Յանկարծ Եթէ Ոգին Ծնի

Apo-PhotԱյսօր Պաքուի Ազատլիք հրապարակը պիտի թնդայ հինգ հազար ազերի զինուորներու ոտքերու դոփիւնէն, ամառնային արեւուն տակ պիտի փայլատակին քարիւղի տոլարներով գնուած անոնց զէնքն ու զրահը, հարիւրաւոր հրասայլեր, հրթիռակիր բեռնակառքեր, ամէնէն արդիական ու մահացու ռազմական սարքեր, օդաչուներով ու անօդաչու ինքնաթիռներ պիտի փառաւորեն ատրպէյճանական բանակը՝ իր կազմաւորման 95րդ տարեդարձին առթիւ:

Ի զուր: Այս տողանցքն ալ ոչինչ պիտի կրնայ իրագործել: Ոչ պիտի կրնայ ազերի ալիեւեան բռնատիրութեան տակ կքած ազերի ժողովուրդին բարոյական կորովը բարձրացնել, ոչ պիտի կրնայ անոր մէջ մարտաշունչ հայրենասիրութիւն ներարկել, ոչ ալ պիտի կրնայ անոր ապագայ յաղթանակներու յոյսը ներշնչել:

Պարտուած բանակ մըն է ի վերջոյ: Բանակ մը, որուն կորիզը ոչ թէ հայրենիքի ազատագրութեան համար արեան բովէն անցած մարտիկներ են, այլ անզէն բնակչութեան վրայ տմարդօրէն յարձակած խաժամուժ:

Ահա այսպիսի վկայականով բանակ մը սեփական ժողվուրդին ու աշխարհին պիտի ներկայացնէ համատարած բողոքի ու ընդվզումի մթնոլորտի մէջ երրորդ անգամ նախագահական աթոռին յաւակնող Հայտարի որդի Իլհամը: Զինուորական շքերթով ան պիտի փորձէ հմայել ու սիրաշահիլ սեփական ժողովուրդը, կամ վախցնել զայն՝ սանձելու համար օրէ օր ահագնացող ընդդիմութեան նկրտումները:

Այս ռազմական տողանցքով Ալիեւ նաեւ կը փայփայէ յոյսը, որ իր ցուցադրած սպառազինութեամբ պիտի կրնայ բարոյալքել Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդը:

Դարձեալ ի զուր:

Բայց եւ այնպէս մեր խնդիրը կը մնայ այնպէս զրահաւորել մեր ժողովուրդի կորովը, որ նոյնիսկ եթէ օր մը յանկարծ այդ ատրպէյճանական մետաղն ու ջարդոնը ոգի զգենու, իր դէմ դարձեալ ու միշտ գտնէ նոյն ամրակուռ, նոյն յաղթական հայոց բանակը:

Աբօ Պողիկեան
asbarez.com

25/06/2013

Տպել Տպել