Աշխարհիկ Ձեռնոց

Apo-PhotԱնցեալ երեկոյ, խումբ մը մտաւորական ընկերներու հետ առիթ ունեցանք զրուցելու «Ասպարէզ»ի մասին:
Խօսակցութեան ընթացքին եղան քննադատական արտայայտութիւններ, երբեմն նոյնիսկ՝ սուր, թերթին մէջ տեղ գտած թերութիւններուն վերաբերեալ: Բոլորն ալ տեղին էին:

Քննադատական խօսքերուն մէջ կղերականութեան գործունէութեան յատկացուած լայն թղթակցութիւնները կրճատելու, նուազեցնելու յորդորներ եղան: Նման յորդորներ անցեալին եւս հասած են խմբագրութեան: «Թերթը եկեղեցական լրատուի կը նմանի» ըսողներ կան:

Նախ պէտք է նշել, որ մեր ընթերցողներէն շատերը կը գնահատեն եկեղեցական կեանքի մասին մեր լրատուութիւնը, որուն ծաւալը պայմանաւորուած է մեր եկեղեցական գործիչներու աշխուժութեամբ, անոնց ձեռնարկած լայն գործունէութեամբ ու անոնց մշտական ներկայութեամբ մեր համայնքային կեանքին մէջ: «Ասպարէզ»ի նման համայնքային թերթ մը չի կրնար անտեսել այս փաստը:

Պէտք է նաեւ նշենլ, որ «Ասպարէզ» թէ՛ իր հնարաւորութիւններու առաւելագոյն լարումով, թէ՛ ալ վստահելով աշխարհիկ միութիւններու ու կազմակերպութիւններու գործունէութեանց անդրադարձող թղթակիցներու ցանցին՝ կը ջանայ իր էջերը տրամադրել համայնքային բոլոր իրադարձութիւններուն: Որեւէ թղթակցութիւն դուրս չենք ձգեր, եկեղեցական կեանքի լուրերուն ալ յատուկ գերապատուութիւն չենք տար:

Ուրեմն, եթէ եկեղեցական կեանքի լրատուութիւնը աչք ծակող յաճախակիութեամբ կը ներկայանայ, ապա մեր աշխարհիկ կեանքն է որ չի փայլիր իր աշխուժութեամբ, կամ ալ մեր միութիւններուն ղեկավարները մամուլով իրենց քարոզչութիւնը կատարելու նախանձախնդրութիւն չունին:
Այս բոլորին լոյսին տակ, խմբագրութիւնս ձեռնոց կը նետէ եկեղեցական կեանքի մեր «լայն» լրատուութիւնը քննադատողներուն, որպէսզի միութենական պատասխանատուները մղեն աշխուժացնելու իրենց քարոզչութիւնը՝ մեզի մատակարարելով լուրեր ու թղթակցութիւններ, որոնք եթէ անտեսուին մեր կողմէ՝ անոնք կրնան հանգիստ խղճով մեզ խաչել:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com
02/08/2013

Տպել Տպել