Թերամիտը եւ ՀՅԴ կազմակերպութիւնը-Բ. Պարագլուխնե՞ր, Թէ Պատասխանատուներ

teramit1Թերամտութեան արդիւնք է նաեւ այն թիւր կարծիքը, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կեդրոնական պարագլուխներ ունի:
Իրականութիւնը այն է, որ Դաշնակցութիւնը չունի եւ չէ ունեցած առանձին պարագլուխներ: Աւելին, դաշնակցական գաղափարաբանութիւնը, կազմկակերպական կառոյցն ու գործելաձեւը չեն արտօներ, որ Դաշնակցութիւնն ու իր շարքերը հանդուրժեն կուսակցութենէն ներս պարագլուխներու կամ կուսակցապետերու գոյութիւնը:

Այս հաստատումը լաւագոյն ձեւով կը բացատրէ մեր ազգային ազատագրական շարժման յուշագրող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին ու պաշտպանութեան նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեան. «Դաշնակցութիւնը չէ ունեցած եւ չունի առանձին պարագլուխներ եւ չի հանդուրժեր անոնց: Հիթլերներն ու Լենինները բացակայած են անոր մէջ:» (Ռուբէն Տէր Մինասեան, «ՀՅԴ Կազմակերպութիւնը» (1935), 1978ի հրատարկութիւն, էջ 13):

Դաշնակցութենէն դուրս թերամիտ տարրեր, միշտ յենելով իրենց մեկնաբանական անատակութեան վրայ, կը շփոթեն հեղինակութիւնը կուսակցապետական կամ պարագլուխային դրութեան հետ: Դաշնակցութիւնը ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ հեղինակաւոր ու հեղինակութիւն պարտադրող ղեկավարներ: Սակայն անոնց հեղինակութիւնը պայմանաւորուած է ՀՅԴ կազմակերպական կանոններով ու աւանդութիւններով:
Դաշնակցութիւնը ունի կազմակերպական յատուկ մշակոյթ, որ կառուցային ու կազմակերպական նախադրեալներ կը պարտադրէ բոլոր շարքերուն: Այդ նախադրեալները երկաթեայ սկզբունքները կը կազմեն կուսակցութեան կառուցային շէնքին, դաշնակցականի պարտաւորութեանց, մարմիններու իրաւասութեանց ու պատասխանատուութեանց, շարքերու եւ մարմիններու փոխյարաբերութեանց, եւ ամէնէն կարեւորը՝ դաշնակցական ժողովներու գերադասութեան՝ ի դէմս անոնցմէ բխող մարմիններուն:

Հետեւաբար, դաշնակցական կազմակերպական սկզբունքներն ու կանոնները թէ՛ տեսական ու թէ գործնական առումներով կ՛արգելակեն կուսակցութենէն ներս մենատիրական ոտնձգութիւններու յամեցումը, ինչպէս նաեւ կուսակցապետական կամ պարագլուխային դրութեան զարգացումը: Այսպէս.

Առաջին, ՀՅԴ Կազմակերպական Կանոնները նախաբանող «Ընդհանուր Սկզբունքներ» բաժնի 3(դ) կէտը կը տրամադրէ. «ՀՅԴ մարմինները կը գործեն հաւաքական պատասխանատուութեան սկզբունքով եւ մարմիններու կողմէ լիազօրուած ընկերները կը փոխանցեն մարմիներու հաւաքական կամքը»: Այս իմաստով դաշնակցական մարմինները ոչ միայն հաւաքական պատասխանատուութեամբ, այլեւ հաւաքական ղեկավարութեամբ կը գործեն ու որոշումներ կը կայացնեն: Մարմիններու անդամները անհատական որոշումներ եւ աշխատանքներ չեն կատարեր: Անոնք կը գործեն ըստ մարմիններու հաւաքական կամքին: Իսկ մարմինները իրենց կարգին մենատիրական ընթացք չեն կրնար պահպանել, որովհետեւ անոնք համարատու են իրենց գերադաս ժողովին: Այսպէս, կոմիտէի պարագային՝ ներկայացուցչական ժողովին կամ ընկերական ընդհանուր ժողովին, կեդրոնական կոմիտէի պարագային՝ շրջանային ժողովին, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի պարագային՝ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին:

Երկրորդ, դաշնակցական մարմնի անդամակցութիւնը պայմանաւորուած է տուեալ կազմակերպական միաւորի անդամներու կամքով: Տուեալ կազմակերպական միաւորի գերագոյն ժողովը կը ճշդէ ու կ՛ընտրէ իրմէ բխող մարմինին անդամները: Այս մարմինները ունին ժամանակաւոր բնոյթ: Այսպէս, կոմիտէի պարագային՝ մէկ տարի, կեդրոնական կոմիտէի պարագային՝ երկու տարի, եւ ՀՅԴ Բիւրոյի պարագային՝ չորս տարի: Ինչպէս Նիկոլ Աղբալեան ճշդօրէն կը մատնանշէ. «Մարմնի անդամ լինելը առժամեայ հանգամանք է. այսօր դո՛ւն ես վարիչը գործերի, վաղը կարող եմ ե՛ս լինել: Սա ոչ թէ կոչման, այլ կարողութեան խնդիր է:» (Նիկոլ Աղբալեան, «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան Մասին», Ամբողջական Երկեր, Գ. հատոր, էջ 225):

Երրորդ, Դաշնակցութիւնը կամաւոր մարդոց կազմակերպութիւն է: Անոր մէջ անդամակցութիւնը կամովին ու գիտակցաբար առնուած անհատական որոշումի արդիւնք է: Դաշնակցութեան միացող շարքայինը ի սկզբանէ կը գիտակցի, թէ ան կը միանայ կազմակերպութեան մը, որ միայն հանրային շահին հետամուտ է եւ ոչ թէ անձնականին: Աղբալեանի բացատրութեամբ, «Դաշնակցութիւնը քաղաքական կուսակցութիւն է, որ ունի որոշ Ծրագիր, այդ Ծրագիրը թարգման է որոշ շահերի: Հանրային շահերի պաշտպանութեան եւ հետապնդման կուսակցութիւն լինելով՝ Դաշնակցութիւնը շահակցական կազմակերպութիւն չէ: Նա հանրային շահեր է պաշտպանում եւ ոչ թէ իր անդամների շահերը:» (Նիկոլ Աղբալեան, նոյն՝ էջ 244): Այս անանձնական մօտեցումը Դաշնակցութեան մէջ խորապէս արմատաւորուած մտայնութիւն եւ հոգեբանութիւն է:

Իբրեւ այդպիսին, ան թումբ կը կանգնի ընդդէմ մենատիրական ձգտումներու եւ կուսակցապետական կացութիւններու հաստատման:
Բնականաբար, հեղինակութիւն պարտադրող ու հեղինակաւոր դաշնակցականներու անհամար փաղանգներ ունեցած է եւ ունի Դաշնակցութիւնը: Սկսելով Քր-իստափորէն, Ռոստոմէն ու Զաւարեանէն մինչեւ հայկական յեղափոխութեան ֆէտայիններն ու խմբապետները, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրներէն մինչեւ սփիւռքեան հայութեան հաւաքական կամքը դարբնող պատասխանատուները, ու տակաւին մինչեւ Հայ Դատի, նորանկախ հայրենիքի ու ազատագրուած Արցախի արթուն պահակները:

Սակայն, Դաշնակցութեան մէջ հեղինակութիւնը հետեւանք չէ պարագլուխութեան՝ այլ պատասխանատուութեան:
Հեղինակութիւնը Դաշնակցութեան մէջ պարզապէս մնայուն նուիրումի, աննկուն յանձնռութեան, անվերջ աշխատանքի եւ գիտակից պատասխանատուութեան հարց է:

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
asbarez.com

26/07/2013

Տպել Տպել