24 Հայորդիներ Միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Շարքերուն

ասպարեզԱնցեալ Շաբաթ երեկոյեան, Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած տօնական ճաշկերոյթին իբրեւ նախերգանք, 24 հայորդիներ միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ Յարութ Մկրտչեան երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը բացաւ՝ զեկուցելով, որ 38 հոգի դիմումնագիր լեցուցած էր միանալու ՀՅԴ շարքերուն: Այս խումբէն 26ը գոհացուցիչ կերպով աւարտեցին դաստիարակչական չորսամեայ ծրագիրը եւ 24ը, ահա՛, կու տան իրենց երդումը: Երկու նորագիրներ, որոնք պէտք է միանային այս խումբին, երկիրէն դուրս ըլլալով՝ իրենց երդումը պիտի տան հետագային:

Մկրտչեան ապա հրաւիրեց նորագիրներն ու անոնց կնքամայր, վաստակաւոր մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ Խաթուն Բագրատունին, որ կատարեն երդումը:

Նորագիրներու երդումը առնելէ ետք, Խաթուն Բագրատունին անոնց փոխանցեց իր պատգամը, զոր կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ՝ «Օրը Օրին» սիւնակով:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեանը, որ շնորհաւորելէ ետք շարքերը մուտք գործած ուխտաւորները՝ շեշտեց, որ դաստիարակչական ծրագիրը աւարտելով ու իրենց երդումը տալով՝ երդուեալներուն համար սկիզբ կ՛առնէ նոր գործընթաց մը, որ աշխատանքի, զոհաբերութեան ու նուիրումի ճանապարհներով կ՛անցնի:

Նկատի առնելով, որ այս տարի կը զուգադիպի ՀՅԴ հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեանի մահուան հարիւրամեակին՝ Կեդրոնական կոմիտէն երդուեալներու այս խումբը կոչեց Դաշնակցութեան խղճի խորհրդանիշ դարձած «Զաւարեանի սերունդ» անունով: Վիգէն Յովսէփեան շեշտելով այս իրողութիւնը՝ մաղթեց նոր կուսակցականներուն, որ իրենց գործունէութեամբ ու վարքագիծով արժանաւոր դառնան այդ կոչումին, աշխատին սիրտով ու խղճով՝ ի փառս մեր ժողովուրդին:

Երդման արարողութիւնը աւարտեցաւ շնորհաւորութիւններով: Շուրջ երկու հարիւր կուսակցականներ եկած էին շնորհաւորելու եւ բարի գալուստ մաղթելու նորագիրներուն:

Սրբազան Պարտականութիւն

Ստորեւ կը ներկայացնենք անցեալ Շաբաթ երեկոյ տեղի ունեցած երդման արարողութեան ընթացքին կնքամայր Խաթուն Բագրատունիի խօսքի բնագիրը:

Սիրելի նորագիրներ եւ ընկերներ

Նախ կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէին, որ այս երեկոյի երդման արարողութեան այս խորհրդաւոր եւ առանձնայատուկ կնքամայրութեան այս սրբազան պարտականութիւնը ինծի վստահեցաւ:

Վստահ եմ, որ քիչ առաջ երբ Դաշնակցութեան հանդէպ հաւատարմութեան ուխտը կը կատարէինք մեզմէ շատեր պահ մը վերյիշեցին իրենց երդման արարողութեան պահը եւ մտովին կրկնեցին մեր ուխտին բառերը: Ես ալ իմ կարգիս վերապրեցայ իմ երդման պահս՝ 1952ին, երբ որպէս Նշան Փալանճեան Ճեմարանի աւարտական կարգի ուսանողուհի Զաւարեան Ուսանողական շարքերը պիտի անցնէի: Իմ կնքահայրս զօրավար Դրօն էր, որ այդ շրջանին Լիբանան կը գտնուէր: Ինչ խօսք որ ակնածանքով լեցուած էի եւ անպատմելի հիացումի մէջ էի: Հիմա եթէ առիթը ընծայուէր եւ ներկայ բոլոր ընկերները պատմէին իրենց երդման արարողութեան եւ իրենց կնքահայրերուն մասին, մենք վերաքաղը պիտի ընէինք անզուգական մեր կուսակցութեան հարուստ անցեալին եւ այդ անցեալը կերտող մեր բազմահարիւր վեթերան ընկերներու ներդրումին:

Սիրելի Նորագիր ընկերներ, Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով դուք հաւաքաբար կը պատկանիք Սիմոն Զաւարեան Սերունդին: Արդէն ծանօթ էք, որ ան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն մէկն է եւ Սիմոն Վրացեանի վկայութեամբ՝ խորհրդանշած է Դաշնակցութեան խիղճը:

Ուրեմն դուք ալ որպէս Սիմոն Զաւարեանի հետեւորդները, կը մաղթեմ որ մեր կազմակերպութեան նոր արիւն եւ աւիւն սրսկէք եւ մեր կազմակերպութեան յաւելէալ ուժեղացման աւիշը ըլլաք:

Դուք վերջին 4 ամիսներու ընթացքին շաբաթական դասախօսութիւններ մտիկ ընելով պատրաստուած էք եւ Դաշնակցական ընկեր անուանակոչումին կ’արժանանա՛ք այս պահուն: Կ’ուզե՛մ ձեզի վստահեցնել, որ ձեր արտասանած երդումով այս վայրկեանէն սկսեալ դուք կը դառնաք լիիրաւ դաշնակցական ընկեր. որպէս այդպիսին ձեզի խորհուրդ կու տամ որ որդեգրէք ձեզի համար միշտ գործադրելի սկզբունքներ եւ բարոյական հասկացողութիւններ, որոնք դառնան ձեր կեանքի առաջնորդող սկզբունքները. Եղէք հաւատաւոր, բայց հարցախոյզ, եղէք կարգապահ, բայց ձեր իրաւունքները պաշտպանող, եղէք օրինապահ, բայց գիտակից ձեր եանձնառութեան, վերջապէս եղէք օգտակար ընկերներ եւ մեր ժողովուրդի ապագային ներդրում ունեցող լաւ հայեր:

ԽԱԹՈՒՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
asbarez.com

24/06/2013

Տպել Տպել