը սպաննեն ազգը, այլ կ’օրհնէ հաւաքական ու միասնական պայքարը՝ յանուն մեր ինքնուրոյն դիմագիծի գոյատեւման, յանուն մեր ազգի վերելքին ու յանուն մեր հայրենիքի բարգաւաճման ու հզօրացման:

Այսպէս 26 տարի առաջ, հնչեցին նման տեսակէտներ, կոչեր, առաջարկներ: Չէին յայտնուեր նման բաղձանքներ, տրամադրութիւններ, ինչպէս հայրենական շրջանակներու մէջ բարձրաձայնօրէն չէին արտայայտուէր Արցախի հայապատկանելիութիւնը, ազատախոհական գաղափարները, մարդկային իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը, անկախ պետականութեան ամրակայումը, «Դէպի երկիր»ը, ազատագրուած տարածքները, ՀայաստանՍփիւռք յարաբերութիւնները եւ շատ ու շատ հայրենակերտման աշխատանքները ամրագրող ծրագիրներ եւ առաջադրանքներ:

Լիզպոնի Գործողութիւնը պէտք է դիտել իրաւունքներու հետապնդման «պահանջատիրութեան բազմաճիւղ պայքարի ամբողջական պաստառին վրայ» որովհետեւ այլապէս «անիկա լիակատար արժեւորումէ ետ կը մնայ» մինչեւ իսկ կը վերածուի անձնասպանութեան դիմող հերոսներուն կեանքերուն մեղքնալու զգացումի՝ փոխան ազգային հպարտանքի աղբիւր դառնալու: Այս իմաստով «արարքէն քանի մը տարի ետք» հինգ երիտասարդներուն ժառանգ թողած շօշափելի ժառանգութիւնը՝ ձայնագրեալ ժապաւէնը յստակ ու անմնացորդ լուսաբանութիւն տուաւ շարժառիթին ու նպատակին մասին «պատասխանելով նաեւ այն հարցումներուն» թէ արդեօք անհրաժե՞շտ էր հինգ կեանք զոհաբերել՝ յայտարարուած նպատակը շեփորելու համար:

***

Գործողութիւնը սկսելէն շուրջ ժամ մը ետք, վարչապետ Մարիօ Սուարէշ ստիպողական ժողովի հրաւիրեց իր կառավարութիւնն ու զինուորական պատասխանատուները: Որոշուեցաւ գործի լծել հակաահաբեկչական «Մասնայատուկ Ուժեր»ը, որոնցմէ 170 հոգի միացան դեսպանատունը պաշարման տակ առնող ոստիկանութեան:

Կէսօրէ ետք Ժամը 1:00ի մօտ, ուժգին պայթում մը տեղի ունեցաւ դեսպանին բնակարանին մէջ, ուր ծագեցաւ մեծ հրդեհ մը:

Ակնթարթ մը ետք, ոստիկանութիւնը սեղմեց շէնքին շուրջ հաստատուած պաշարման օղակը եւ անոնցմէ երեսուն հոգի անցան ուղղակի յարձակման, ներս ցատկելով պարտէզին պատէն: Տեղի ունեցաւ կարճատեւ հրացանաձգութիւն, որմէ ետք նոր պայթումներ կրկնուեցան:

Ժամը կ.ե. 3:45ին, ոստիկանութիւնը մուտք գործեց շէնքէն ներս, ուր գտաւ ածխացած հինգ մարմիններ: Անոնցմէ չորսը կը պատկանէին քոմանտոյի անդամներուն, իսկ հինգերորդը՝ ոստիկանի մը:

Ի յայտ եկած էր թէ քոմանտօն իր մօտ ունեցած ռումբերով պայթեցուցած էր բնակարանը եւ դիմած անձնասպանութեան: Մինչ այդ ոստիկանութիւնը գտած էր վարձուած երկու ինքնաշարժներ, որոնց մէջ կային ռումբեր եւ սննդեղէն: Կ’ենթադրուէր որ քոմանտօն յարձակումը գործած էր, երկարատեւ գրաւման նպատակով:

Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը հազիւ սկսած, Փարիզի մէջ, «Հ.Յ.Բանակ»ը, լրատու գործակալութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելով, ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը:

Երեկոյեան «Հ.Յ.Բանակ»ը այս անգամ, Լիզպոնի մէջ միջազգային լրատու գործակալութեանց յղուած հաղորդագրութեամբ, վերստին կը ստանձնէր պատասխանատուութիւնը:

Լիզպոնի արարքը իր ամբողջութեան մէջ ներկայացող վերացականութեան եւ խորհրդաւորութեան ոլորտներուն մէջ մնալու կոչուած չէ: Այս արարքին արժեւորման հերթական փորձ չի կրնար անտեսել ազգայինպետական քաղաքականութեան մէջ դրսեւորուող այսօրուան իրականութիւնները, պարունակներու նոր սահմանագիծերը եւ այդ սահմաններուն մէջ կատարուող յայտարարութիւններն ու որդեգրուող քաղաքական կեցուածքները:

Այսպէս … Փորթուգալի մայրաքաղաքին մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան գրաւումն ու անոր հետեւած անձնասպանական արարքը հայութեան ուժական պայքարի նորագոյն պատմութեան մէջ կերտեց բարձրակէտ մը «որ անջնջելի հետք թողուց ո°չ միայն մեր արդարատենջութեան երթին ճամբուն» այլ նաեւ մեր իրաւունքներուն աղերսակից աշխարհի յիշողութեան մէջ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ», 23 Յուլիս, 2009


Կառավարութիւններուն, Միջազգային Հանրային Կարծիքին Եւ Մամուլին

L5-2
Հայ ժողովուրդի զաւակներն ենք մենք։

Բրտութեան դիմելու մեր որոշումը արդիւնք է թրքական պետութեան եւ անոր զօրավիգ կանգնող ուժերու կողմէ հայ ժողովուրդի արդար եւ խաղաղ պահանջները քննելու մերժումին։

Արհամարհանքն ու սինիզմը, զորս Թուրքիան եւ միջազգային հասարակութիւնը կը ցուցա-բերեն Արդարութեան եւ Միջազգային օրէնքներուն հանդէպ, մեզ աւելի եւս համոզեցին, որ մեր արդար Դատի հետապնդման համար մնացած միակ միջոցը զինեալ պայքարն է։

Տասնամեակներ շարունակ հայերը սպասեցին, որ միջազգային արդարութիւնը լուծէ Հայկական Հարցը։ Հայերը քայլարշաւներ կազմակերպեցին, ցոյցեր ըրին եւ յուշագիրներ հասցէագրեցին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ մեծ ուժերուն։

Բայց ո՛չ մէկ արդիւնք։ Շօշափելի ո՛չ մէկ արդիւնք՝ հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ հողային իրաւունքներու ճանաչման ի խնդիր։ Մեր Դատին շուրջ բարձրացուած լռութեան պատը անխորտակելի ըլլալու չափ հաստ էր։

Այժմ, Հայկական Հարցը անտարբերութեամբ դիտելու եւ զայն խաղաղ միջոցներով լուծելու մերժումին պատճառով, որոշած ենք ստիպել Թուրքիան, որ ընդունի հայ ժողովուրդին հետ բանակցիլ՝ Հայկական Հարցը լուծելու համար։

Թող թրքական պետութիւնը եւ իր դաշնակիցները մերժեն ընդունիլ Ցեղասպանութեան եւ հայկական իրաւունքներու իրականութիւնը։

Թող միջազգային հանրային կարծիքը մեզ անուանէ արկածախնդիրներ, ոճրագործներ կամ ահաբեկիչներ։

Այդ բոլորը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունին մեզի համար։

Մենք գիտենք, թէ՝ ինչ կ՛ընենք։ Գիտենք նաեւ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել ապագային։

Ազատատենչ եւ յեղափոխական հայ երիտասարդութիւնը որոշած է նոյնիսկ ակնթարթ մը դադար չտալ թշնամիին։

Մեր ժողովուրդի ինքնորոշումը ապահովող միակ միջոցը զինեալ պայքարն է։ Կորսնցուցած ենք ամէն ինչ, նոյնիսկ մեր ինքնութիւնը, սակայն, բարեբախտաբար, տակաւին կը պահենք մեր յեղափոխականութիւնը։

Մենք որոշեցինք այս շէնքը օդը հանել եւ մնալ փլատակներուն տակ։

Անձնասպանութիւն չէ այս, ոչ ալ խելագարութիւն, այլ՝ մեր զոհողութիւնը՝ ազատութեան բագինին։

Կեցցէ՛ ազատատենչ հայ ժողովուրդը։

Կեցցէ՛ Հայկական Յեղափոխութիւնը։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿ
27 Յուլիս 1983

Lisbon-Liberation


Lisbon-IHT


«Ես Կը Մեռնիմ Մայր Հողը Չտեսած. Հոգ Չէ, Ուրիշները Կը Տեսնեն…»

ՍԵԴՐԱԿ ԱՃԷՄԵԱՆ

setragajemian1Ծնած է Պէյրութ Մարտ 1962ին։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Հայաշէնի Հայ Աւետ. վարժարանին մէջ, իսկ միջնակարգ ուսումը՝ Էշրեֆիէի Հայ Աւետ. կեդր. բարձր. վարժարանին մէջ։ Կը մտնէ արհեստից վարժարան եւ կը մասնագիտանայ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի նորոգութեանց մէջ, ստանալով համապատասխան վկայական։ Նախաձեռնելով անձնական գործի՝ կ՛ունենայ իր սեփական վաճառատունը։

