Հանդիպում Յունաստանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտեին հետ


ՀՀ նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով՝ ե­րէկ Չո­րեք­շաբ­թի 19 Յու­նուար 2011ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-ին, ՀՅԴ Յու­նաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէն հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ՀՀ նա­խա­գահ պր­ն.Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ: Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին նաեւ ՀՀ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար պր­ն.Է­դուարդ Նալ­բան­դեան ՀՀ սփիւռ­քի նա­խա­րար տի­կին Հրա­նուշ Յա­կո­բեան Յու­նաս­տա­նի մօտ ՀՀ դես­պան պր­ն. Գա­գիկ Ղա­լա­չեան եւ ՀՀ նա­խա­գա­հի գոր­ծա­կից­նե­րը՝ նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար­ման տե­ղա­կալ Վի­գէն Սարգսեան եւ նա­խա­գա­հի խօս­նակ Ար­մէն Ար­զու­մա­նեան:

ՀՅԴ Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Գէորգ Գո­լա­նեան ամ­փոփ գի­ծե­րով ներ­կա­յա­ցուց Յու­նաս­տա­նի մէջ գոր­ծող ինչ­պէս դաշ­նակ­ցա­կան, նոյն­պէս ազ­գա­յին եւ ու­ղե­կից կա­ռոյց­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կը« ընդ­հա­նուր տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րու մա­սին, ինչ­պէս նաեւ Հայ Դա­տի հե­տապ­նդ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն, ընդ­հան­րա­պէս ազ­գա­յին եւ կր­թա­կան ծրա­գիր­նե­րուն ու հա­մայն­քա­յին հար­ցե­րուն շուրջ:

Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում:

Ե­րե­սուն­հինգ վայր­կեան տե­ւած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին շեշ­տուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան եւ սփիւռ­քի տա­րած­քին հայ­կա­կան հա­մայ­նք­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

Տպել Տպել