
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ջանքերով, ամէն տարուայ Օգոստոսի վերջաւորութեան Յունաստան կը ժամանեն Արցախէն պատանիներ, որոնք յատուկ կարգադրութեամբ կը հիւրընկալուին 10 օրուայ համար Սիրոս կղզիի քաղաքապետութեան կողմէ։ Այս տարի եւս, Հինգշաբթի 22 Օգոստոսի առաւօտուն, Արցախէն Աթէնք հասան 22 պատանիներ որոնք, ըստ տարիներու սովորութեան, հիւրասիրուեցան Գոքինիոյ Հ.Կ.Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ «Զաւարեան» Կեդրոնին մէջ։ Արցախի մեր սիրուն…















