«Ազդակ»ի Խմբագրական. Տարածքային Պահանջատիրութիւն` Ոչ Միայն Գլխաւոր Դատախազին Համոզմամբ

hamajoghov1«Ինչպիսի՞ն է փոխհատուցում ստացող սուբիեկտների (ենթակաների) շրջանակը: Այն պէտք է ընդգրկի ցեղասպանութեան զոհերի ժառանգների՞ն, Հայ առաքելական եկեղեցու՞ն, Հայաստանի Հանրապետութեա՞նը, թէ՞ բոլորին միասին: Իմ խորին համոզմամբ, ցեղասպանութեան զոհերի ժառանգները պէտք է նիւթական փոխհատուցում ստանան, Հայ եկեղեցուն պէտք է վերադարձուեն Թուրքիայի տարածքում հրաշքով կանգուն մնացած եկեղեցիները եւ եկեղեցապատկան հողերը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ստանայ իր կորցրած տարածքները եւ այլն: Բայց այդ բոլոր պահանջները պէտք է ունենան անթերի իրաւական հիմնաւորումներ»:

Այս խօսքերը կը պատկանին Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազին: Գլխաւոր դատախազը Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու շարքին դասուող անձնաւորութիւն է եւ իր յայտարարութիւնները, որքան ալ «իր խոր համոզում»-ը ըլլան, միայն իրեն չեն կրնար պատկանած ըլլալ:

Գլխաւոր դատախազի յայտարարութեան այս գուցէ աննախադէպ բաժինը կ՛ամփոփուի հետեւեալ կէտերուն մէջ.

Համահայկական պահանջատիրութիւնը ունի գերակայ երեք ուղղութիւն: Առաջինը անշուշտ ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն ստանալիք նիւթական փոխհատուցումը, երկրորդը` եկեղեցիներու, վանքերու եկեղեցապատկան հողերու ու կալուածներու, իսկ երրորդը` տարածքները:
Պարզ է ուղերձը. առաջին ուղղութեան վերաբերեալ եղած են անհատական, որոշակի առումով հաւաքական (ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ յարուցուած դատեր) դատեր: Խնդիրը սակայն միջազգային ընտանիքին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով ամրագրուող նիւթական փոխհատուցումներու մասին է առաւելաբար այստեղ: Երկու վեհափառները արդէն եկեղեցիներու հարցով պահանջատիրական յայտարարութեամբ ճշդորոշած են իրենց պահանջատիրական ուղղութիւնը: Հիմնականը այս պարագային, որ առաջին անգամ ըլլալով այս շեշտադրումով կը բարձրաձայնուի, տարածքային կամ հողային պահանջատիրութիւնն է: Բառերը յստակ են. փոխհատուցում ստացող «սուբիեկտների ճշդում»-ի առաջադրանքն է, որ կ՛արծարծէ պետական այրը: Տարածքայինի պարագային Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, որ պիտի ստանայ Ցեղասպանութեամբ իր կորսնցուցած տարածքները:

Այստեղ այդ տարածքներու ճշդումի եւ սահմանագծումի խնդիրներուն մէջ այս հանգրուանին մտնելը այնքան կարեւոր չի թուիր, որքան ըստ միջազգային օրէնքի պահանջող կամ հատուցում ստացող ենթակայի հանգամանքի ճշդումը: Եւ եթէ զոհերու ժառանգորդներուն համար փոխհատուցում բառակապակցութիւնը տեղին է, ապա խնդրայարոյց կրնայ ըլլալ տարածքայինի պարագային փոխհատուցումը: Առնուազն հատուցում բառեզրը պէտք է օգտագործել եթէ ոչ վերականգնումը: Պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ զոհի ժառանգորդը կրնայ նիւթական փոխհատուցում ստանալ, բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը տարածքային փոխհատուցում չի կրնար ստանալ, եթէ Ցեղասպանութեամբ կորսուած տարածքներու փոխարէն այլ տարածքներ ստանալու մասին չէ խօսքը:

Էականը ուրիշ բան է սակայն: Կարեւորը այն է, որ այլեւս (եւ վերջապէս) Հայաստանի պաշտօնական անձնաւորութիւններէն եւ պաշտօնական առիթներու կը լսենք տարածքային պահանջատիրութեան, կորսուած իրաւունքներու հատուցման առաջադրանքներ, որոնք քայլ մը անդին են, քան ընդհանուր բանաձեւերը` պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնումը կամ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը:

Չի բացառուիր, որ շրջանային քաղաքական պայմանները, Թուրքիոյ պարզած ներքին իրավիճակը կամ ռուս-թուրք յարաբերութիւններու ելեւէջները իրենց ազդեցութիւնը ունեցած ըլլան նման բարձրաձայնումներուն վրայ: Կամ ընդհանուր առումով շարժիչ գործօնի դեր կատարած ըլլան: Կարեւորը ուղենիշերու հետզհետէ յստակացումն է Երեւանի կողմէ:

Գլխաւոր դատախազը նաեւ այս բոլորը կը պայմանաւորէր պահանջատիրութեան անթերի իրաւական հիմնաւորումներով, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հատուցման իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան հրամայականը:

Իրաւաբաններու մասնագիտական համաժողովի ձեռնարկումը կը թուի, որ գերակայ այս ուղղութիւններուն ծառայեցնելու համար է: Բոլոր նախադրեալները կը յուշեն, որ Երեւանը պահանջատիրութեան համահայկականացման առաջին քայլերը կ՛առնէ: Եւ պատճառ չունինք չենթադրելու, որ փոխհատուցման պահանջներու եւ տարածքային պահանջատիրութեան իրաւականացման անհրաժեշտութիւնը միայն գլխաւոր դատախազին խոր համոզումը չեն: Այլեւ ամբողջ պետութեան:

«Ա.»

aztagdaily.com

06/07/2013

Տպել Տպել