«Ազատ Օր»ի Խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան Պարգեւատրուեցաւ «Մայրենիի Դեսպան» Մետալով

0823hripsime-300x208ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».– 21 Օգոստոսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը:

Ողջունելով հիւրը՝ նախարարը կարեւոր նկատած է «Ազատ Օր»ի գործունէութիւնը Յունաստանի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման իմաստով:

Յունաստանի մէջ հայկական մամուլին միջոցով մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման աշխատանքներուն մէջ ունեցած նշանակալի ծառայութիւններուն համար նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան «Մայ-րենիի դեսպան» մետալով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւին համար՝ Հ. Յարութիւնեան նշեց, որ «Ազատ Օր»ը Եւրոպայի մէջ միակ հայկական օրաթերթն է եւ հասանելի է բոլորին:

asbarez.com

22/08/2013

Տպել Տպել