Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Պինա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ հարցեր կան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ-ի եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ պարզապէս կան տարբեր տեսակէտներ, որոնք յաճախ կրնան պատահիլ նաեւ մէկ տան մէջ:
«ՀՅԴ-ի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ դաշինքը հզօր է եւ ամուր: Ութ տարի առաջ սկսած այդ դաշինքը պիտի շարունակուի: Մեզի կը միացնեն պետութեան կերտումը եւ դէպի պետութիւն անցնելու ուղին, իսկ մեր միջեւ դաշինքը վերատեսութեան ենթարկելու հարց չկայ», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:
aztagdaily.com







