Ակնարկ. Թրքական Ուժերուն Ենթադրեալ Հեռացումը Եւ Հայակական Զօրախումբին Հաւանական Ժամանում

armyՀարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ զօրամիաւորումներուն Հայաստանի հանրապետութեան մասնակցութեան հարցը տակաւին բանակցային թեմա է։ Բանակցութիւնները կը տարուին հայկական կողմին եւ ՄԱԿ-ին, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ առաքելութեան ղեկավար երկրին Իտալիոյ համապատասխան կառոյցներուն միջեւ։

Թէեւ վերջնական որոշում չէ կայացած ու հրապարակուած, այսուհանդերձ Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերին լուսաբանումները այս մասին գրեթէ յստակ կը դարձնեն, որ հայկական դասակը յառաջիկայ կը ժամանէ Լիբանան եւ կը ներգրաւուի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան իրականացման միջազգային աշխատանքներուն։

Յետադարձ ակնարկ մը կը յուշէ, որ պաշտօնական Երեւանը, օրին, Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմի աւարտին’ 2006-ին, խնադավառութիւն ցոյց չէր տուած ներգաւուելու հարաւային Լիբանաի մէջ տեղակայուելիք ուժերուն եւ փաստօրէն իր մասնակցութիւնէ չէր բերած։ Այսուհանդերձ, հետագային խորհրդանշական մասնակցութեան ձեւաչափ մը ապահովուած էր։ Մէկ տարիէ ի վեր ՄԱԿ-ի դիտորդական առաքելութեան կազմին մէջ ներգրաւուած է Հայաստանի հանրապետութեան զինեալ ուժերէն սպայ մը։

Ժամանակներն ու աշխարհաքաղաքական պայմանները բնականաբար որոշիչ դեր ունին մասնակցութեան նկատմամբ արձանագրուած վերապահութիւնները վերացնելու եւ ներրգրաւուելու ուղղութեամբ բանակցութիւնները աշխուժացնելու առումով։ Պահ մը շրջանցելով որոշումներու կայացման բուն շարժառիթներու մասին վերլուծական մօտեցումները, իբրեւ զուտ տեսութիւն կարելի է նշել, որ ընդհանրապէս միջազգային կառոյցներու մէջ հաւասարակշռուած, փոխլրացուցիչ եւ աշխուժ ներկայութիւնը դրական գործօններ կը նկատուին պետութեանմը արտաքին քաղաքականութեան իրականացման ընթացքին։Մեր պարագային անշուշտ կայ յստակօրէն պետական շահի եւ առաքելութեան վայրերու տեղւոյն հայ համայնքներու իւրայատկութիւններու նկատառումը։ Եւ եթէ Աֆղանիստանն ու Քոսովոն հայկական զօրախումբերու տեղակայման առումով նման խնդիրներ չունէին, ապա նոյնը կարելի չէր ըսել Իրաքի համար, ուր նման իւրայատկութիւններու նակատառումը ինքզինք պարտադիր կը դարձնէր։

Աւելորդ չէ յիշելը, որ վերջերս լիբանանեան մամուլը հրապարակեց յառաջիկայ սեպտեմբերին խաղաղապահ առաքելութեան շրջածիրին մէջ տեղակայուած թրքական զօրմիաւորումի հեռացման մասին լուրեր։Հաւանական պատճառները նման որոշումի թուրք զինուորներուն նկատմամբ տեսանելի վտանգաւոր կացութիւնն էր ստեղծուած Սուրիոյ հարցերին մէջ թրքական կեցուածքին եւ լիբանանցի առեւանգեալներուն պատասխանատուութիւնը Անգարային ուսերուն տեսնելու պատճառներով։ Թրքական կողմէն հերքում չեղաւ։ Հերքումանման հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ը, յայտնելով որ մինչ այժմ նման դիմում չէ ստացած թրքական զօրամիաւորումի համապատասխան բաժանմունքէն։

Անկախ այն իրողութենէն, որ թրքական զօրախումբը կը մնայ՞, թէ՞ կը հեռանայ, կամ նման հրապարակումներ տեղեկատուութիւ՞ն են, թէ՞ ապատեղակատուութիւն, պարզը այն է, որ լիբանանեան կարեւոր շրջանակներու համար նորօսմանականներու համեմատաբար նախկին ընկալումի տարողութիւնը էական փոփոխութեան ենթարկուած է։ Երկու ենթադրեալ պատճառներն ալ, որոնք կը նշուին հրապարկումներուն մէջ, հիմնովին բացասական դերակատարութիւն կը վերագրեն Անգարայի կիրարկած շրջանային եւ տեղական քաղաքականութեան։

Թրքական զօրամիաւորումի ենթադրեալ հեռացումը եւ հայկական զօրախումբի աւելի հաւանական ժամանումը իրար հետ առնչուող գործողութիւններ չեն անշուշտ։ Երկուքը արաձանգրուելու պարագային սակայն, առաջինը կ՛ըլլայ Անգարայի ազդեցութեան գօտիի կայացման հաշուոյն, մինչ երկրորդը, իր չափին մէջ, Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ որոշակի առաւելներ ձեռք ձգելուն։

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել