Հորիզոն շաբաթաթերթի հարցազրոյցը ՍՕԽ – ի շրջանային վարչութեան ատենապետ Աննա Տէր Յակոբեանի հետ

0803syrianARS«ՀՕՄը Կ՛աշխատի Դառն Բաժակը Հեռացնել Հայորդիներէն»

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Տագնապի սկիզբէն ի վեր ի՞նչ եղաւ Հալէպի եւ շրջաններու աշխատանքը:

ԱՆՆԱ ՏԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Սուրիոյ տարածքին մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր սկսած քաղաքական եւ տնտեսական տագնապը վերջին շրջանին մտահոգիչ սպառնալիք դարձաւ հայկական գաղութին։

Բոլոր շրջաններուն եւ քաղաքներուն մէջ՝ Դամասկոս, Ճեզիրէ, Գամիշլի եւ Հասաքէ, Լաթաքիա, Քեսապ եւ մանաւանդ Հալէպ, հայութիւնը ունեցաւ լուրջ դժուարութիւններ, նոյնիսկ մարդկային զոհեր։

Բացի Հալէպէն, մնացեալ շրջաններուն մէջ կեանքը համեմատաբար աւելի բնականոն ըլլալով, ՍՕ Խաչի մասնաճիւղերը կարողացան իրենց գործունէութիւնները եւ ծրագիրները յաջողցնել, հակառակ կարգ մը դժուարութիւններուն, անոնք կազմակերպեցին ձեռնարկներ եւ գումարեցին անդամական ժողովներ։

Հալէպի մէջ 2012 Փետրուարին տեղի ունեցած առաջին պայթումին հետեւանքով սկսաւ կազմակերպուելու ինքնապաշտպանութիւն եւ նախազգուշական աշխատանքներ, յետագային աւելի վատ պարագաներ դիմագրաւելու համար։ Այս վտանգաւոր կացութիւնը հետզհետէ աւելի զարգացաւ հայահոծ շրջաններու մէջ։

Թնդանօթներու հարուածներն ու կրակոցները, մէջ ընդ մէջ ականներու պայթումները պատճառ դարձան, որ Շրջանային վարչութիւնս դադրեցնէ նստավայրի՝ Հալէպի երեք մասնաճիւղերու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Շրջ. վարչութեան աշխատանքները։

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Ի՞նչ եղան Շրջանային վարչութեան աշխատանքները:

ԱՆՆԱ ՏԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Հակառակ տիրող կացութեան Շրջ. վարչութիւնս շարունակեց իր բնականոն աշխատանքը ըլլալով ինքնաբաւ մինչեւ 2012ի Սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթը, երբ քաղաքիս մէջ տեղաշրջելու անհնար պայմաններու պատճառով, կազմալուծուեցան վարչութեանս բոլոր աշխատանքները։ Նաեւ, Հալէպ քաղաքի Նոր Գիւղի շրջանը, ուր կը գտնուին ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը, Ազգային վարժարաններ, Ս. Գէորգ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները եւ ՍՕ Խաչի Պատսպարանը, յայտնուեցաւ վտանգաւոր գօտիի մէջ։
Այսպէս՝ Հինգշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2012ին, ազգապատկան «Սիս» շէնքի Ա. յարկին վրայ գտնուող ՍՕ Խաչի Պատսպարանը թիրախ դարձաւ ընդհարումներու եւ յարձակումներու, որոնց իբրեւ հետեւանք, Պատսպարանի արեւելեան բաժինը կիսովին քանդուեցաւ։ Պատսպարեալ փոքրիկները ապահով կերպով կարելի եղաւ տեղադրել «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, ուր կը մնան մինչեւ օրս, դիմագրաւելով կենցաղային որոշ դժուարութիւններ։

Փոքրիկները կրկին պատսպարան վերադարձնելու համար, քանդուած սենեակներու վերաշինութիւնը կ՛ենթադրէ շինարարական մեծ ծախս, որ վարչութեանս համար լուրջ մտահոգութիւն է, ինչպէս նաեւ Պատսպարանի յանձնախումբի հիմնական դժուարութիւններէն մէկը այն է, որ օրական ճաշի բարերարներու մեծ համեմատութիւն մը արդէն գաղթած է երկիրէն։

