Հայրենադարձները իրենց ներդրումը ունին Հայաստանի կայացման եւ զարգացման մէջ

ArmeniaԱկնարկ մը նետելով 30-ական թուականներէն առ այսօր Հայաստանէն ներս գործող մշակութային գործիչներու կենսագրութիւններուն, կ՚եզրակացնենք, որ կարկառուն դէմքերու մեծ մասը հայրենադարձներ են, որոնք ներգաղթելով հայրենիք, մեծ դեր ունեցած են երկրի մշակութային կեանքի տարբեր ոլորտներու զարգարցման գործին մէջ եւ դարձած հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ։

Հայրենադարձ բանաստեղծներու, երաժշտահաններու, դերասաններու, նկարիչներու, երգիչ-երգչուհիներու ցանկը բաւական հարուստ է. Տիգրան Մանսուրեան, Պերճ Զէյթունցեան, Յակոբ Յակոբեան, Գոհար Գասպարեան, Տիգրան Լեւոնեան, Վարդուհի Վարդերեսեան, Յովհաննէս Չեքիճեան, Օհան Դուրեան, Արմէն Խանտիկեան, Հրաչեայ Ներսիսեան, Խորէն Պալեան, Վահրամ Փափազեան, Ռոմանոս Մելիքեան, Հայրիկ Մուրատեան, Ալեքսանդր Սպենդարեան, Թաթուլ Ալթունեան, Ալեքսէյ Հեքիմեան, Յովհաննէս Պատալեան եւ շատ ու շատ այլ դէմքեր։ Այլ խօսքով հայրենադարձութիւնը դրական մեծ դեր ունեցած է Հայաստանի, յատկապէս մշակութային ոլորտի զարգացման գործին մէջ։

Հայրենադարձները դեր ունեցած են նաեւ երկրի քաղաքական ու մարտական ոլորտներէն ներս. անոնք եղած են երկրի նախագահ ու արտաքին գործերու նախարարներ, արցախեան ազատամարտի մասնակիցներ։ Հասարակական կեանքի մէջ նոյնպէս հայրենադարձները փոխանցած են իրենց պահպանած, ինչպէս նաեւ իրենց ապրած երկրի աւանդոյթներն ու կենցաղը, ազգային հայրենասիրական ոգին ու մտածելակերպը։

Կազմակերպուած զանգուածային վերջին ներգաղթը տեղի ունեցած է 1966-ին, որմէ ետք կազմակերպուած հայրենադարձութիւն չէ իրականացուած։ Ներկայ անկախ Հայաստանի ժամանակաշրջանին ստեղծուած են հազուագիւտ կազմակերպութիւններ ու ծրագիրներ, որոնք պարզապէս կը խթանեն եւ կը նպաստեն հայրենադարձութեան, կամ նուազագոյնը կապ կը ստեղծեն Սփիւռքի երիտասարդ սերունդին ու հայրենիքի միջեւ։ Այդպիսի ծրագիրներ են‘ ՀՅԴ համահայկական բանակումները, «Դէպի Հայք (birthrightarmenia)» կազմակերպութեան ծրագիրները, Սփիւռքի նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագիրը եւ յատկապէս վերջերս ստեղծուած «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը, որուն գլխաւոր նպատակն է նպաստել յատկապէս յաջողակ եւ կայացած սփիւռքահայերու հայրենադարձութեան։

Հիմնադրամը ստոյգ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ աշխատանքային հարցերու վերաբերեալ եւ ցուցմունքներ կու տայ այդ ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ կը կողմնորոշէ առողջական, կենցաղային եւ ալ խնդիրներ ունեցող հայրենադարձները, կը վերապատրաստէ զիրենք անհրաժեշտ գիտելիքներ փոխանցելով տարբեր ոլորտներու շորջ եւ օգտակար կը հանդիսանայ անոնց աշխատանքի զարգացման։ Այլ խօսքով՝ «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի աջակցութիւնը ոչ թէ նիւթական է, այլ խորհրդատուական:

Հիմնադրամի աշխատանքը կ՚ընթանայ երեք ուղղութիւններով. քարոզել հայրենադարձութիւնը, աջակցիլ հայրենադարձներուն՝ հասարակութեան մէջ ընդելուզուելու համար, որոշ ազդեցութիւն ունենալ քաղաքականութեան վրայ, որպէսզի Հայաստանի մէջ աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուին եւ հայրենադարձութիւնը քաջալերուի։

