Հաղորդագրութիւն

ARF_Logo-coloredԵրէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Հարաւային արուարձաններու Պիր Ապըտ շրջանը թիրախ դարձուցած պայթումը, որ պատճառեց վիրաւորներ եւ քանդում:

Կեդրոնական կոմիտէն կը շեշտէ շարքերը ամրապնդելու, ազգային գիտակցութիւնն եւ բանականութիւնը բարձր պահելու, քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ ազգային համերաշխութեան եւ գոյակցութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Լիբանանը չմխրճուի այնպիսի տագնապի մը մէջ, որուն հետեւանքները բոլորին համար ցաւալի կրնան ըլլալ:

Կոչ կ՛ուղղենք ապահովական կառոյցներուն` արագ կերպով բացայայտելու պայթումին ճշմարտութիւնը եւ պահպանելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Հաղորդագրութիւն

Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը դատապարտէ Պիր Ապըտ շրջանը թիրախ դարձուցած պայթումը, որուն պատճառով վիրաւորուեցան մեծ թիւով քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցան նիւթական հսկայական վնասներ:

Այս արարքին նպատակն է լիբանանցիներուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստել եւ զանոնք քաոսի մատնել, հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` իմաստուն գտնուելու եւ ազգային գիտակցութեամբ շրջանցելու այս հանգրուանը, առանց Լիբանանի դէմ լարուած թակարդին մէջ իյնալու:

Կը շեշտենք նաեւ ազգային երկխօսութեան վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը` զսպելու համար բոլոր փորձերը, որոնք տիրող ներկայ կացութիւնը եւ քաղաքական երկփեղկումը կը շահագործեն` երկիրը դէպի անորոշութիւն առաջնորդելու նպատակով:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ
ՊԼՈՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ,
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

10/07/2013

Տպել Տպել