ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին մօտ

hranushՍփիւռքի նախարարին հետ հանդիպումին ընթացքին Հ. Յակոբեան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն հետ քննարկեց ՀամաՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերուն կազմակերպման առնչուող խնդիրներ, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ ամէն ինչ ընել՝ մեր մարզիկներն ու հիւրերը պատշաճ կերպով ընդունելու եւ մրցակցային հաւասար պայմաններ ապահովելու նպատակով:

Հ. Յակոբեան այս ուղղութեամբ աշխատանքներուն մօտէնհետեւելու համար յառաջացուցած է յատուկ յանձնաժողով, որպէսզի Հայաստան ժամանող 651 մարզիկներն ու անոնց ընկերակցող հիւերը հեզասահ կերպով վայելեն մարզախաղերու բոլոր մանրամասնութիւնները։ Հ. Յակոբեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ սուրիահայութեան առնչուող մանրամասնութիւններու, ինչպէս նաեւ սփիւռքի նախարարութեան զանազան ծրագիրներու մասին։ Ան շեշտեց, որ սփիւռքի նախարարութիւնը ստեղծուած է սփիւռքահայութեան համար ու իր բերկրանքը փոխանցեց, որ ՀՄԸՄ հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ կրկին հայրենիքի մէջ կը համախմբէ իր անդամները։

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը շնորհակալական խօսք ըսաւ Հ. Յակոբեանին՝ անոր ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Ան նշեց, որ Հայաստան-Սփիւռք անքակտելի կապը միշտ ՀՄԸՄի առաջնահերթութիւններէն եղած է։ Գ. Մկրտիչեան շեշտեց, որ բոլոր մասնակիցները հայրենիքի սիրով աւելի ուռճացած պիտի վերադառնան իրենց երկիրները։ Ապա ան նախարարին նուիրեց ՀՄԸՄի կողմէ պատրաստած յուշանուէրը եւ յոյս յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւններն ու համահայկական հաւաքները ըլլան շատ արդիւնաւէտ եւ գործակցութիւնը ըլլայ շարունակական:

azator.gr

Տպել Տպել