Հիմնադրամը ստեղծած է հայրենադարձներու 400 հոգինոց ցանց մը, որոնք օրինակ կը ծառայեն ներկայացնելով իրենց անձնական փորձառութիւնը եւ հայրենիքի մէջ յաջողութեան հասնելու ճանապարհը։ Հիմնադրամը ունի իր կայքը՝ www.repatarmenia.org, եւ իր facebook-եան էջը‘ Armenian Repatriates Network։

Մինչեւ այսօր 400 սփիւռքահայեր դիմած են հիմնադրամ, 60%-ը սուրիահայ, 10% ԱՄՆ-էն եւ Ռուսիայէն, 5%-ը Իրանէն եւ Լիբանանէն։ Դիմողներու 80%-ը աշխատանք կը փնտռէ։ Հիմնադրամը օժանդկած է 90 սփիւռքահայերու, որպէսզի յարմար աշխատանք ունենան, ինչպէս նաեւ 15 սուրիահայ գործարարներու, որպէսզի Հայաստանի մէջ նոր աշխատանքային հաստատութիւններ հիմնեն։ Հիմնադրամին շնորհիւ՝ հինգ ընտանիք տեղափոխուած է Արցախ։ «Վերադարձ Հայաստան»ի մասնագէտները չեն խրախուսեր հայրենադարձութիւնը, եթէ սփիւռքահայը չէ համզուած այդ գաղափարին հետ։

Հիմնադրամը յաճախակի հանդիպումներ կազմակերպելով կապ կը ստեղծէ հայրենադարձ ընտանիքներուն միջեւ, որպէսզի անոնք իրենց փորձառութիւնները բաժնելով իրար հետ՝ դիւրութեամբ յաղթահարեն դժուարութիւնները։

Վերջերս հիմնադրամը մէկտեղած էր աշխարհի տարբեր երկիրներէն Հայաստան վերադարձած ընտանիքներ, զանոնք համախմբելով հայրենադարձ ընտանիքի մը յաջող գործունէութիւն իրականացուցած ջերմ յարկին տակ։ Ոգեւորիչ էր այս համախմբումը, քանի որ ամէնօրեայ ահազանգ դարձած արտագաղթի այս օրերուն, այս համախմբումը կ՚ապացուցէր, որ հայուն համար Հայաստանն է ապրելու ճիշդ վայրը: Այո՛, դժուարութիւններ ունեցողներ շատ կային, սակայն իրենց ձախող փորձութիւններուվ հանդերձ՝ անոնք շատ գոհ էին, որ Հայաստան հաստատուած են: Այո՛, գոհ էին, որովհետեւ դժուարութիւններ ամէն տեղ կան, ինչո՞ւ զանոնք չդիմագրաւել հայրենիքի մէջ ու այնտեղ յաղթահարել ամէն ինչ՝ յանուն երեխաներու անվտանգ կեանքին, հայեցի ապահով դաստիարակութեան եւ հեռու այլասերման վտանգէն։

«Մենք այլմոլորակայիններ չենք»,- ըսաւ հայրենադարձներէն մէկը, արտայայտութիւն մը՝ որ ժպիտ յառաջացուց բոլոր ներկաներու դէմքերուն, որովհետեւ շատեր նոյն զգացումը ապրած են։

Այո,՛ մենք հայրենադարձներս այլմոլորակայիններ չենք, մեր մէջ ալ յաջողակներ շատ կան, ինչպէս՝ բժիշկներ, գործարարներ, երգիչ-երգչուհիներ, երաժշտահաններ, քաղաքագէտներ, լրագրողներ, վարպետ արհեստաւորներ ու խոհարարներ, արտադրողներ ու վաճառականներ: Մենք եւս մեր ներդրումը ունինք այսօրուան Հայաստանի կայացման ու զարգացման գործին մէջ եւ ուրախ ենք, որ կը վայելենք մեզի պատկանող երկրի մը մէջ ապրելու բերկրանքը։

Նայիրի Մկրտիչեան Տաղլեան

horizonweekly.ca
02/08/2013

Տպել Տպել