Իր ազգային կրթութեան առաջին օճախը կը հանդիսանայ իր տունը, իսկ հայրը՝ առաջին դաստիարակը։ Հայրը իր զաւակներուն միշտ կը պատմէ հայ-թուրք հակամարտութեանց, Հայկական Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեանց մասին։ Սեդրակի մօրը մեծ հայրն ալ զոհը դարձած է թրքական եաթաղանին, իրենց տան պատէն կախուած անոր նկարը աւելիով կը հրահրէ արդէն իսկ ալեկոծ Սեդրակին սիրտը։ Յաճախ իր մտածումներն ու մտահոգութիւնները կը պահէ իր շուրջիններէն։ Մասնաւոր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր երաժշտութեան եւ մասնաւորաբար յեղափոխական երգերու նկատմամբ, որոնց մէջ թերեւս կը տեսնէր իր երազներու իրականացումը։

Ընկերային ու կատակասէր այս տղան, իր տան մէջ յաճախ կ՛արտայայտուէր Հայ Դատի պայքարի մասին եւ կը շեշտէր հայ երիտասարդութեան պարտաւորութիւնները մեր դատի իրագործման ի խնդիր։ Բայց ոչ մէկ անգամ նուազագոյն կասկածը կ՛արթնցնէր, թէ կրնայ այսպիսի Սրբազան Գործի մը մէջ դերակատար դառնալ։

Իտէալն էր Հայ Դատի մարտիկ դառնալը։

Վերջին անգամ, տունը կը ձգէ 17 Յուլիս 1983ին, Լիբանանի գիւղերէն մէկը բանակումի երթալու պատճառաբանութեամբ։

Սեդրակի հայրը՝ Օննիկ Աճէմեանը կ՛ըսէ.

«Սեդրակ իր արհեստը շատ կը սիրէր։ Արհեստից վարժարանէն համապատասխան վկայական ստացած էր եւ եղբօրը հետ պզտիկ խանութ մը բացած էր։ Բայց իրեն համար գործը միշտ երկրորդական էր, մնայուն կերպով մտահոգութիւն ունէր ազգին ծառայելու։ Ազգային հարցերէն անդին ամէն ինչ երկրորդական էր իրեն համար։ Այսպէս էր Սեդրակը։ Իր կեանքի ամէն մէկ վայրկեանը իր ազգով հետաքրքրուած էր եւ գիտակցաբար իր ապագան զոհեց յանուն հայութեան։ Սեդրակը իր այս ազգային գիտակցութեամբ կը յատկանշուէր։ Իր մէջ բնածին էր այդ կէտը, եթէ մարդ այդ մէկը չունի իր մէջ, որքան ալ փորձես սորվեցնել իրեն, զինք մղել գիտակցելու, ապարդիւն կ՛ըլլայ, որովհետեւ եթէ մարդ համոզուած չըլլայ, ան երբեք իր հաճոյքն ու հանգիստը չի զոհեր դատի մը ի խնդիր։

Նահատակուելէն ժամանակ մը առաջ, ան մօրը ըսած էր, որ Էշրեֆիէ պիտի մնայ՝ բարեկամի մը մօտ։ Աւելի ուշ եկաւ ինծի ըսաւ, որ ստած է մօրը, որովհետեւ ինք խորքին մէջ Այնճար պիտի երթայ երկու ամսուան համար։ Իրեն ըսի. «Դուն խանութ ունիս, գործեր ունիս, ինչպէ՞ս երկու ամիս պիտի բացակայիս, ուրիշ մէկը չի՞ կրնար երթալ»։ Քանի մը օր ետք կրկին այս նիւթը արծարծուեցաւ, այս անգամ ան ըսաւ, որ ծրագիրը փոխուած է եւ միայն 15 օրուան համար պիտի մեկնի։ Այսպիսով ես ալ համոզուեցայ, որ Այնճար պիտի երթայ տասնհինգ օրուան համար։
Մեկնելէն շուրջ շաբաթ մը առաջ, ժրաջան աշխատանքի լծուած էր, կային կախեալ գործեր, որոնք իրենց աւարտին պէտք է հասնէին։ Կարիք ունէր քանի մը գործիքներու եւ կտորներու, միասին արեւմտեան կողմ (Ղարպիյէ) գացինք, որպէսզի պէտք եղած գնումները կատարէ։ Ճամբուն վրայ պզտիկ ճիփ մը կեցած էր։ «Վաղը», ըսի, «երբ Այնճար երթաս ու վերադառնաս, քեզի մէկ հատ ճիփ պիտի առնեմ»։ «Ես ինքնաշարժ չեմ ուզեր հայրս, եղբօրս ա՛ռ», ըսաւ։ Ես բնաւ չանդրադարձայ ի՛նչ նպատակով այս մէկը ըսաւ։ Եւ այդ ժամանակաշրջանին միշտ զբաղած վիճակի մէջ էր, շատ արագ կու գար եւ կ՛երթար, առանց բառ մը իսկ խօսելու, «կ՛երթամ» կ՛ըսէր եւ կը հեռանար տունէն։ «Տղաս», կ՛ըսէի, «քիչ մը կեցիր, քանի մը բառ խօսինք քեզի հետ, ո՞ւր պիտի երթաս»։ «Չեմ կրնար հայրս, գործ ունիմ», կ՛ըլլար անոր պատասխանը։ Այսպէս եղած է Սեդրակ։ Կը զարմանայի, որ տունը մնալ չէր ուզեր, միշտ պիտի երթար, ընելիքներ ունէր, միշտ զբաղած էր, միշտ յեղափոխական երգեր մտիկ կ՛ընէր։ Կը զգայինք, որ որոշ չափով ազգամոլութիւն կար անոր մօտ։

Գացած օրը՝ Կիրակի, նստած էին խանութս, երբ նշմարեցի, որ դիմացի դաշտէն երկու-երեք տղաք դուրս եկան, անոնց մէջ էր նաեւ Սեդրակը։ Աւելի ուշ քահանան ինծի ըսաւ, որ այդ օր եկեղեցի երթալով հաղորդութիւն ստացած էին։ Ձեռքերս կը լուայի, երբ խանութ մտաւ։

– Պապա՛, ես կը մեկնիմ,- ըսաւ։

– Ո՞ւր,- հարց տուի։

– Ըսի չէ՞,- ըսաւ,- քանի մը օրով Այնճար պիտի երթամ։

– Գնա՛ տղաս, Աստուած հետդ ըլլայ, – մաղթեցի։

Համբուրեց զիս, ես ալ իմ կարգիս համբուրեցի զինք։ Բաժանումը ժամանակաւոր էր ինծի համար, չէի գիտեր, որ վերջնական պիտի ըլլար եւ արդէն ամբողջովին պիտի մեկնէր։ Դուրս ելաւ խանութէն, քանի մը քայլ հազիւ նետած կրկին վերադարձաւ եւ քովս մօտեցաւ։ Խաչը հանեց վիզէն եւ իմ վիզս անցուց։ «Ինչո՞ւ խաչդ կը հանես», հարցուցի։ Ըսաւ, «թէ հոն պիտի վազէին ու ցատկռտէին եւ խաչը կրնար կորսուիլ»։ «Քովդ թող մնայ», ըսաւ ու մեկնեցաւ եւ ատիկա եղաւ վերջին մեկնումը։

Վերջաւորութեան կ՛ըսեմ, որ Սեդրակը այլեւս միայն իմ զաւակս չէ, ճիշդ է, որ մենք ծնանք զինք, բայց ան համայն հայութեան համար նահատակուեցաւ եւ դարձաւ համայն հայութեան զաւակը։ Բայց երանի ամէն մարդ այսպէս հասկնայ եւ ասոր գիտակցի։ Համայն ազգի մը վիզին պարտքն է, որ այս տղաքը անմահանան եւ անոնց յիշատակը միշտ վառ մնայ։

Ամօ՛թ ձեզի, եթէ ձեր զաւակը մոռացութեան մէջ թաղէք»։

ՍԵԴՐԱԿԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ

(..) Մենք բարի խենթեր ենք։ Բարի խենթ կայ, չար խենթ կայ։ Մենք ազգին սիրով խենթ ենք։ Մենք ոճրագործներ չենք, (…) որովհետեւ «ՀՅ Բանակ»ը ոճրագործ չէ, այլ իր արդար պահանջները կ՛ուզէ։ (…) Ես կ՛ուզեմ երիտասարդութեան ըսել, թէ երբեք թող չխրտչին, ինչքան ալ թուրքը զօրաւոր ըլլայ մեզմէ, աւելի նոր զէնքերով կամ նոր դիւանագիտութեամբ։ Երբեք մի՛ խաբուիք։ Դո՛ւք ձեր սրտերը զօրաւոր պահեցէք։ Դո՛ւք ձեր կամքին տէր եղէք։

(…) Մենք առաջինները չենք, որ կը քալենք։ Մեզմէ առաջ շատեր քալած են եւ կը յուսամ, որ մեզմէ աւելի լաւերն ալ պիտի գան, մեզմէ աւելի գործեր ալ պիտի ընեն։ Ես շատ ուրախ եմ եւ շատ լաւ կը հաւատամ, որ այդ մէկը պիտի ըլլայ։ (…) Պիտի ըսեմ, որ մենք այս պայքարին մէջ այսքան տարի է բաւական նեղութեան մէջ ենք, բայց գոնէ մեր գլուխները վեր են։ Երբե՛ք ոչ ծունկի եկած ենք, ոչ ալ մեր գլուխները կախ եղած են։ Մենք մեռած ենք մեր գլուխները վեր։ Մենք այսպիսով պիտի մեռնինք, մենք այս գործին կը հաւատանք։ Այս մէկը յաջող պիտի ըլլայ եւ ասիկա Թուրքիոյ գանկը պիտի փշրէ։ Ասիկա պիտի ըլլայ նախաքայլը։ Մենք այս ճամբուն մէջ դեռ շատ կը քալենք։ (…)

Կ՛ուզեմ ըսել, թէ մեզմէ վերջ եկողները՝ մեզի սիրողները եթէ պիտի գան, մեր սիրոյն թող չգան (…), ազգին սիրոյն թող գան։ Մենք բան մը չենք, ազգէն քանի մը հոգիներ ենք։ Հոն ազգ մը սէր կ՛ուզէ, զոհողութիւն կ՛ուզէ։ Այնպէս որ աւելի հեռու թող մտածեն։

(…) Ասկէ առաջ «ՀՅ Բանակ»ը որեւէ փորձ տարած չէ։ Բայց անխնայ պիտի հարուածենք։ (…) Ասկէ ետք շատ բան պիտի փոխուի իրեն հետ։ (…) Պիտի չձգենք, որ հայու անունը աւրուի, կամ ըսուի, թէ հայը վախկոտ եղած է եւ կամ գործերը արդար պայմաններով չի տանիր։

Կ՛ուզեմ ըսել երիտասարդութեան, թէ մենք այսօր կանք, վաղը չկանք։ Այս ճամբէն, յուսամ, շատ ընկերներ պիտի քալեն եւ այս գործէն վերջ, ես վստահ եմ, հայութեան կեանքը պիտի փոխուի։ Ես այդ մէկուն կը հաւատամ։

Ես եւ ընկերներս մէկ հատիկներ չենք, որ հոս եկած ենք։ Մենք մեզի չենք գովեր։ Մեզմէ շատ աւելի լաւերն ալ կան կրնայ ըլլալ, որ մենք որոշ տկարութիւններ ունինք, բայց յուսամ, որ մեզմէ աւելի լաւերը կ՛ելլեն։ Եւ եթէ մենք սխալներ գործենք, իրենք իրենց գործերուն մէջ թող ճշդեն, ինչպէս մենք որոշ չափով կը շտկենք 1896ին եղած գործողութիւնը։ Այդ յանձնուիլը երբեք պիտի չըլլայ. հանած ենք մեր միտքէն։ Մենք, հոն, միայն մահ կը տեսնենք, ուրիշ բան չենք տեսներ։ (…) Շատ տանջուեցանք, այնպէս որ կը խնդրեմ մեր ընտանիքներէն, որ մեզի իրենք ալ օգնեն։ (…) Ես շատ հպարտ եմ, որ կ՛երթամ, որովհետեւ կ՛երթամ սուրբ գաղափարին, որուն մենք կը հաւատանք։ Ես կը մեռնիմ մայր հողը չտեսած. հոգ չէ, ուրիշները կը տեսնեն։ Ինչպէս «Ձորի Միրօ» ֆիլմին մէջ հայրը կ՛ըսէ, իր զաւակը ռուսական զինուորագրութեան երթալէ վերջ. «Մայր հողը չտեսաւ»։

(…) Բարեւներս բոլորին։ Կ՛ուզեմ Աստուծմէ համբերութիւն տայ մօրս։ Կ՛ուզեմ, որ երբեք չնեղուի։ Թող ուրախ, հպարտ ըլլայ, որ այսպիսի զաւակներ ունեցած ենք։ Ասկէ ետք եթէ իրենց հետ ֆիզիքապէս ներկայ պիտի չըլլանք, մեր հոգիները ներկայ պիտի ըլլան։

(…) Յաջողութիւն գալիք պայքարին։

Վստահ ենք, որ մեր ուզածները պիտի չտան (…), բայց մենք՝ հայերս, մէկ անգամ կ՛իյնանք, ինչպէս օրինակ եղաւ Պանք Օթոմանը 1896ին։
Փորձեցին դիւանագիտօրէն մօտենալ յարձակողներուն. անոնք (դրամատուները գրաւողները) բանտերը նետուեցան եւ աքսորուեցան։ Այս պարագային մենք միտքերնէս հանած ենք նոյնիսկ յանձնուիլը։ Մենք գիտենք, որ մահ կամ ազատութիւն է։ Բայց այս պարագային մահ է, ազատութիւն չկայ։ Ազատութիւն կ՛ըլլայ, երբ որ մեր ուզածները տան։ Եթէ չտրուին, մենք չկանք ալ։ Մենք այս բոլորը աչքերնիս առած ենք եւ մեր ձեռքերը սրտերնիս վրայ են։ Անկէ ետք Աստուծոյ ձգուած բան մըն է։ Մեր նպատակները յստակ են։ Մեր արդար իրաւունքները՝ մեր հողերը։ Մենք կ՛ուզենք, որ ամբողջ աշխարհը իմանայ, թէ հայը իրաւունքներ ունի։


Պզտիկ Եւ Մեծ Գործեր Չկան, Այլ՝ Լաւ Եւ Գէշ Գործեր…

ՍԻՄՈՆ ԵԱՀՆԷԵԱՆ

simon1Լռակեաց, համեստ, ծառայասէր եւ ընկերային այս տղան ծնած է Պէյրութ, 1 Մարտ 1962ին, հայեցի եւ գաղափարական մթնոլորտով ընտանիքի մը մէջ, ուր կը ստանայ ազգային իր առաջին դաստիարակութիւնը։

Մէկ տարի կը յաճախէ Ազգային Կիլիկեան վարժարանը, ապա ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Այնճար, ուր կը յաճախէ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճը, ուր կը մնայ մինչեւ 8րդ դասարան։ Ընտանիքին հետ Պէյրութ վերադարձէն ետք կը յաճախէ նախ Ազգային Ս. Խանամիրեան, ապա՝ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճները, ուր կը մնայ մինչեւ 10րդ դասարան։

Ուսումը ձգելէն ետք կը հետեւի արհեստի եւ կը սորվի ինքնաշարժի մեքենաներու նորոգութիւն։

Նկարագիրով լռակեաց ու պարզ, ան միշտ գուրգուրոտ եղած է իր շրջապատին նկատմամբ, մասնաւորաբար՝ իր ընտանիքին հանդէպ։ Ան շատ կը սիրէր մանուկները եւ անոնց հետ կը զբաղէր իր ազատ ժամերուն։ Անոնց կը սորվեցնէր յեղափոխական երգեր, բացատրելով անոնց հետ կապուած դէպքերու պատմութիւնը։

Մանկութենէն սիրած էր զէնքը։ Իսկ պատանեկան տարիքին արդէն իսկ կը յայտարարէր, թէ «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»…
Կը սիրէր նուագել իր սրինգը, որ իր անբաժան ընկերն էր։

Վերջին տարիներուն կը սկսի տունէն յաճախ բացակայելու։ Այս բացակայութիւնները երբեմն կը պատահին երկար ժամանակի վրայ։ Միշտ կ՛ըսէր, որ իր ընկերներուն հետ կ՛անցընէ այդ ժամերը։

Վերջին շրջանին, սակայն, փոփոխութիւն կը կրէ անոր նկարագիրը, ան աւելի եւս գուրգուրոտ կը դառնայ եւ 16 Յուլիս 1983ին, նախքան տունէն մեկնիլը, կը սպասէ ընտանիքի բոլոր անդամներուն տուն վերադարձին եւ, դարձեալ, ինչպէս նախորդ օրերուն, տունէն կը մեկնի եւ այլեւս ընտանիքը ոչ մէկ տեղեկութիւն կը ստանայ Սիմոնէն, մինչեւ Հինգշաբթի, 28 Յուլիսը, երբ թերթերէն կը տեղեկանայ անոր նահատակութեան լուրը։

Սիմոնի քոյրը՝ Մարալը, կը պատմէ.

«Անհատի մը հիմնական դաստիարակութիւնը կու գայ ընտանիքէն։ Մեր նկարագիրը կազմուած է մեր ծնողներուն պատմութիւններով ու անոնց տուած դաստիարակութեամբ։ Մեծ հայրս եւ իր ընտանիքը Ատանայէն գաղթած են Լիբանան։ Պայմաններու բերումով մեր ընտանիքէն մաս մը հաստատուած է Իրան։ Բոլորն ալ եղած են ազգասէր եւ իրենց պապենական հողերուն կառչած։ Երբ մեծ հօրս հօրեղբօր տղան, որ Իրան կը բնակէր, արդէն մահուան անկողինին մէջ կը գտնուէր, ան լուր կ՛ուղարկէ հօրս՝ յայտնելով, որ կարեւոր պատճառի մը համար զինք կ՛ուզէ տեսնել։ Այդ օրերուն ճամբորդութիւնը բաւական դժուար էր, ճամբան երկար էր ու յոգնեցուցիչ, բայց եւ այնպէս անոր այս խնդրանքը շատ կարեւոր ըլլալու էր, որ ան մեծ հայրս ուզած էր։ Երբ հասած է Իրան, մեծ հայրս իր հօրեղբօրորդին գտած է մահամերձ վիճակի մէջ։ Վերջինը ստացած էր Եռագոյնին կցուած փոքր զինանշան մը, որմէ միայն 18 օրինակ կար, եւ որ տրուած էր 1918ի անկախութեան ընթացքին 18 իրագործումներ կատարողներու։ Մեծ հօրս հօրեղբօրորդին այդ օրերուն զինամթերքի պատասխանատու եղած էր եւ այդ 18 զինանշաններէն մէկը իրեն տրուած էր իր կատարած աշխատանքներուն համար։
Հակառակ անոր, որ ան շատ լաւ ու սիրելի զաւակներ ունէր, այս մէկը կրնամ հաստատել անոնց հետ իմ ունեցած անձնական յարաբերութիւններէս մեկնելով, բայց եւ այնպէս ան զինանշանը արժանի տեսաւ անոնցմէ ոչ մէկուն, ուստի իբրեւ ժառանգ զայն ուզեց յանձնել մեծ հօրս՝ ըսելով. «Եահնէեան ընտանիքի անդամներէն իբրեւ հայ արժանիին պէտք է փոխանցուի այս զինանշանը»։ Մեծ հայրս իր կարգին զինանշանը յանձնեց հօրս։ Լիզպոնի գործողութենէն անկախ, մենք գիտէինք, որ Սիմոնը ամէնէն աւելի արժանին էր զինանշանին եւ ի՛նքն է, որ պիտի ժառանգէր զայն։ Անոր հայրենասիրութիւնը եւ ազգին նկատմամբ մեծ նուիրումը ամէն ինչ կը գերազանցէին եւ շատ յստակ ու պարզ կ՛երեւէին։ Ան շատ մեծ հաւատք ունէր։ Հայ ըլլալը իրեն համար մեծ նշանակութիւն ունէր եւ ամէն ինչ էր։ Եւ ա՛յս է, որ այսօր կը բացակայի մեր միջավայրին մէջ։
Կը յիշեմ պատերազմի օրեր էին եւ մեր տան ճիշդ դիմացը կար տեղացի խանութպան մը։ Անդին՝ երկու թաղ հեռու, կար այլ հայ խանութպան մը։ Այդ կրակոցին եւ ռմբակոծումներուն տակ Սիմոն կը մերժէր հայուն քովէն չգնել։ Մայրիկս ծրար մը հաց գնած կ՛ըլլար դիմացի խանութպանէն, Սիմոն հարց կը ստեղծէր՝ ըսելով, որ պէտք է գնում ընել միայն հայէն։

Այսպէս էր Սիմոն, այս էր իր տրամաբանութիւնը, ի՛նչ ալ ըլլային պայմանները, իր այս մօտեցումէն դուրս ամէն բան անտրամաբանական կը թուէր իրեն։

Ան նաեւ ծայրայեղ էր թուրքին դէմ, բացարձակապէս կը մերժէր թրքերէն լեզուի գործածութիւնը, թրքական արտադրութիւնները գնելը, եւ այլն։ Սիմոնին օրերուն ա՛լ անտարբերներ կային, միշտ ալ եղած են անոնք, բայց եւ այնպէս, պէտք է միշտ ողջ պահենք մեր ազգային գիտակցութիւնը։ Սիմոն եւս երիտասարդ էր, հաճոյքը կը սիրէր, կեանքը կը սիրէր, ապրիլ կը սիրէր, բայց երբ հարցը վերաբերէր հայութեան, գաղութին եւ ազգային լուրջ խնդիրներու, ան այդ տարիքէն իսկ գիտէր պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ արդէն կազմուած նկարագիրի տէր անձ մը ըլլալ։

Կ՛ուզեմ Սիմոնին առնչուած այլ տարօրինակ դէպք մը եւս պատմել։ Երբ փոքր էինք, օր մը միասնաբար նստած ծիծաղելի ոճով կը զրուցէինք եւ նոյն ատեն մեր ձայները կ՛արձանագրէինք։ Օր մը յանկարծ սկսաւ տարօրինակ հարցումներ ուղղել ինծի՝ հայոց պատմութեան, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին։ Ես կը փորձէի նիւթը փոխել, սակայն ինք կը շարունակէր, իսկ վերջաւորութեան ըսաւ, որ այս ժապաւէնը 2002 թուականին անգամ մը եւս պիտի լսես։ Այս ժապաւէնը 80ական թուականներուն սկիզբը արձանագրած էինք։ Ատկէ ետք մենք նոյնիսկ մոռցեր էինք նման ժապաւէնի մը գոյութիւնը։ Շատ տարօրինակ ձեւով 2002 թուականին այդ ժապաւէնը գտայ եւ մտիկ ըրի։ Արդեօք պարզ զուգադիպութիւն մըն է, թէ իսկապէս ան գիտեր այս բոլորը։

Պատերազմի եւ պահակութեան օրերուն, երբ մայրս յաճախ կը մտահոգուէր եւ կը զգուշացնէր զինք՝ խնդրելով, որ ուշադիր ըլլայ, Սիմոնի դէմքին վրայ շատ տարօրինակ քմծիծաղ մը կ՛ուրուագծուէր եւ ան հարց կու տար. «Մամա՛, կը կարծե՞ս, որ հոս եւ այս կապարներով կրնամ մեռնիլ ես։ Եթէ պիտի մեռնիմ, այլ ձեւով պիտի մեռնիմ»։ Ո՛վ կը խօսեցնէր անոր, չեմ գիտէր։

Ան նաեւ ունէր շատ հռչակաւոր խօսք մը։ Թէեւ պատերազմի ատեն, մեր գերդաստանի բոլոր անդամները գաղթեցին Լիբանանէն, մենք հոս մնացինք։ Ամէն անգամ, որ այլ երկիր ճամբորդելու կամ փոխադրուելու մասին խօսուէր, Սիմոն միշտ նոյն խօսքը կը կրկնէր. «Ես ոտք կը դնեմ միայն այն օդանաւին մէջ, որ Հայաստան կը տանի ինծի»։ Ես՝ իբրեւ իր քոյրը, կը ցաւիմ, որ Սիմոն չկրցաւ այդ մէկը իրականացնել։ Լիզպոն կամ ոչ Լիզպոն, Սիմոնին միակ փափաքն էր Հայաստան վերադառնալ։ Կը զարմանամ, որ ինչպէ՛ս ոտքը դրաւ այլ օդանաւի մը վրայ, որ զինք Հայաստան չէր տաներ, մանաւանդ որ ան իր սկզբունքները երբեք չէր խախտեր եւ միշտ խօսքը գործի վերածած է։

Արդեօք ինչո՞ւ չսպասեց, որ Հայաստան տանող այդ օդանաւը տանէր զինք։

ՍԻՄՈՆԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ

Այս գործողութեամբ հարիւր առ հարիւր գիտենք ինչ է կամ ինչ պիտի ըլլայ։ Ասկէ անդին մենք միշտ հայ ենք եւ իրենք ալ թող գիտնան, որ հայերը շատ քաջ կ՛ըլլան։ Մեր նպատակին պիտի հասնինք։

Եթէ այն ժամանակը ստեղծեց ֆէտայիներ, այսօր եւս ժամանակը պիտի գայ եւ ստեղծէ ուրիշ ֆէտայիներ։

***

Մեր ծնողներուն, մեր երիտասարդութեան իսկապէս որ շատ ըսելիքներ ունինք։ Կրնայ ըլլալ, որ ժամերով խօսինք եւ չվերջանայ։ Նախ շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, որովհետեւ հայ պիտի մեռնիմ։ Շատ ուրախ եմ այս գործողութեամբ։ (…) Հիմա մեր ապրած կեանքը իսկապէս որ կեանքէ զատ ամէն ինչի կը նմանի։ Կ՛ապրինք ուրիշին տիրապետութեան տակ. ուրիշին խամաճիկներն ենք։ (…)

Երիտասարդութեան կ՛ուզեմ ըսել, թէ նախ շատ անտարբեր են։ Երկրորդ՝ իրենց նուազագոյն աջակցութիւնը կամ քաջալերանքը չեն բերեր։ (…) Մենք ալ իսկապէս երիտասարդներ ենք։ Մենք ալ կը զգանք ամէն ինչ որ իրենք կ՛ընեն եւ մենք ալ կը տեսնենք աշխարհի բարիքները, բայց կ՛ուզենք, որ մեզմէ ետք եկողները վայելեն այս բարիքները, որովհետեւ այս ձեւով պիտի չկրնանք հասնիլ բաղձալի ապագային եւ պիտի ձուլուինք ուրիշներու մէջ։ Իսկ գիտակից մեր երիտասարդութեան մասին կ՛ուզեմ ըսել, թէ շատեր կը մտածեն, կ՛ըսեն, թէ ամէն ինչ կ՛ընեն եւ հիմնական գաղափարներէն երբեք չեն շեղիր։ Բայց ես ամբողջովին հակառակ եմ ասոր, որովհետեւ գործով չէ, որ կը փաստեն։ Միայն խօսքով է, որ ատիկա կ՛ըսեն։ Երբ գործի կարգը գայ բան չեն ըներ։ Ես պիտի ըսէի, թէ իրենց լաւագոյնը ընեն, որովհետեւ գործ չի պակսիր։ Պզտիկ եւ մեծ գործեր չկան, այլ՝ լաւ եւ գէշ գործեր։ Ես կը հաւատամ, որ մերը լաւ գործ է։


Ժամանակը Չի Գար, Երբ Որ Չմօտեցնենք Մեզի

ԱՐԱ ՔԸՐԸՃԵԱՆի կենսագրականը

ara1«Քանի որ հայ ծնած եմ, ժամանակ չունիմ անհատական կեանքիս մասին մտածելու։ Եթէ Դատ ունեցող ժողովուրդի մը զաւակ չըլլայի, այդ պարագային կը մտածէի վայելքներու մասին»։

Այս խօսքն էր, որ Արա միշտ կը կրկնէր եւ այս ճամբուն վրայ ալ ան արհամարհեց ամէն ինչ, մինչեւ իսկ՝ կեանքը։ Եղաւ Հայ Դատի զինուոր, գիտակցաբար կեանքը զոհելով իր միակ ձգտումին՝ Հայ Դատի լուծման։

Ծնած է 8 Յունիս 1963ին, Պէյրութ։ Նախ կը յաճախէ Ազգային Մարտիկեան վարժարանի մանկապարտէզը եւ ապա՝ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլէճ, որուն ընթացքը չի կրնար աւարտել՝ հօրը մահուան պատճառով։ 1978ին, տակաւին 8րդ դասարանի աշակերտ, հօրը մահէն ետք տան ապրուստը հոգալու համար, կը ձգէ դպրոցը եւ կը դիմէ արհեստի եւ կը սորվի ոսկերչութիւն։

Տան պատասխանատուութիւնը, սակայն, անոր մոռցնել չի տար Հայ Դատի հանդէպ իր ունեցած պատասխանատուութիւնները եւ պարտաւորութիւնները։ Այս պատճառով ալ ան կ՛ապրի ժուժկալ կեանք մը։

Ազգային իր գիտակցութեան ներշնչման աղբիւրը եւ մղիչ ուժը կ՛ըլլայ իր մայրը, որ իրեն միշտ կը պատմէ հայ ժողովուրդի տառապանքներուն մասին՝ թրքական եաթաղանին տակ։

Արա շատ կը սիրէր փոքրերը։ Իր շուրջ կը հաւաքէր զանոնք եւ կը պատմէր անոնց հայերուն կրած տառապանքներուն մասին։ Անոնց մէջ եւս կ՛արթնցնէր ազգին սէրը։ Իր այս վարմունքին պատճառով մանուկները եւ պատանիները շատ կը սիրէին զինք եւ միշտ կը փնտռէին անոր ներկայութիւնը։
Մարզասէր էր Արա։ Կը սիրէր լողալ եւ չմշկել։ Կը սիրէր նաեւ երաժշտութիւնը։ Յաճախ տունէն կը բացակայէր եւ մասնաւոր բացատրութիւն չէր տար այդ մասին։

Վերջին օրերուն ան մօրը կ՛ըսէ, թէ պտոյտի համար կ՛ուզէ Յունաստան մեկնիլ, սակայն մայրը կ՛ընդդիմանայ։ Քանի մը օր ետք, Արան, կ՛ըսէ, թէ ընկերներով բանակումի պիտի երթան գիւղերը, եւ այդ պատրուակով կը մեկնի տունէն, 22 Յուլիս 1983ին։

***

Արային եղբայրը՝ Պարէթ Քըրճըլեան կ՛ըսէ.

«Ամէն մարդ իր ուրոյն ոճը ունի կեանքը դիտելու։ Այս հինգ տղաքը ֆէտայական կերպով դիտեցին կեանքը։ Ֆէտայիներուն աչքերով տեսան ամէն ինչ եւ այդ ճամբան ընտրեցին»:

Հօրս մահէն ետք, նիւթական անցուկ կացութեան մէջ էինք։ Արան եւ ես մեր փոքր տարիքէն գործի ասպարէզ նետուեցանք։ Ինք ալ արհեստը սորվեցաւ։ Ոսկերիչ էր։ Լաւ արհեստաւոր էր, լաւ գործ կը տանէր, բաւական լաւ ալ դրամ սկսած էր շահելու։ Բայց այս բոլորը իրեն համար երկրորդական էին։ Արհեստը, դրամը կամ որեւէ այլ նիւթական երեւոյթ անոր կեանքին մէջ ոչ մէկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէին։ Ան իր համոզումները ունէր, իրեն յատուկ նայուածքը ունէր կեանքին։ Տարբեր դիտանկիւնէ կը նայէր կեանքին եւ իր տարբեր նպատակները ունէր։ Ես կը հաւատամ, որ ինք արդէն հասած է իր նպատակին։

Ամէն մարդ իր ուրոյն ոճը ունի կեանքը դիտելու։ Այս հինգ տղաքը ֆէտայական կերպով դիտեցին կեանքը։ Ֆէտայիներուն աչքերով տեսան ամէն ինչ եւ այդ ճամբան ընտրեցին։ Արա նոյնիսկ իր սեփական ընտանիքը երկրորդական նկատեց։ Արան իր ընտանիքին՝ մեզի համար չգնաց։ Ինք իր ազգին համար գնաց նահատակութեան ճամբով, այլապէս, եթէ մեզի համար ըլլար, ան պիտի չընէր այդ գործողութիւնը։ Ինքը գնաց իր համոզումներուն համար, իր նպատակները իրականացնելու համար։

Աղջնակս, որ հիմա քիչ մը մեծցած է արդէն, ինծի յաճախ հարց կու տայ. «Ինչո՞ւ իմ հօրեղբայրս մեզի հետ չէ». կը պատասխանեմ, որ ան մեզի հետ չէ, որովհետեւ «քու հօրեղբայրդ նախընտրեց բոլոր հայերուն հօրեղբայրը ըլլալ, եւ, դժբախտաբար, այդ մէկը նաեւ քու հաշուոյդ եղաւ։

Անհաւատալի կերպով, Արան դպրոցական տարիներուն հայերէն լեզուի մէջ միշտ ձախող նիշ կը բերէր։ Հակառակ այդքան հայութեան կապուած ըլլալուն, հայասիրութեան, փաստօրէն հայութեան համար նահատակուելուն, հայերէն լեզուի պարտականութիւնները չէր պատրաստեր։ Բայց ծոյլ տղայ չէր ան։ Մանաւանդ երբ գործի սկսաւ, փաստեց, որ ատակ է իրեն վստահուածը լիուլի ընելու։ Ան իր գործերը կ՛ամբողջացնէր
եւ ակումբ կ՛երթար։ Սակայն եթէ իր գործի ժամերէն ետք առիթ ունենար յաւելեալ աշխատելու՝ յաւելեալ դրամ ապահովելու ակնկալութեամբ, միշտ կը նախընտրէր ակումբ երթալ, եթէ նոյն ժամերուն հոն իրեն պարտականութիւն մը տրուած ըլլար։ Անոր համար ազգին ծառայելը միշտ գերադաս էր ամէն ինչէ։

Ան նաեւ հեզ տղայ մըն էր։ Անտեղի եւ աւելորդ չէր խօսեր։ Արան թէեւ կարողութիւն ունէր ինքնիր անձը ֆիզիքապէս պաշտպանելու, սակայն իր ունեցած այդ սեւ գօտին եւ իր կարողութիւնները իր Դատին կը ծառայեցնէր։ Ընդհանրապէս կը խուսափէր կռիւներէ։ Ի վերջոյ Արան պարզ երիտասարդ մըն էր, ընկերուհի ալ ունէր, դրամ ծախսել ալ գիտէր, ինքզինքին հոգ տանիլ ալ կը սիրէր, բայց այս բոլորին մէջ իրեն համար առաջնակարգ, ամէն բանէ վեր եւ ամէն բանէ կարեւոր էր իր ազգը»։

ԱՐԱՅԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ

Գիտենք, որ թուրքը մեր այս ըրածով շատ պիտի կատղի եւ պիտի հարուածէ հայ ժողովուրդը Սփիւռքի մէջ։ Բայց մենք պիտի չվախնանք, եւ «ՀՅ Բանակ»ը պիտի շարունակէ իր ճամբան, պիտի շարունակէ միշտ զարնել թուրք կառավարութեան՝ մինչեւ յաղթանակ, ազատութիւն, մինչեւ որ մեր հողերուն տէրը դառնանք։

(…) Մենք մահէն չենք վախնար արդէն։ Կը կարծեմ, թէ հայերը չեն վախնար մահէն, քանի որ հող չունին։ Եթէ ազգ մը առանց հողի է, կը կարծեն, թէ արժէք չունի։ Նախ պէտք է հող ունենանք, որպէսզի աշխարհին ցոյց տանք, թէ մենք ազգ ենք։ Մինչեւ որ մեր հողին տէր դառնանք, պէտք է միջոցներ որդեգրենք, որպէսզի աշխարհը լսէ, որ մենք հայ ենք։ (…)։

Ընկերնե՛ր, բարեկամնե՛ր,

Ժողովուրդը թող գիտնայ, որ մեր հողերու ազատագրումը պէտք ունի զոհողութեան։ Ազատութեան դաշտը ծարաւ է։ Միայն արիւնն է, որ կը ջրէ այդ ծարաւ դաշտը եւ այն ատեն է, որ ծառերը կը բուսնին։ Եթէ արիւն չթափենք, եթէ ջուր չտանք այդ ազատութեան դաշտին, չեմ կարծեր, թէ այդ դաշտէն պտուղ կրնանք քաղել։ Կը հաւատանք, որ առանց արիւնի, առանց մահի ազատութիւն չկայ։

***

Եթէ թուրք կառավարութիւնը մեր ըրած այս արարքին դէմ ուզէ արարքներ ընել, եթէ ինք մէկ հատ ընէ, մենք տասը հատ պիտի ընենք, եթէ տասը ընէ, մենք հարիւր պիտի ընենք։ Մենք պատրաստ ենք հազար, տասը հազար հոգիով շարունակել այս պայքարի ճամբան։ Մեզի համար կարեւոր չէ ո՛չ մահը, ո՛չ դրամը, ո՛չ ապագան, ո՛չ վայելքը։ Մեզի համար մեր հողերն են կարեւորը։

***

(…) Ես չեմ հաւատար, որ ազատութիւն կրնայ ըլլալ առանց արիւն թափելու կամ զոհուելու։ (…) Ես կը հաւատամ միայն այդ ճամբուն եւ կ՛ուզեմ, որ իմ ընկերներս, որոնք ինծի հետ մեծցած են, նոյն միջավայրին մէջ մեծցած ենք, նոյն տեղերը յաճախած ենք, նոյն գործերը ըրած ենք, համոզուին այս մէկ կէտին եւ չըսեն ընտանիքը, կեանքը, ապագան։

***

Շատ երիտասարդներ կան, որոնց երբ կը խօսիս հայրենիքին մասին, կ՛ըսեն. եթէ ժամանակը գայ, մենք պատրաստ ենք։ Ասիկա խօսք չեղաւ։ (…) Ժամանակը չի գար, երբ որ չմօտեցնենք մեզի։ Ժամանակը միշտ մեզմէ առաջ կը քալէ։ Երիտասարդութիւնը օր մը թող չըսէ, թէ երբ ժամանակը գայ մենք կը կռուինք, մենք կ՛երթանք։ Երբ գայ ժամանակը, մէկն ալ տեղէն չի շարժիր, քանի որ ինք սկիզբէն պատրաստուած չէ։


«Հայրենիքը Չի Տրուիր, Այլ Դո՛ւն Կ՛առնես…»

ՍԱՐԳԻՍ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

sarkisaprahamian«Սիրելի մայրս, ես նորէն կ՛երթամ. ետեւէս մէկուն մի՛ հարցնէք, որովհետեւ չեն գիտեր։ Ես կապ կը պահեմ»։ Այս եղաւ Սագոյին վերջին պատգամ-երկտողը։

Նորութիւն չէր այս մէկը, ամէն անգամ որ Սագօ կ՛անհետանար շաբաթներով եւ երբեմն ամիսներով նոյնպիսի երկտողներ կը ձգէր իր մօրը, որ միշտ մտահոգ էր անոր ապագայով։

Սագօ ծնած է 23 Փետրուար 1962ին, Պէյրութ։ Իր նախակրթութիւնը կը ստանայ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, որմէ ետք միջնակարգ ուսման համար կը մտնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը։ Ուսման շրջանը կէս կը ձգէ, երբ հայրը կը մահանայ 1974ին եւ երբ տան ապրուստի հոգը կը մնայ իր վրայ։ Կը դիմէ արհեստի, որուն մէջ շատ արագ կը յառաջդիմէ եւ քանի մը տարի ետք արդէն կը մտածէ անհատական գործ ձեռնարկելու մասին։ Կը կատարէ կարգ մը նախապատրաստական աշխատանքներ։

1980 տարուան ընթացքին, կը սկսի փախուստ տալու գործէն եւ յաճախակի բացակայութիւններ արձանագրելու։ Կարճ շրջանէ մը ետք, վերջնականապէս կը ձգէ գործը, որմէ ետք երբեք երկար ժամանակով նոյն տեղը չ՛աշխատիր։ Երբ ծանօթները կ՛ուզեն գործ մը ապահովել իրեն՝ չի մերժեր, սակայն միշտ փախուստ կու տայ։

Յաճախ արկածի կը հանդիպէր եւ ոտքին կամ թեւին ոսկորները յաճախ կը վնասուէին։ Վերջին օրերուն եւս, ան ինկած էր «մոթորսայքըլ»էն եւ կոտրած էր աջ ոտքին ոսկորը։ Ստիպուած՝ երկար ատեն ոտքը գաճի մէջ պահած էր։ Սակայն ապաքինման շրջանը տակաւին չաւարտած՝ կը դիմէ բժիշկին, որպէսզի քակէ գաճը։ Բժիշկը կը մերժէ։ Բժիշկին խօսքին կարեւորութիւն չի տար եւ ինք անձամբ կը քակէ գաճը։ Երկու օր մասաժի կ՛երթայ եւ երրորդ օրը՝ 22 Յուլիս 1983ի առաւօտուն, նոյն պատճառով կը մեկնի տունէն եւ այլեւս չի վերադառնար։ Քանի մը օր ետք եղբայրը Սագոյի երկտողը կը գտնէ գրադարանին մէջ։

Այս անգամ, սակայն, Սագօ այլեւս բնաւ պիտի չվերադառնար։

«Մաման թող չլայ, այլ թող աղոթէ մեզի համար», քրոջը կ՛ըսէր Սարգիս: Ամէն մարդ իր սիրածին հետ կը պսակուի, ան իր գաղափարին հետ պսակուեցաւ», կ՛ըսէ Սարգիսին մայրը՝ Մարիամ Աբրահամեան:

Սագօն շատ աշխատասէր էր, միշտ դասարանին երկրորդ կամ երրորդ մրցանակը կը շահէր։ Նախակրթարանին ան նաեւ եղած է գայլիկ, շատ կը սիրէր մարզանքը, գծագրութիւնը, ֆութպոլը եւ քոնկ-ֆուն։ Սագօն նկարագիրով եղած է շատ քաջ, արթուն, ազգասէր, ծառայասէր, աստուածավախ։
Սակայն հակառակ իր աշխատասէր եւ ժրաջան աշակերտ ըլլալուն, ան 9րդ դասարանին ստիպուեցաւ կիսատ ձգել ուսումը՝ հօր մահուան պատճառով, որովհետեւ կ՛ուզէր եղբօրը հետ տան ապրուստի հոգատարութեան մասնակից դառնալ եւ նետուիլ գործի ասպարէզ։

Բնաւորութեամբ խղճամիտ էր, քիչ խօսող. միշտ կը գործէր լռակեաց, շատ գաղտնապահ։ Սագօն պատանեկան տարիքին ակումբ գացած եւ գաղտնի կերպով արձանագրուած էր Պատանեկան միութեան։

Ան յաճախ գործ փոխած է եւ երկար չէ մնացած մէկ գործի մէջ. զոհելով իր գործը՝ ազգային պարտականութիւններ կատարելու կ՛երթար, վարպետները կու գային զինք տունէն կը փնտռէին։

Սագօն ազգային գիտակցութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը ժառանգած էր տունէն. երբ տարբեր առիթներով սեղանին շուրջ կը համախմբուէինք, ամուսինս կը պատմէր ֆետայիներուն ապրած կեանքը ու կ՛երգէր յեղափոխական երգեր։ Երբ ամուսինս մահացաւ, ես իրենց համար գնեցի յեղափոխական երգարան մը, որպէսզի հայեցի դաստիարակութեամբ թրծուին, օտարներուն գիրկը չ՛երթան։ Սագոյին անձին եւ հոգիին մէջ զօրաւոր էր ազգային գիտակցութիւնը, ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ սէրը, այսպէսով ալ ան զոհեց կեանքը՝ իր ազգին եւ հայրենիքին համար՝ մօրը սրտին մէջ խոր վէրք, ցաւ ու վիշտ ձգելով։

Սագօն իր կեանքը չէր խնայեր, անոր ամբողջ կեանքը եղած է արկածախնդրութեամբ լեցուն։ Արդէն պատերազմական օրեր էին, պատանի տարիքէն ակումբ կ՛երթար, իսկ երբ ռմբակոծումը սկսէր մեզի կը համոզէր, որ ապաստանարան երթայինք՝ խոստանալով հետեւիլ մեզի, բայց ես կ՛ըսէի. «Տղա՛ս, ըսէ ակումբ կ՛երթաս, որպէսզի սուտ խօսած չըլլաս»։ Երբ բուռն ռմբակոծումները սկսէին ամէն մարդ ապաստանարան կ՛ուղղուէր, մենք Սագօն կը փնտռէինք, կ՛ըսէին. «Հիմա ծրարներով հաց եւ տուփեղէն բերաւ ապաստանարան եւ գնաց»։ Կամ կ՛ըսէին լազուարթ գոյնի պլուզ հագուա՞ծ է, ան վիրաւոր կը տանէր, կամ կը հարցնէին եթէ նարնջագոյն շապիկ հագած է՝ աւելցնելով, որ ան աւազ կը կրէր, որովհետեւ շէնքի մը վերի յարկը ռումբ ինկած ու կրակ առած էր, ան գացած էր մարելու։