Ներկայ պայմաններու բերումով ՍՕ Խաչի Պատսպարանի փոքրիկներու խնամակալութեան կողքին Շրջ. վարչութեան աշխատանքները կեդրոնացած են առողջապահական եւ խնամատարական օժանդակութիւններ մատուցելու շուրջ։

Հակառակ երթեւեկի դժուարութեան (ինքնաշարժի եւ վառելանիւթի տագնապի պատճառով) շրջանին մէջ տիրող անբնակելի կացութեան, ելեկտրական հոսանքի անջատման եւ ըմպելի ջուրի չգոյութեան պատճառով, թաղամասերու մէջ զինեալ բախումներուն եւ դիպուկահարներու գոյութեան, հակառակ այս երեւոյթներուն, ՍՕ Խաչի դարմանատունը իր ծառայութիւնը մատուցեց շրջանի բոլոր բնակչութեան, հայ թէ արաբ՝ անխտիր, նոյնիսկ յետմիջօրէի ժամանակացոյցով մինչեւ երեկոյեան ժամը 8ը։

Առողջապահական իր ծառայութեան դաշտը ընդարձակելու նպատակով եւ հասնելու համար այլ շրջաններու կարիքաւորներուն, Շրջ. վարչութեանս որոշումով հաստատուեցաւ փոքրիկ դարմանատան կարելիութիւններով կեդրոն մը, Սիւլէյմանիէ շրջանի «Ս. Վրացեան» կեդրոնէն ներս, ամէն օր կէսօրէն ետք ժամը 3-6:

Առողջապահական իր ծառայութեան կողքին, Շրջ. վարչութիւնս կազմակերպեց Առաջին բուժօգնութեան դասընթացքներ շրջանի երիտասարդութեան համար, զանոնք օժտելով անհրաժեշտ գիտելիքներով, յաղթահարելու անակնկալ դէպքերը։

Դասընթացքը տեղի ունեցաւ 2012 Փետրուար ամսուան մէջ, որուն հետեւեցան շուրջ 200 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ եւ վարժարաններու ուսուցչուհիներ։

Տիրող անգործութեան եւ երկու տարուան տնտեսական տագնապի հետեւանքով, բազմապատկուած է Խնամատարական յանձնախումբին դիմող նպաստընկալ ընտանիքներու թիւը։

Նիւթական ծանր պայմաններու մէջ յայտնուելով հանդերձ, վարչութիւնս կը շարունակէ կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար դառնալ բոլոր կարիքաւորներուն, ամսական հերթականութեամբ բաժնելով սննդամթերք եւ կենցաղային զանազան իրեր։

Սուրիական հայրենիքին վիճակուած տագնապալի շրջագիծին մէջ, գլխաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներու, սուրիահայ կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու, կազմուեցաւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմինը, միասնականութեան սկզբունքով եւ միակամ աշխատանքով, տեղական պայմաններուն եւ կացութեան համապատասխան գործունէութիւն կազմակերպելու համար։
Յիշեալ մարմինին մէջ ՍՕ Խաչի ներկայացուցիչն է վարչութեանս ատենապետ Աննա Տէր Յակոբեանը։

Մարմինի աշխատանքի շրջագիծը կ՛ընդգրկէ շտապ օգնութեան օժանդակութիւն եւ ապահովական մարզերը։

Այս աշխատանքները հետապնդելու համար կեանքի կոչուած Հալէպահայութեան շտապ օգնութեան մարմինի Գործադիր յանձնախումբին մէջ կը գործեն Շրջ. վարչութենէն՝ Անի Մուրատեան եւ Մարալ Սեմէրճեան։

Շտապ օգնութեան աշխատանքի ծիրէն ներս ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը նկատի առնուած է Հալէպի Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանին մէջ գործող միակ առողջապահական կեդրոնը, որ օժտուեցաւ անհրաժեշտ դեղորայքով եւ շտապ օգնութեան սարքերով։

Ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան օգնութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս «Օգնիր Եղբօրդ» կարգախօսով Հայաստանէն հասած դեղերը յանձնուեցան միութեանս, զանոնք բաժնելու դարմանատուն ներկայացող բոլոր հիւանդներուն։

ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան եւ աշխարհասփիւռ միաւորներու նիւթական ներդրումով, Նոյեմբեր 2012էն սկսեալ ՍՕԽի «Փեթակ» պատրաստ ճաշի խոհանոցէն ներս սկսաւ «Պնակ մը Տաք Ճաշ»ի ծրագիրը։

Սկզբնական շրջանին շաբաթը մէկ օր, յետագային բարձրացաւ 2 օրուան, իսկ 1 Մայիս 2013էն սկսեալ շաբաթը 3 օր՝ Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրերը։ Իւրաքանչիւր օր 100 հոգի կ՛օգտուի այս ծրագիրէն։

Հակառակ տիրող աննպաստ պայմաններուն, ճաշի պատրաստութիւնը տեղի կ՛ունենայ ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս, ելեկտրական հոսանքի եւ ըմպելի ջուրի յաճախակի չգոյութիւնը բաւական կը դժուարացնէ աշխատանքը, սակայն հայ ընտանիքի մը օրական տաք ճաշ մը մատուցելու բարերար գործը մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ վարչութեանս եւ աշխատող ընկերուհիներուն։

Շնորհակալութիւն ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր ընկերուհիներուն, այս ծրագրին իրենց ունեցած նիւթական օժանդակութեան համար։
Ներկայիս խիստ կարեւոր այս ծրագիրի յաջողութիւնը պայմանաւորուած է ապագային բարերարներու ապահովմամբ։

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Աշխատանքի ընթացքին ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաք։

ԱՆՆԱ ՏԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Տիրող կացութեան հետեւանքով, համատարած իրավիճակը ազդած է ամբողջ գաղութին վրայ։

Դադրած են գրեթէ բոլոր արհեստները, արտաքին առեւտուրը, գործարանները անդամալոյծ վիճակի մէջ յայտնուած են, կենսական բոլոր նիւթերուն գիները բարձրացած են եւ աղքատ ու միջին դասակարգը նիւթական լուրջ տագնապի մատնուած է, իսկ նիւթական որոշ կարողութիւններ ունեցող խաւի կարեւոր մէկ համեմատութիւնը արդէն լքած է երկիրը։ Այս ընդհանուր համապատկերով, նոյնիսկ Միութեանս մակարդակին, ՍՕ Խաչի գործօն անդամներու թիւին 35 տոկոսը իր պաշտօնները լքած հեռացած է քաղաքէն, ունինք մարդուժի լուրջ դժուարութիւն։

Երկրիս քաղաքական եւ տնտեսական տագնապի իբրեւ հետեւանք, Շրջ. վարչութեանս եկամտաբեր արդիւնաբերական ձեռնարկները դադրած են գործելէ, առանց շահ ապահովելու հեռանկարի, նոյնիսկ ինքնաբաւ ըլլալու իրավիճակը ներկայիս անկարելի է։ Այս բոլորին կողքին վարչութիւնս ամսական նիւթական մեծ պարտաւորութիւններ ունի, ինչպէս պաշտօնեաներու վճարումները. 45 պաշտօնեաներ հակառակ իրենց չգործելուն վարչութիւնս բնաւ չդադրեցուց իրենց հերթական ամսականները եւ գործէ չարձակեց ոչ մէկ պաշտօնեայ։

Ինչպէս նաեւ ամսական դեղորայք, բժշկական դարմանումներու եւ Խնամատարական յանձնախումբի ընտանիքներու սննդանիւթի նիւթական ապահովումը, Շրջ. վարչութեանս համար վերջերս դարձած է շատ խիստ մտահոգութիւն։

asbarez.com
02/08/2013

Տպել Տպել