Լիզպոնի Գործողութեան 30-Ամեակին Առիթով. Լիբանանահայութիւնը Քայլարշաւով Եւ Յատուկ Ոգեկոչումով Ուխտեց Կառչած Մնալ Հինգ Անմահներու Երթին

Lisbon11Լիզպոնի գործողութենէն 30 տարի ետք համայն հայութիւնը տակաւին լաւապէս կը գիտակցի հինգ հերոս տղոց կատարածին կարեւորութեան, կը գիտակցի, որ անոնց բացած ուղին հայութեան համար հրամայական էր, կը գիտակցի նաեւ, որ նման արարք մը ընելու համար գերմարդ պէտք է ըլլալ:

Այս գիտակցութեամբ եւ այս յարգանքով, այս արժեւորումով եւ հերոսներու յիշատակի ոգեկոչման արժանի երթով լիբանանահայութիւնը Պուրճ Համուտի հրապարակէն իր քայլերը ուղղեց դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր գտնուող Լիզպոնի տղոց շիրիմը ուխտատեղիի մը խորհուրդն ու պատգամը կը բովանդակէ: Քալեցին լիբանանահայերը` ՀՄԸՄ¬ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, քալեցին առանց տարիքի խտրականութեան, իրենց սրտերուն եւ մտքերուն մէջ կրելով պատգամը Սիմոնին, Սարգիսին, Սեդրակին, Վաչէին ու Արային, ինչպէս նաեւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ իրենք տէրն են այն համոզումներուն, այն գերագոյն նպատակներուն, որոնց համար զոհուեցան մատղաշ տղաքը:

Lisbon3Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա բոլոր ներկաները 5 հերոսներու հոգիներուն համար մոմեր վառեցին եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին անոնց շիրիմին վրայ:Lisbon4

Այս առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին բացումը կատարեց Նազօ Փոլատեան, որ խնդրեց ներկաներէն` մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել Լիզպոնի հինգին յիշատակը:

ԼԵՄ¬ի խօսքը արտասանեց Գօգօ Էքմեքճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ 27 յուլիս 1983¬ին Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցածին կարեւորութիւնը` հայութեան իրաւունքներու վերատիրացման եւ Հայոց ցեղասպանութեամբ հայութեան հասած մեծ հարուածին հակազդելու իմաստով: Ան դիտել տուաւ, որ խենթ զոհաբերութեամբ մը Լիզպոնի տղաքը ցնցեցին համաշխարհային կարծիքը, խոր քունէ արթնցուցին աշխարհը, բոլորին հայեացքը ուղղեցին դէպի 20-րդ դարու առաջին ծրագրուած ցեղային բնաջնջումը, դէպի մարդկային պատմութեան ամօթի անկիւն մը, որ մինչ այդ անտեսուած էր:

Ան դիտել տուաւ, որ երիտասարդութեան համար Լիզպոնի գործողութիւնը պատգամ է` ընդդէմ ձուլումի, օտարամոլութեան, հայկական ինքնութիւնն ու ոգին խաթարող որեւէ մարտահրաւէրի: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ պատմական Հայաստանի հողային պահանջատիրութեան կեցուածքի ամրապնդման անհրաժեշտութեան, շրջանին մէջ թրքական ներթափանցումի դէմ պայքարին` հակաթուրք աշխատանքներու ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ իբրեւ սփիւռքի սիրտը հանդիսացող գաղութ եւ այս գաղութի երիտասարդներ պէտք չէ արտօնել, որ հայութեան նորափթիթ զաւակները հեռանան իրենց ինքնութենէն:

«Այսօր ԼԵՄ¬ը կը շարունակէ պայքարիլ ամէն տեսակ երեւոյթի դէմ, որ իր մէջ կը պարունակէ թուլութիւն, պարտուողական հոգեվիճակ, մեղմ քաղաքականութիւն, եւ անշուշտ կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ պայքարիլ թշնամիին դէմ` ամէն տեղ ու ամէն վայրկեան», հաստատեց Էքմեքճեան:

Իր խօսքը եզրափակելով ան յայտնեց, որ այսօր կարիքը կայ այնպիսիներու, որոնք պիտի կարենան չքողարկել ճշմարտութիւնը, բարձրագոռ ազգին համար արդարութիւն պահանջել, որովհետեւ միայն այն ատեն է, որ Լիզպոնի տղաքը իրապէս պիտի հանգչին իրենց գերեզմաններուն մէջ` տեսնելով, որ իրենց երազը, մտապատկերն ու նպատակը կ՛իրականանայ:

