Յայտարարութիւն

ARF_Logo-coloredՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան 68-րդ շրջանային ժողովը գումարուեցաւ 12-18 յուլիս 2013-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ կուսակցութեան բոլոր բնագաւառներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը, Հայ դատի եւ հայկական պահանջատիրութեան հետ առնչուած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները: Ժողովը լուսարձակի տակ առաւ կազմակերպական կառոյցի գործունէութիւնը եւ դաշնակցական երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններու աշխատանքները եւ անհրաժեշտ գտաւ ներկայ ժամանակներուն եւ պայմաններուն համահունչ` նորահաս սերունդի գաղափարական եւ քաղաքական դաստիարակութեան հունաւորումը:

Ազգային-գաղութային ընդհանուր կեանքը եւ ուղեկից միութիւններու աշխուժ եւ նպատակաուղղուած գործունէութիւնը դարձան հիմնական օրակարգի նիւթեր, եւ լիբանանահայ գաղութի ներկայ մարտահրաւէրները դիմակալելու, կենսունակութիւնը երաշխաւորելու եւ գաղութի ապագային նկատմամբ ժողովուրդի վստահութեան գործօնը ամրապնդելու առումով Շրջանային ժողովը որդեգրեց շարք մը որոշումներ: Հայահոծ շրջաններու ազգային դիմագիծին անաղարտ պահպանումը եւ այդ շրջաններուն մէջ առկայ դժուարութիւններու յաղթահարումը դարձան քննարկումի կարեւոր առանցքներ:

Լիբանանահայ գաղութ-Հայաստան կապերու ամրապնդման իմաստով` Շրջանային ժողովը հրամայական անհրաժեշտութիւն նկատեց նոր ծրագիրներու առաջադրումը, որպէսզի ապահովուի գաղութի ամբողջական ներգրաւուածութիւնը այս բնագաւառին մէջ: Արցախի պետականութեան ամրակայման եւ ջաւախքահայութեան դժուարութիւններու յաղթահարման եւ կենսական կարիքներուն անսալու ուղղութեամբ` ժողովը վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը: Հայ դատի եւ յատկապէս հայութեան իրաւունքներու հատուցման ուղղութեամբ ժողովը բանաձեւեց իր առաջարկները:

Ժողովը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ շրջանին մէջ թրքական գործօնի աշխուժացման եւ այս իմաստով կատարեց յստակ բանաձեւումներ: Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ քաղաքական, զինուորական, մշակութային, կրթական եւ ընկերային բնագաւառներու մէջ թափանցման փորձերը արժանացան յատուկ ուշադրութեան: Այս բոլորին մէջ առաջնահերթ նկատուեցաւ ժողովուրդի ազգային պահանջատիրական ոգիի ամրապնդումը եւ անխախտ պահպանումը:

Ժողովը անգամ մը եւս հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական գործունէութեան հիմնական առանցքը կը հանդիսանայ լիբանանահայութեան խաղաղ, կայուն եւ անվտանգ գոյութեան պահպանումը եւ քաղաքական անհրաժեշտ կռուաններու հզօրացումը, հայապահպանման աշխատանքներուն` մշակութային, ընկերային գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայ դատի աշխատանքներու գործնական հետապնդման ի խնդիր:

Ժողովը շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական գործունէութիւնը կը նպատակադրէ ապահովել լիբանանեան բոլոր համայնքներու մասնակցութեամբ եւ համախոհութեան վրայ հիմնուած քաղաքական համակարգը` իբրեւ հիմնական գրաւական երկրի կայունութեան եւ բնականոն զարգացման:

Ժողովը արձանագրեց նաեւ, որ ՀՅԴ-ն կը շարունակէ վարել ինքնուրոյն քաղաքականութիւն, մնայուն յարաբերութիւն մշակելով երկրի քաղաքական ազդեցիկ ուժերուն հետ եւ իրեն համար հիմնական առաջադրանք է Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, երկրի հողային ամբողջականութիւնը, միջհամայնքային համակեցութիւնը, երկրի ապահովութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ տնտեսական հաւասարակշռուած բարգաւաճումը եւ ընկերային արդար հատուցումը:

Շրջանային ժողովը հաստատեց, որ ներազգային ճակատի վրայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը նախանձախնդիր է լիբանանահայ համայնքի միասնականութեան ամրապնդման, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնական ճակատով եւ ամբողջական կարողականութեամբ դիմագրաւել գաղութին սպառնացող բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը քննարկուեցաւ յատուկ օրակարգով եւ որոշուեցաւ այս ոգեկոչումին տալ համալիբանանեան տարողութիւն:

Ժողովի աւարտին յառաջացաւ Կեդրոնական կոմիտէ: Կեդրոնական կոմիտէն իր առաջին նիստին ներկայացուցիչ ընտրեց Յակոբ Խաչերեանը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

aztagdaily.com

Տպել Տպել