Երկրի զանազան վարիչներուն հետ իր շփումներուն ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ առաւօտ այցելեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Սեպուհ Յովնանեան, Աւետիս Կիտանեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Միքաթիի հետ քննեց երկրի ընդհանուր իրավիճակը` քաղաքական եւ ապահովական վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ:







