Յամեցող Հարցականներ, Յապաղող Վերանայումներ

Նազարէթ Պէրպէրեան

Նազարէթ Պէրպէրեան

Հայաստանի գործող նախագահը արդէն ամէն առիթով կը յայտարարէ, որ առանց հանրային հաշուետուութեան, ինքնաքննադատութեան եւ անոնց հետեւող շտկումներու եւ սրբագրումներու, մեր երկրի կառավարման համակարգը չի կրնար քայլ պահել մերօրեայ աշխարհի ընդհանուր զարգացումը կարգաւորող անխուսափելի խաղականոններուն հետ։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյնօրինակ ելոյթ մը ունեցաւ օրեր առաջ, երբ Վերահսկիչ պալատի խորհրդարանական զեկոյցին առիթով եւ անոր շուրջ բարձրացած ներ-քաղաքական աղմուկին հակադարձելով՝ թէ՛ գամին եւ թէ պայտին զարնելով «կարգի հրաւիրեց» բոլորը… իրաւական եւ ժողովրդավարական կառավարման «դասեր տալով»։

ՀՀ նախագահը խնդրոյ առարկայ չդարձուց կառավարման բոլոր օղակները վարակած չարաշահումներու փաստական առկայութիւնը։ Շեշտեց ու կրկնեց, որ ամէն պաշտօնեայ եւ քաղաքական ծառայող իր գործը պէտք է ընէ՝ պետական պատասխանատուութեան ոգիով եւ մասնագիտական անհրաժեշտ որակով։ Բայց ՀՀ նախագահը ոչինչ խոստացաւ կառավարման այս խաթարուած, հիւանդ ու անյուսալի համակարգը արմատական բարեկարգման ենթարկելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։ Մանաւանդ՝ լուռ անցաւ այն իրողութեան վրայէն, որ տակաւին քանի մը ամիս առաջ նախագահական ընտրապայքարի իր գլխաւոր մրցակիցին գրաւոր խոստացած էր, թէ կառավարման համակարգը անյետաձգելի վերանայումներու կը կարօտի եւ, այդ օրակարգին շուրջ, բարձրագոյն մակարդակի խորհրդակցութեանց անձամբ պատրաստ է ինք։

Պա՛րզ է. մեր ետին ձգած ենք Ազգի եւ Հայրենիքի պետական կառավարման համակարգը արմատական բարեկարգումի արժանացնելու բուն օրակարգը։ Կամայ թէ ակամայ ընդունած ենք, որ գործող իշխանախումբը կը վայելէ Հայաստանի ընտրազանգուածին մեծամասնութեան «օրինական» քուէն, նաեւ՝ միջազգային հանրութիւնը առաջնորդող մեծապետական ուժերուն «օրհնութիւն»ը… Մեր երկրին ու պետութեան «նուաճած» նախագահական իշխանութեան առանձնաշնորհեալ ու անհակակշռելի համակարգը վերստացած է հնգամեայ պաշտօնավարութեան նոր շրջան մը, որուն սկզբնաւորութեան կը գտնուինք եւ պէտք է թոյլ տանք, որ մեր «պետական այրեր»ը կարենան իրենց գործը ընել… Իսկ եթէ անցեալէն յամեցող սխալներն ու շեղումները նորովի թափ առնեն, վստահինք եւ մեր յոյսը կապենք ՀՀ նախագահին, որպէսզի «ազգընտիր ղեկավար»ի իր լիազօրութիւններով կարգ ու կանոն մտցնէ կառավարման բոլոր մակարդակներուն վրայ։

Այսինքն՝ Հայաստանի մէջ թէ դուրս, ղեկավարութեան բարձրագոյն դիրքերու վրայ գտնուող պետական-քաղաքական թէ ազգային-հասարակական պաշտօնատարներէն մինչեւ շարքային հայ մարդիկը, բոլորս ալ պատանդ ինկած ենք ձեռքը «օրինապահութեան» շքահանդէսին։

Կարեւոր չի թուիր, որ բոլոր մարզերու մէջ եւ ամէն քայլափոխի գլուխ կը ցցեն հաշուետու պատասխանի սպասող հարցականներ։

Կարեւոր չի նկատուիր, որ վերէն վար կը խոստովանին եւ վարէն վեր կը բողոքեն իշխանութեան տարբեր դիրքերէ կատարուող չարաշահումներու կամ ձախողութեանց մասին։

Կարեւոր չի համարուիր, վերջապէս, որ ոչ միայն կառավարութեան, այլեւ ընդդիմադրութեան վարքագիծը վերանայելու սուր պահանջը կը շեշտեն աջէն թէ ձախէն, ներսէն թէ դուրսէն լսելի դարձող հարցականները։
Կարեւորը, կարծէք, «օրինապահութեան» խաղին պահպանումն է եւ արմատաւորումը այն ինքնախաբէութեան, որ քսան տարին սոսկ ակնթարթ մըն է ազատ ու անկախ զարգացման ուղին ընտրած ազգերու եւ պետութեանց համար։
Արդէն յանկերգի պէս, ի Հայաստան թէ սփիւռս հայաշխարհի, իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր «այրեր»ը կը կրկնեն, որ շրջափակման մէջ յայտնուած եւ ազգային անվտանգութեան առաջնահերթ օրակարգ ունեցող Հայաստանի ու հայութեան համար «կործանարար» կրնան ըլլալ «արկածախնդրութիւններ»ը, կառավարման այս փտած համակարգի արմատական բարեփոխման նպատակով նետուած հասարակական բողոքի քայլերը, ըմբոստացման պոռթկումնրը եւ անոնց հետեւող ներքին ցնցումները, նաեւ ու մանաւանդ՝ անհեռանկար հակադրութիւններ:
Այսինքն՝ յետոյ ի՞նչ։

Յետոյ՝ ա՛յն, որ հաւաքաբար մեղսակից կը դառնանք մեր հասարակութեան քաղաքացիական եւ քաղաքական կրտումին…

Հաւաքաբար՝ իշխանութեամբ եւ ընդդիմադրութեամբ, քարոզելով հանդերձ քաղաքացիական հասարակութիւն եւ իրաւական պետութիւն, հզօր պետականութիւն եւ ժողովրդավարական կառավարում, գործնապէս կը խրախուսենք գործող ղեկավարութեանց առանձնաշնորհումներու բացարձակացումը։ Իշխանութիւն թէ ընդդիմադիր արդէն կ՛աշխատին հանրային կարծիքէն խլել մինչեւ անգամ սեփական «ղեկավար այրեր»էն հաշիւ պահանջելու տարրական իրաւունքը։ Սոսկ «Շրթունքի ծառայութիւն» կը մատուցեն յամեցող հարցականներուն եւ անոնց հիմքը կազմող հասարակական դժգոհութիւններուն՝ հանդիսաւորապէս ու բարձրաձայն յայտարարելով, թէ անհրաժեշտ դասերը քաղած են եւ պատրաստ են վերանայելու իրենց տարիներու վարքագիծը…

Պատահական չէ, հետեւաբար, որ պետական եւ քաղաքական բոլոր պատասխանատուներն ալ – պետութեան ղեկին գտնուի՞ն, թէ ընդդիմադրութիւնը առաջնորդեն – կը դժգոհին իւրայիններու կողմէ գործուած հանգամանքի, դիրքի եւ պաշտօնի չարաշահութեանց դէմ, բայց միաժամանակ յանցաւորներու հետ հաշուեյարդար կ՛ուզեն տեսնել իւրովի – ներքի՛ն կարգով։

ՀՀ նախագահը այս առումով ալ դարձեալ կու տայ առաջնորդող օրինակը։ Վերահսկիչ պալատի բացայայտումներուն վերաբերեալ Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ դրսեւորուած հակասական ելոյթները դատապարտելով՝ կուսակցապետի բարացուցական վարքով ՀՀ նախագահը յայտարարեց, թէ կուսակցութեան ներսը պիտի քննեն այդ հարցը եւ անհրաժեշտը իւրովի՛ պիտի տնօրինեն։

Իսկ ժողովուրդը, որուն վստահութեան քուէով Ազգային ժողով հասած են, գոնէ՝ «օրէնքով», մեր պետութեան բոլոր պատգամաւորները, իրաւունք չունի՞ խօսք ունենալու զինք ներկայացնող քաղաքական գործիչներու վարքագծին մասին։

Բայց զուր է բուն օրակարգին հետ ուղղակիօրէն առընչուող հարցականները անպատասխան ձգած՝ յստակացում փնտռել ածանցեալ խնդիրներուն։
Աւելի քան քսան տարի է, ահա, որ հայ քաղաքական միտքը անճար կանգնած է յամեցող հարցականներուն առջեւ եւ տեղքայլ կը կատարէ, փոխանակ վերանայման ենթարկելու թէ՛ մեր կեանքը առաջնորդող ուժերը եւ անոնց քաղաքական վարքագիծը, թէ՛ հետզհետէ «կատարելագործուող» իշխանութիւն եւ ընդդիմադրութիւն կեղծ խաղին «օրինականութիւն»ը…

Իսկ որքան ուշանան յամեցող հարցականներուն պատասխաններն ու անյետաձգելի վերանայումները, այնքան կը հիւծի մեր ուժին անփոխարինելի աղբիւրը հանդիսացող ազգային ու հասարակական ներքին համերաշխութիւնը, միասնականութի՛ւնը։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
asbarez.com

Տպել Տպել