Օրուան բանախօսն էր Յակոբ Հաւաթեան, որ իր խօսքին սկիզբը դիտել տուաւ, թէ Լիզպոնի գործողութեան 30-ամեակին առիթով 30 ֆրանսահայեր` Ֆրանսայի տարբեր շրջաններու Հայ դատի մարմիններէ, Լիբանան եկած են իրենց ուխտը կատարելու:

Ան յայտնեց, որ 30 տարի ետք անգամ մը եւս հաւաքուած ենք հաղորդուելու Լիզպոնի գերագոյն զոհաբերութեան պատգամով, թէեւ փոխուած են ժամանակները եւ պայմանները. այս 30 տարուան ընթացքին դրական ու ժխտական զարգացումներ արձանագրուած են, սակայն արդարութեան վերականգնման համար, հայ ժողովուրդի անկորնչելի իրաւունքներու վերատիրացման համար, հայութեան հաւաքական նկարագիրի դրսեւորումը կը շարունակէ մնալ նոյնը` իր վճռակամութեամբ, իր գաղափարական ընկալումով եւ քաղաքական զգաստութեամբ:

Յ. Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ Լիզպոնի հինգին գերմարդկային նուիրագործումը կը պարտադրէ վեր բարձրանալ անձնականէն եւ հաւաքականը առաջնահերթ նկատել: Իր խօսքը Սագոյի, Վաչէի, Արայի, Սեդրակի եւ Սիմոնի հետ երկխօսութեան ձեւով դրսեւորելով` բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ անցնող 30 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի, սփիւռքի, յատկապէս Լիբանանի, նաեւ Հայ դատի կեանքին մէջ արձանագրուած հիմնական իրադարձութիւնները, հայութեան դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները եւ այն քայլերը, զորս կ՛առնուին հայութեան ինքնութեան, Հայ դատի պայքարի հետապնդման ի խնդիր: Ան հաստատեց, որ տղոց սերնդակիցները տակաւին կ՛ապրին իրենց 5 ընկերներուն կարօտով, յիշատակներով ու կը փորձեն նորահաս սերունդին մէջ նաեւ անմար պահել անոնց վառած խարոյկը, իսկ պահանջատէր երիտասարդութիւնը կը հաստատէ, որ խարոյկը անմար է եւ պիտի շարունակէ այդպէս մնալ:

Յ. Հաւաթեան նշեց, որ թէեւ փորձեր կը կատարուին տղոց գերագոյն զոհաբերութեան հետ այլ ձեւով վերաբերելու` լռեցնելու համար արդարութեան ձայնը, շեղեցնելու համար հանրային կարծիքը, սակայն իրականութիւնը կը մնայ այն, որ Լիզպոնի տղաքը գաղափարական եւ յեղափոխական երկունքի ծնունդ էին, համայն հայութեան աղաղակող ընդվզումն էին. իրականութիւն մը, որ պէտք չէ մոռացութեան տրուի համայն մարդկութեան կողմէ, նաեւ Հայաստանի մէջ:

Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ, որ Լիզպոնի հերոսները իրենց հերոսական խոյանքով հայութեան մէկութեան ու հայրենիքի ամբողջականութեան խորհրդանիշները դարձան: Այսօր անոնց գործին վերարժեւորումը հայրենի հարազատ հողին վրայ ազգային մեր արժէքային համակարգը հարստացնող գործօն է. հասած է պահը, որ հայրենիքի մէջ կազմաւորուող սերունդները իրենք զիրենք ճանաչեն նաեւ Լիզպոնից:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ. «Եկէք խոնարհինք հինգ անձնուրաց հերոսներու յիշատակին դիմաց եւ հաւաքաբար վերանորոգենք մեր ուխտը` ամրօրէն կառչած մնալու անոնց աւանդին, շարունակելու անոնց բացած ուղիէն քալած յայտնի թէ անյայտ նուիրեալներու երթը, մեր համազգային աննահանջ երթը` ի խնդիր մեր մեծ երազի իրականացման…»: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային):

Լիզպոնի տղոցմէ Սիմոն Եահնիեանի քրոջ դուստրը` Նանօր Թորոյեան ասմունքեց, ապա ցուցադրուեցաւ հինգ հերոսներուն նուիրուած տեսերիզ մը, որմէ ետք երկու երգ մեկնաբանեց Գէորգ Պեպեճեան:

Աւարտին ԼԵՄ¬ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան Լիզպոնի հինգ տղոց հարազատներուն, որոնք նաեւ ստացան յուշանուէրներ` այս առիթով իբրեւ ուխտագնացութիւն Լիբանան գտնուող ֆրանսահայերուն կողմէ:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել