Հաղորդագրութիւն

ARF_Logo-coloredԴատապարտելով նախանցեալ գիշերուան հրթիռարձակումը` երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Պաապտա Ֆիատիէ շրջանները թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնը:
Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 68-ամեակի նշումէն ետք, անծանօթ աղբիւրներէ արձակուած հրթիռներ թիրախ դարձուցին Պաապտա եւ Ֆիատիէ շրջանները, ուր կը գտնուին լիբանանեան պետական հիմնական հաստատութիւնները, ինչպէս լիբանանեան պետութեան խորհրդանիշը նկատուող նախագահական պալատը եւ երկրին ու անոր զաւակներուն պահապան զինուորական հաստատութեան կեդրոնները:

Ահաբեկչական դատապարտելի եւ մերժելի այս արարքին նպատակն է հարուածել երկրին միասնականութեան խորհրդանիշները եւ վնասել լիբանանցիներուն անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքացիները սարսափի մատնել:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շեշտէ պետական հաստատութիւններուն նեցուկ կանգնելու եւ զանոնք որեւէ սպառնալիքէ ու վտանգէ պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ անոնց դէմ գործուած որեւէ արարք բոլոր լիբանանցիներուն դէմ գործուած արարք մը կը նկատուի եւ կը սպառնայ լիբանանեան պետութեան գոյատեւումին:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

2 օգոստոս, 2013
Պէյրութ

Տպել Տպել