Յաջորդող տարիներուն ազգային պարտականութիւնը զինք կանչած էր աւելի ծանր պատասխանատուութիւններով. ան յաճախ կը բացակայէր տունէն, գործէն, երբ զինք փնտռէինք ու հարցնէինք, թէ ո՞ւր կ՛երթայ, միշտ կ՛ըսէր. «Մամա՛, լաւ եմ եւ հանգիստ, պէտք չունիս լալու, աղօթէ ինծի համար»։ Յաջորդ օրը նկար կը ղրկէր եւ պատկերին ետեւը իր ձեռագիրով կը գրէր. «Ես ողջ եւ առողջ եմ, բարեւներ եղբօրս, քրոջս եւ բոլոր անոնց, որոնք իմ մասիս կը հարցնեն»:

Վերջին շրջանին Սագօս սկսած էր հարցնելու բառերու կամ թուանշաններու թրքերէնին մասին. Հարց տուին, թէ ինչո՞ւ կ՛ուզէ գիտնալ, մանաւանդ որ ինք թրքերէն չէր սիրեր. ըսաւ, թէ մարդ իր թշնամիին լեզուն պէտք է գիտնայ։

Երբ լսեցինք, որ ահաբեկում կատարուած է թրքական դեսպանին վրայ եւ տղաքը բռնուած են, յանկարծ պատմած ատենս Սագօն եկաւ. ըսի. «Տղա՛ս, որքան վախցայ, կարծեցի անոնցմէ մէկը դուն կ՛ըլլաս. ի՞նչ պիտի ընէի, ամէն օր քեզի պիտի չարչարէին, մինչեւ խոստովանիս…»։

– Հը՜, ըսաւ ան, – եթէ ես ըլլայի անձնատուր չէի ըլլար, անձնասպան կ՛ըլլայի։

Դարձեալ խրատեցի՝ ըսաւ. «Ա՛լ պիտի չերթամ, անձնական գործ պիտի աշխատիմ»։

Յունիս ամսուան մէջ, 1983ին, ընկերները զինք գրկած բերին տուն։ «Մոթորսիքլէթ»ը սահած էր, ինք ինկած ու ոտքը կոտրած էր. կուսակցական ընկերներէն մէկը ըսած էր՝ լաւ է, որ փրկուած էր այդ արկածէն։

Սագօն պատասխանած էր, որ եթէ մեռնի աշխարհը կը թնդացնէ։ Նոյն ամիսը գացած էր բժիշկին, որպէսզի ոտքին «ճեփսին»ը ժամանակէն առաջ քակէ, բայց բժիշկը բացարձակապէս մերժած էր, որովհետեւ ան տակաւին երկար ժամանակի կը կարօտի ապաքինելու համար։ Սագօն բարկացած էր, գացած էր ընկերոջ տունը եւ հոն դժուարութեամբ կոտրած էր «ճեփսին»ը։ Յաջորդող օրերուն՝ պատրուակելով, թէ ոտքին համար մարձումներու կ՛երթայ, գնաց տունէն։ Բաւական երկար ժամանակ ետք գտանք նամակը, ուր գրած էր. «Սիրելի՛ մայրս, ես նորէն կ՛երթամ, իմ մասիս քանի մը շաբաթ մէկուն մի՛ հարցնէք, որովհետեւ չեն գիտեր. ես կապ կը պահեմ…»։ Այս եղաւ Սագոյիս վերջին նամակը։

Սիրելի՛ Սագօս, մէջդ շեշտուած էր ժառանգած հայրենասիրութիւնդ եւ ազգային գիտակցութիւնդ։

Ամէն մարդ սիրածին հետ կը պսակուի, իսկ դուն պսակուեցար քու գաղափարիդ հետ՝ մօրդ սրտին մէջ խոր ցաւ ու վիշտ ձգելով։ Յիշատակդ անթառամ մնայ՝ քու եւ չորս ընկերներուդ։

ՍԱԳՈՅԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ

Մենք գիտենք, որ որեւէ ազգ ունի իր հողամասը, իր երկիրը։ Ինչո՞ւ հայը պիտի չունենայ։ Մեր երկիրը բռնագրաւուած է թուրքերուն ձեռքով։ Հայրենիքը չի տրուիր, այլ դո՛ւն կ՛առնես, եթէ արիւն թափես, (…) զոհ տաս։ Հայու սուրբ արիւնով, հայու աշխատանքով, հայու ճամբով միայն հայրենիքը ետ կու գայ։ Չըսենք, թէ հայրենիքը ո՜ւր է, մենք ո՜ւր։ Այո՛, հաւատքի պակասը կայ մեր մէջ, բայց մենք վճռած ենք քալել մեր ֆէտայիներու ճամբէն։

***

(…) Շատ լաւ գիտենք, որ երբ մեր վրայ ճնշում բանեցնէ, մենք աւելի պիտի պայթինք եւ ատոր
համար ինքը (Թուրքիան) (…) նոյնիսկ կրնայ «տիալոկ»ի (երկխօսութեան-Խմբ.) նստիլ։ Այս բնական է։ Այս ըսել է, թէ ուժերը հաւասարած են, եւ անկախութեան հոտերը կան։ Եթէ յեղափոխութիւնը յաջողի, մենք անշուշտ պիտի տեսնենք մեր հայրենիքը։ Եթէ ես չտեսնեմ, իմ ընկերներս կը տեսնեն, ապագայ սերունդը կը տեսնէ։

***

Մենք ունեցանք հայրենիք, ազատութիւն, բայց երկու տարուան համար դժբախտաբար։ Այս անգամ մեզի դադար չկայ։ Մէկ բան յստակ թող ըլլայ՝ «օտարը մեզի ֆայտա (օգուտ-Խմբ.) չունի»։

***

(…) Ես դժբախտաբար հայր չունիմ։ Ընկերներս ունին հայրեր, քոյրեր, եղբայրներ, հարազատներ, որոնց առջեւ աշխարհ կ՛արժենք։ Երբ որ ահաբեկումներ կ՛ըլլան, այս կամ այն դեսպանը կը զարնուի, (…) մայրերը եւ հայրերը կ՛ուրախանան։ (…) Բայց երբ լսեն, որ իրենց տղան կը մասնակցի այդ հերոսական մարտերուն, պիտի նեղուին որոշ չափով։ (…) Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր մայրերուն, մանաւա՛նդ մօրս՝ թող հպարտ զգայ, որ ինծի պէս տղայ մեծցուցած է եւ կոչ կ՛ուղղեմ միւս բոլոր մայրերուն, որ ստիպեն իրենց զաւակներուն, որ առնեն մեր քայլը՝ արդարութեան քայլը։


Համոզուած Ենք, Որ Միայն Զէնքով Կայ Հայոց Փրկութիւն

ՎԱՉԷ ՏԱՂԼԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆԸ

vache«Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ. զոհը պիտի չըլլամ ճակատագիրի խաղերուն։ Ես Հայ Դատի զինուոր եմ. կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ»։

Այս էր Վաչէին յաճախ կրկնած խօսքը, որ, սակայն, նկատի չէր առնուեր իր շրջապատին կողմէ իբրեւ անմիջական որոշում կամ յանձնարարութիւն։

Ծնած է 8 Հոկտեմբեր 1964ին, Պէյրութ, հայաշունչ ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը կ՛ըլլայ իր առաջին դաստիարակը, որ Վաչէի մէջ կ՛արթնցնէ ազգին սէրը եւ Հայ Դատի համար պայքարելու ոգին։

Կը յաճախէ թաղին Ազգային վարժարանը, ուր իր մէջ աւելի եւս կը թրծուի ազգային նկարագիրը։ Նախակրթութիւնը աւարտելէ ետք կը մտնէ արհեստի եւ կը դառնայ ինքնաշարժ նորոգող։

Տակաւին պատանի, արդէն իսկ ծայր կ՛առնէ Լիբանանի երկարամեայ պատերազմը։ Պատերազմի ընթացքին Վաչէ իր կարգին կ՛ուզէ տէր կանգնիլ հայկական թաղերու պաշտպանութեան, սակայն փոքր նկատուելով՝ սկիզբը չի կրնար մասնակցիլ պահակութեան։ Հետագային ան կը մասնակցի պահակութեան գործին։

Հայութեան ծառայելու իր բաղձանքը, որ պատանի տարիքին կը դրսեւորուէր պահակութեան ճամբով, գոհացում չի տար անոր եւ գաղափարական կազմաւորման ճամբով կ՛ուզէ անցնիլ ուղղակի գործօն պայքարի։ Ոչ ոք կը մտածէր Վաչէին խօսքերուն մասին եւ ոչ ոք կ՛անդրադառնար անոր երազներուն լրջութեան։ Բոլոր ընկերներն ալ Վաչէին մէջ կը տեսնէին զուարթ, կատակասէր, խանդավառութիւն ստեղծող ընկերային այն տղան, որ միշտ հաճելի մթնոլորտ մը կը ստեղծէր իր շուրջ։

Արձակուրդի մը համար տունէն կը մեկնի 18 Յուլիսին՝ ըսելով, թէ 15 օր կ՛ուզէ Յունաստան անցընել։ Այդ կ՛ըլլայ իր վերջին մեկնումը։
Վաչէի մայրը՝ Ատէլ Տաղլեան կ՛ըսէ.

«Ամուսինիս՝ ողորմած Նազարէթ Տաղլեանի հօրեղբօր աղջիկը Միացեալ Նահանգներ գացած էր, իր աղջկան քով։ Այդ ատեն Լիզպոնի դէպքը տեղի կ՛ունենայ, եւ հեռատեսիլէն կը հաղորդուի պատահածը։ Ան անգլերէն չէր հասկնար, սակայն կը հարցնէ իր աղջիկներուն, թէ ի՛նչ պատահած է։ Անոնք կը պատմեն, թէ Լիզպոնի մէջ հինգ հայ տղաք անձնասպանական գործողութիւն մը կատարած են։ Ամուսինիս հօրեղբօր աղջիկը, երբ կը լսէ լուրը, կ՛ըսէ. «Ես մեր Վաչէով մտահոգ եմ»։ Երբ անոր աղջիկները հարց կու տան, որ ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէ, ան Վաչէին վերաբերող դէպք մը կը պատմէ.

«Անցեալին՝ նախքան Միացեալ Նահանգներ իր մեկնումը, մեր տունը հաւաքուած էին, յանկարծ անձրեւելու սկսաւ։ Վաչէէն խնդրեցի, որ զիրենք տուն հասցնէ՝ Պուրճ Համուտ։ Ճամբուն վրայ արկած մը կը պատահի։ Ամուսինիս հօրեղբօր աղջիկը կը պատմէ, որ Վաչէ ինքնաշարժը մէկ կողմ կը շարէ եւ ներողութիւն խնդրելով կ՛իջնէ ինքնաշարժէն՝ ըսելով. «Մէկ վայրկեան, նայիմ, եթէ արկածէն վիրաւորուած հայ կայ, գոնէ հիւանդանոց հասցնենք»։ Իջաւ, նայեցաւ, քառորդ ժամ ետք թրջուած վերադարձաւ. «Հայ մէկը չկայ»՝ ըսաւ եւ շարունակեց ճամբան»։ Ամուսինիս հօրեղբօր աղջիկը արդէն նախազգացում ունէր, թէ Վաչէն օր մը այս ճամբով պիտի երթայ։

Մինչ այդ, այս բոլորը ամուսինիս հօրեղբօրը աղջիկը պատմած է մեզի, Վաչէ ոչինչ կը պատմէր, ծայրայեղ գաղտնապահ էր։

Ան նաեւ ազգասէր էր եւ այս մէկը իր հօրմէն ժառանգած էր։ Անոր հայրը՝ Նազարէթ Տաղլեան, ամէն առտու պատին վրայի զինանշանին եւ Եռագոյնին դիմաց կը խաչակնքէր եւ այդպէս գործի կ՛երթար։ Եւ նոյնպէս ազգասէր էին իր զաւակները, եւ մանաւանդ՝ Վաչէն։

Վաչէն երբ տակաւին երեք տարեկան էր Ապրիլ 24էն մէկ օր առաջ մանկամսուրի ուսուցչուհին մանկական ձեւով բացատրած էր, թէ յաջորդ օրը դպրոց չկար, որովհետեւ թուրքերը մեր մեծ մայրերը եւ մեծ հայրերը սպաննած էին։ Վաչէն տուն եկաւ, պայուսակը մէկդի նետեց եւ ըսաւ. «Մամա՛, վաղը դպրոց չունինք, ես վաղը, երբ մեծնամ դանակ պիտի առնեմ, պիտի մորթեմ թուրքերը»։ Ինչո՞ւ տղաս, ըսի, «անոնք մեր մեծ հայրերը եւ մայրերը մորթեր են», պատասխանեց, «դանակ պիտի առնեմ եւ մորթեմ թուրքերը»։ Եւ ճիշդ ալ այդ ճամբով գնաց։

Այսպէս եղած է Վաչէս, այս հոգին եւ գիտակցութիւնը միշտ մէջը եղած են, սակայն որքան իր ազգին նուիրուած էր, նոյնքան իր անձին հոգ կը տանէր։ Ակումբէն կ՛ըսէին. «Վաչէին ինքնաշարժը հազիւ ակումբին մօտերը հասնի, արդէն Վաչէին անուշահոտը հասած կ՛ըլլար ակումբ»։ Այնքան ինքնիրեն կը նայէր, նոյնքան ալ պարզ էր։

***

Ունիմ դրացի մը, որ հարց կու տայ, թէ զաւակս զոհ տալէ ետք տակաւին ինչպէ՞ս կրնամ յեղափոխական երգեր ունկնդրել։ Ես ձայնը այդքան բարձրացուցած կ՛ըլլամ, որ երաժշտութիւնը իր մօտ կը հասնի։ Կը հաւատամ, որ այս հոգիով պէտք է ապրինք։ Եթէ այս բոլորէն հեռանամ եւ ազգայնականութիւնս մէկդի նետեմ, զաւակս պիտի վերադառնա՞յ։
Բայց զաւկի կորուստի ցաւը մէկ կողմ, մեր ազգային ոգին միւս կողմ։ Մեր ծնողները մեզի այս ազգային հոգիով մեծցուցին եւ դաստիարակեցին, մե՛նք ալ այդպէս կրթեցինք մեր զաւակները եւ մեր ազգային հպարտութիւնը պահելով է, որ պիտի շարունակենք ապրիլ։
Անգիտակից մարդոց, չըսելու համար տգէտ մարդոց, երբեմն պէտք է արթնցնել։ Չխօսելով եւ չպատմելով՝ իրողութիւնները կը պղծուին ու կը կորսուին։ Պէտք է խօսուի այս փորձառութիւններուն մասին եւ պէտք է փոխանցուի մեր պատմութիւնը սերունդէ-սերունդ, որպէսզի ժողովուրդին գիտակցութիւնը միշտ արթուն մնայ»։

ՎԱՉԷԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ

Մենք ծրագրած ենք այս գործողութիւնը, որովհետեւ վաթսուն տարիէ ի վեր հասած ենք այն եզրակացութեան, որ ո՛չ Եւրոպան, ո՛չ ուրիշը, թէեւ շատ կը խօսին խաղաղութեան մասին, սակայն գործնական գետնի վրայ այդ մէկը կ՛ընէ։ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեամբ թուրքը ջարդեց մէկուկէս միլիոն հայ եւ տեղահան ըրաւ մեզի մեր հողերէն։ Այսօր կը փորձեն միշտ հակառակը ցոյց տալ։ Հայերը չեն ջարդուած, այլ՝ թուրքերը։ Մեր հողերէն մե՛նք հեռացուած ենք։

Այս վճռական քայլը առինք եւ ասկէ յետոյ այսպիսի քայլեր պիտի շարունակուին։ Մենք առաջին քայլն ենք։ Մեզմէ վերջ մեր ընկերները մեզի հետեւող պիտի ըլլան։ Մեզի համար թուղթէ շերեփ չկայ։

Համոզուած ենք, որ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն։ Ասոր համոզուած ենք։

***

Երբ մենք կը խօսինք, մեր ապրումներն են, զորս կ՛ըսենք։ (…) Ո՞ւր մնաց այդ երիտասարդութեան հպարտութիւնը, ո՞ւր մնաց այդ երիտասարդ բառը իրենց համար։ (…) Մենք ալ մեր բնական կեանքը կ՛ապրինք, բայց մեզի բնական կեանքը, վայելքը, ծնողքը, սիրածը ամէն բան կարեւոր չեն, մինչեւ այն ատեն որ մենք օտարութեան մէջ ենք։ Ի՞նչ է երիտասարդը այսօր։ Պիտի ծնի, պիտի ապրի, պիտի մեծնայ օտարութեան մէջ, օտար շունչը պիտի շնչէ եւ պիտի ամուսնանայ, պզտիկ պիտի բերէ, մեռնի, վերջացաւ։ Ա՞յս է։ Ո՛չ։ Մեզի համար բոլորովին տարբեր է։ Մենք մինչեւ այն ատեն որ մեր հայրենիքին մէջ չենք, մինչեւ այն ատեն որ մեր հողերուն վրայ չենք, մենք բան մը չենք։ (…) Երիտասարդութիւնը այլեւս թող արթննայ եւ սկսի «ՀՅ Բանակ»ի ճամբով շարունակել քայլերը։ (…) Մեր մայրերը թող չտխրին, ոչ ալ թող լան։ Մեզի վայել չէ։ Ո՛չ ալ սեւ թող հագնին։ Բնական կեանքերնին թող ապրին, կարծես բան չէ պակսած իրենցմէ։ Ընդհակառակն։ Կարծես բան մը աւելցած է իրենց մէջ։ Իրենց մէջ մեր մահը բան մը թող աւելցնէ։
(…) Հայութիւնը՝ ազգս ունի երիտասարդներ, որոնք գիտեն զոհուիլ այս դարուս մէջ։ (…) Մենք այսօր մեր կեանքը պիտի զոհենք, որպէսզի փաստենք, որ դեռ մենք կը հաւատանք, որ մենք պիտի առնենք մեր հողերը, ուր մեր ժողովուրդը հանգիստ պիտի ապրի։ (…) Վստահ եմ, այս խօսքը աւելի կ՛ըսեմ գաղափարակից ընկերներուս, որ միշտ միասին ենք, նոյն մթնոլորտին մէջ մեծցած ենք, որ մեր ըրած քայլը պիտի շարունակեն եւ մեզի պիտի չմոռնան, ոչ թէ մեր անձը, այլ՝ մեր միտքերը, մեր գաղափարը։

«ԱՍՊԱՐԷԶ», 26/07/2013

Lisbon-shirim

Տպել Տպել