Ակնարկ. Սահմանափակ Գործողութիւններ՝ Կանխատեսելի Հետեւանքներով

missilesՍուրիոյ դէմ կիրարկելի զինուորական միջամտութիւնը հետզհետէ տեսանելի կը դառնայ։ Երեւոյթները մտածել կու տան, որ ծայրայեղ զգուշաւորութեամբ կը շարժին գործողութիւն կազմակերպող ուժերը։ Այստեղ ՄԱԿ-էն անջատ եւ թէկուզ հակառակ միջազգային ընտանիքի կողմէ առնուելիք որոշումի բացակայութեան, արեւմտեան ուժերն ու ՕԹԱՆ-ը որոշած են պատժական գործողութեան իրականացումը։

Անվճռականութեան տեսքով հանդէս կու գայ Սուրիոյ հարցին մէջ մինչ այդ աւելի վճռորոշ դերակատարութիւն ստանձնած, տարածաշրջանին մէջ իր կարեւորագոյն յենարանը չկորսնցնելու անտեղիտալիութեամբ յատկանշուած Մոսկուան, որ մէկ քայլ առջեւ երկու քայլ ետեւ մարտավարական քայլերը կը ցուցադրէ աշխարհին։ Եթէ մէկ կողմէ կը յայտարարէ, որ Ռուսիան չի միջամտեր Սուրիոյ դէմ սանձազերծելի պահերազմին, միւս կողմէ կը զգուշացնէ նման նախաձեռնութեան դիմողները անկանխատեսելի հետեւանքներէ։ Առանց առաջին բաժինը յայտարարելու, երկրորդ զգուշացումը կը կատարէ նաեւ շրջանային կարեւոր ուժ Իրանը, որ այս պարագային սուրիամերձ շրջանի մէջ, ի դէմս Հըզպալլային, ունի տեղակայուած զօրամիաւորում։ Հետաքրքրական է նաեւ Հըզպալլայի յայտարարութիւնը այն առումով, որ եթէ գործողութիւնները պիտի անցնին սահմանափակուածութեան գիծերը եւ վերածուին գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութեան, այդ պարագային Հըզպալլան եւս կը ներգրաւուի պատերազմին մէջ։

Պահ մը կեդրոնանանք յայտարարութեան այս բաժնին վրայ, որ որոշակի մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանայ։ Յայտարարութիւնը փորձենք տարբաղադրել՝ սկսելով եզրակացութեան բաժինէն։ Հըզպոլլան կը ներգրաւուի պատերազմին մէջ եւ մասնակցութիւն կ՛ունենայ, եթէ գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութեան միտող գործողութիւններ իրականանան։ Այս կը նշանակէ, այս անգամ նկատի ունենալով առաջին բաժինը, որ ըստ բանաձեւուած բնութագրի, եթէ գործողութիւնները ըլլան սահմանափակ, պատժական, «դատիարակիչ» կամ կանխազգուշացնող, ապա Հըզպալլան չի ներգրաւուիր պատերազմին մէջ ։

Ուղերձը խառն է եւ միանշանակ իմաստ չունի։ Քանի որ, Հըզպալլան շրջանային պատերազմի մէջ ներգրաւուելու մասին յայտարարութիւն կը կատարէ միայն համաձայնաբար շրջանային գերուժ Իրանի հետ։ Ուրեմն Իրանին ներգրաւուածութեան պայմանականութեան մասին է խօսքը այստեղ։ Իսկ Իրանը միաժամանակ կ՛ըսէ այն, ինչ որ Ռուսիան կը յայտարարարէ, այսինքն չի ներգրաւուիր պատերազմին մէջ, եթէ վարչակարգի տապալումը չէ անմիջական նպատակը անոր։ Չմոռնանք սակայն Իրանի զգուշացումը՝ անկանխատեսելի հետեւանքներէն։

Իսկ հիմա մտածենք նաեւ, որ եթէ պատժիչ գործողութիւնները անկանխատեսելի հետեւանքներու ռիսքայնութեան բարձր հաւանականութիւնը առանց չէզոքացնելու կը դիմե՞ն քայլի։ Չերեւցող, լուռ համաձայնութիւններ կան այս բոլորին մէջ։ Միջերկրականեան ծովերու խորքերը, Սուրիոյ մերձակայ ջուրերուն մէջ եթէ մինչեւ հիմա Մոսկուային կը պատկանէր ռազմանաւեր տեղակայած ըլլալու մենաշնորհը, հիմա նաեւ ամերիկեան ռազմանաւեր կը ծփան ջրային միեւնոյն տարածքներուն վրայ։

Երեւոյթները մտածել կու տան, ուրեմն, որ Մոսկուայի եւ Իրանի միջինարեւելեան կարեւորագոյն յենարանին նկատմամբ սահմանափակ գործողութիւններու իրականացման կանաչ լոյսը կը տրուի միայն կանխատեսելի հետեւանքներու տեսանելիութեան ապահովումով։ Գէթ այս հանգրուանին։

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել