Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Եգիպտական Մամուլին մէջ

ArabakanMamuliTesutyunԵգիպտոսի մէջ, 30 Յունիսի կատարուած իշխանափոխութենէն խիստ անհանգստացած է Թուրքիան, որ կ՚ընդիմանայ Եգիպտոսի նոր իշխանութիւններուն եւ պահանջէ նախկին նախագահ Մորսիի վերադարձը։ Թուրքիոյ այս կեցուածքը կ՚անհանգստացնէ եգիպտական որոշ շրջանակներ, ովքեր ժամանակը ճիշտ կը նկատեն՝ Թուրքիոյ դէմ տարբեր ուղղութիւններով միջազգային արշաւներ սկսելու։ Ոմանք Թուրքիոյ դէմ այս արշաւներու շարքին կարեւոր ուղղութիւն կը նկատեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։

Եգիպտական «Սատա Ալ-Պալատ» օրաթերթը 20 Յուլիսին հրատարակեց «Թուրքիան եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» խորագրեալ յօդուած մը, որ ստորագրուած է եգիպտացի լրագրող Մոհամետ Մանտուրի կողմէ:

Մանտուր կը գրէ. «Թուրքիոյ վերջին կեցուածքները եւ անոր մասնակցութիւնը Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ վերջապէս Եգիպտոսի արիւնալի դէպքերուն մէջ, մեզի կը յիշեցնեն 98 տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

«Թուրքիոյ կողմէ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին գործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը 2015ին պիտի բոլորէ իր 100-ամեակը: Հակառակ անոր որ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ հայութեան դէմ գործուած կանխամտածուած սպանդներուն, բռնագաղթին, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին եւ անկէ վերջ գործուած բռնարարքներուն մասին կան պատմական փաստեր եւ ապացոյցներ, Թուրքիա տակաւին կը մերժէ ճանչնալ իր գործած ոճիրը:

«1915-ին, Էրտողանի նախահայրերը, օգտագործելով միջազգային անտեսումի քաղաքականութիւնը, իրագործեցին մարդկային պատմութեան մէջ մեծագոյն ոճիրը` հայկական ջարդը, որ ծանօթ է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն անունով: Ըստ երեւոյթին Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի նախահայրերուն ձեռամբ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձեալ հորիզոնին վրայ կը փայլի` նկատի ունենալով օսմանեան արիւնարբու ժամանակաշրջանը վերադարձնելու Էրտողանի ախորժակները Թուրքիոյ դրացի երկիրներու մէջ: Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն զօրակցելով Էրտողան պիտի փորձէ ջնջել այն ինչ որ կը խոչնդոտէ իր երազներուն իրականացումը:

«Լիպիոյ մէջ Էրտողանի դաւադրութիւններուն արձանագրած յաջողութիւնները, Լիպիան զինեալ խումբերու երկրի մը վերածելը եւ անոր հարստութիւնները դալանելն ու զանոնք Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու տրամադրելը, Լիպիոյ ժողովուրդը աղքատութեան մատնելը եւ շուրջ երեք միլիոն լիպիացի բռնագաղթի ենթարկելը, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ տագնապին ակնյայտ միջամտելը եւ Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներուն զօրակցիլը, մեզի կը յիշեցնեն հայ ժողովուրդին դէմ թուրքերուն գործած ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին շուրջ մէկուկէս միլիոն հայեր:

«Այս հանգրուանին Հայոց ցեղասպանութեան անդրադառնալը` Եգիպտոսի եւ Հայաստանի համար մեծ կարեւորութիւն ունին: Հայաստան մնայուն կերպով պահանջած է աշխարհի երկիրներէն ճանչնալ թուրքերուն կողմէ գործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան ցարդ կրցած է 20 պետութեան ճանաչումը ապահովել: Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու համար Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի, Թուրքիոյ վրայ միջազգային ճնշում բանեցնելու եւ եգիպտական ներքին հարցերուն մէջ անոր միջամտութիւնը կասեցնելու նպատակով:

«Ինչպէս ծանօթ է, հայերը Եգիպտոսի մէջ ունին պատմական յարաբերութիւններ: Թուրքիայէն բռնագաղթած հայութիւնը նախընտրեց ապրիլ Եգիպտոսի եւ Պիլատ Շամի մէջ, մինչեւ, որ 90-ական թուականներուն Հայաստան իր անկախութիւնը հռչակեց եւ հայ ժողովուրդը ունեցաւ անկախ պետութիւն: Բայց եւ այնպէս, եգիպտահայերը նախընտրեցին բնակիլ իրենց հիւրընկալած երկրին մէջ, իսկ թրքական նենգ քաղաքականութեան ի տես աւելի քան կարեւոր դարձաւ Հայ Դատին զօրակցութիւն ապահովելը:

«Կոչ կ՚ուղղեմ Եգիպտոսի քաղաքական բոլոր ուժերուն, միջազգային օրէնքի փորձագէտներուն եւ դասախօսներուն, դիւանագէտներուն եւ եգիպտահայ գաղութին` Թուրքիոյ դէմ պայքարելու եւ արագ կերպով օգտագործելու այս հանգրուանը, կանխարգիլելու համար Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու Թուրքիոյ ճիգերը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները համոզելու, որ Եգիպտոսի մէջ ժողովուրդին կամքով իրականացած 30 յունիսի յեղափոխութիւնը կը մերժէ եւ պիտի մերժէ արտաքին որեւէ միջամտութիւն»:

Միւս կողմէ եգիպտական «Ալ Մալ» օրաթերթը (31 Յուլիս) կը յայտնէ, թէ Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրականացման դէմ ժողովրդային ճակատը վերջերս հանդիպում ունեցած է եգիպտահայ պատուիրակութեան մը հետ եւ քննած է հայկական Ցեղասպանութեան առնչուած հարցեր: Ճակատը պատուիրակութեան յայտնած է, թէ ինք պատրաստ է հայկական պահանջները օրինական բոլոր միջոցներով հետապնդելու եւ Էրտողանի դէմ դատական հարց բարձրացնելու միջազգային քրէական դատարանին առջեւ, տրուած ըլլալով, որ ան Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչն է:

Ճակատի իրաւաբան Թարէք Մահմուտ պատուիրակութենէն ստանձնած է փաստաթուղթեր, զանոնք հայկական թղթածրարին միացնելու նպատակով: Մահմուտ յայտնած է, թէ ինք մօտ օրէն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի բացայայտէ հայերուն դէմ գործուած թրքական բոլոր արարքները եւ միջազգային քրէական դատարանին դիմելու թուականը:

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրասենեակ
2 Օգոստոս 2013

Տպել Տպել