ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Անուշ Հայրենիք» Ծրագիրը Սիսիանի, Նոր Նորքի Եւ Մարտունիի Մէջ

anoush1-Ուրբաթ, 9 օգոստոսին 10 ԼԵՄ-ականներ գործուղուեցան Հայաստան` իրականացնելու համար ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնած ու կազմակերպած «Անուշ հայրենիք» ծրագիրը:

Ծրագիրը, որ կ՛իրականացուի յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով, այս տարի կ՛ընդգրկէ երեք տարածքներ:

Երեք յաջորդական տարիներ Սիսիանի մէջ ընդհանուր ճամբարներ իրականացնելէ ետք, այս տարուան ծրագիրը կը կեդրոնանայ 12-16 տարեկան պատանիներու վրայ` երիտասարդներու 60 հոգինոց խումբի մը կեդրոնացեալ աշխատանք մը ներկայացնելով:

Երկրորդ տարին ըլլալով Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ պատանեկան ճամբար, որուն կը մասնակցին շրջանի 9-16 տարեկան 170 պատանիներ: Առաջին անգամ ըլլալով այս տարի ճամբար կը կազմակերպուի Երեւանի Նոր Նորքի ՀՅԴ կեդրոնին մէջ. ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 100 պատանիներ:

Բոլոր ծրագիրները ունին դաստիարակչական բնոյթ եւ կ՛ընդգրկեն դասախօսութիւններ, զրոյցներ եւ վիտէօ երիզի ցուցադրութիւններ` ՀՅԴ պատմութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց, Հայ դատի եւ ազգային մերօրեայ խնդիրներու վերաբերեալ: Բոլոր ծրագիրները պիտի աւարտին 22 օգոստոսին եւ տեղի պիտի ունենան փակման հանդիսութիւններ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել