
Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Պահանջատիրական Շաբաթը աւարտեցաւ Տարեկան Ճաշկերոյթով, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 107,200 Տոլար որ պիտի յատկացուի Հայ Աւստրալական հանրային աշխատանքներուն: Սոյն ճաշկերոյթին պատուուեցաւ Աւստրալահայ տաղանդաւոր լրագրող Ճորճ Տօնիկեան «Հայ Դատի Յանձնախումբի Հայ եւ Աւստրալացի համայնքներու Տարուան Բարեկամ» շքանշանով: Տօնիկեան, նախկին լուրերու հեռարձակող ԷՍՊԻԷՍ Հեռատեսիլի կայանէն, ի յայտ բերաւ եւ դատապարտեց սոյն կայանի անընդունելի մեղմ…















