Էրտողանը Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ յանցագործութիւններու համար դատելու շուրջ մամլոյ ասուլիս

ErgoganԵգիպտական «Տասթուր» օրաթերթի թղթակից Իպրահիմ Զէյթուն կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրներու վերահսկման դէմ պայքարի ժողովրդային ճակատը Աղեքսանդրիոյ մէջ մամլոյ ասուլիս մը կազմակեպեց, որուն ընթացքին, յայտարարուեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Միջազգային քրէական դատարանին մէջ դատելու միջոցառումներու որդեգրման սկիզբը։

Ճակատի մամլոյ բանբեր Մուհամատ Սաատ Խէյրալլա յայտնեց, որ պէտք էր Քաթարի եւ Թուրքիոյ դեսպանները Եգիպտոսէն վտարել՝ աւելցնելով, որ 24 երկիրներ ճանչցած են «Հայ դատը» եւ թէ ինք ներկայացուած է դատական հայց մը, որ պիտի քննարկուի 4 սեպտեմբերին։ Ան նշեց, որ եգիպտական կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հարուած մը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ՝ աւելցնելով, որ ժողովուրդը ամերիկացի, քաթարցի եւ թուրք դեսպաններուն վտարումը կը պահանջէ՝ յոյս յայտնելով, որ կառավարութեան որոշումը ժողովուրդին ձգտումներուն համահունչ ըլլայ։

Ան բացայայտեց, որ Միջազգային քրէական դատարանին ներկայացուելու համար Էրտողանի դէմ պատրաստուած է դատական հայց մը եւ իր մօտ կը գտնուին փաստաթուղթեր, որոնք Էրտողանի կողմէ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութեանց ցանկին մէջ ներառուած «Ժապհաթ ալ-Սահուա»-ի, «Համաս»-ի եւ «ալ-Ժիհատ ալ-Իսլամի»-ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ֆինանսաւորումը կ՚ապացուցեն։

Ան ըսաւ, որ Էրտողան «Իսլամ եղբայրներ» միջազգային կազմակերպութեան անդամ է եւ ենթակայ է կազմակերպութեան հոգեւոր առաջնորդին ու անոր տեղակալին։ Ան հոգեւոր առաջնորդէն հրամաններ կը ստանայ եւ Թուրքիոյ մէջ իր դիրքը կը շահագործէ Եգիպտոսի դէմ գաղտնի գործողութիւններ կատարելու համար՝ աւելցնելով, որ թղթածրարը իսկապէս պատրաստ է եւ ճակատը յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակէ եգիպտացի ժողովուրդին ուղղուած հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը յայտարարէ դատական հայցը ներկայացնելու համար՝ Լա Հէյի Միջազգային քրէական դատարանի կեդրոնատեղի ուղարկուիլը։

Ասաատ Խայրալլա ըսաւ, որ իր մօտ կը գտնուին փաստաթուղթեր, որոնք կ՚ապացուցեն, որ Էրտողան մեղսակից է դէպի Եգիպտոս զէնքերու մաքսանենգման, որոնք Իսլամ եղբայրներու կողմէ օգտագործուեցան Եգիպտոսի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ջարդը գործելու համար՝ աւելցնելով, որ ինք իբրեւ ճակատի հիմնադիր բողոքագիր մը պիտի ներկայացնէ Խայրաթ Շաթերի եւ Հասան Մալեքի դէմ (Իսլամ եղբայրներու ղեկավարներ «Հ») Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Եգիպտոսի մէջ դրամ լուալու գործողութեանց եւ 30 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքերու վաճառքի յանցագործութիւններուն համար։

Զէնքի վաճառքի մասին փաստաթուղթերը պիտի ներկայացնէ Միջազգային քրէական դատարանին, իսկ դրամ լուալու գործողութեան փաստաթուղթերը՝ Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազութեան։

Ապա եգիպտահայ Վարդ Վահրամ աւելցուցած է, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին թուրքերու գործած հայերու «ջարդերէն» եւ աւելի քան 1.5 միլիոն հայերու բնաջնջումէն ետք, Եգիպտոս իր դռները բացաւ հայերուն դիմաց եւ զանոնք հիւրընկալեց։

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Վահրամ հարց տուաւ, որ Եգիպտոս ինչու 1915-էն ի վեր այս ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցած՝ նշելով, որ այժմ ժամանակը հասած է, որպէսզի Եգիպտոս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ աւելցնելով, որ Եգիպտոսի մէջ հայերուն թիւը շուրջ 18 հազար է, որոնցմէ երկու հազարը Աղեքսանդրիոյ մէջ կը գտնուին։

Սաատ Խէյրալլա աւելցուց, որ ինք վարչական դատարանին մօտ ճակատի իրաւաբանական հարցերու խորհրդատուի ճամբով դատական հայց մը ներկայացուցած է, որպէսզի եգիպտական կառավարութիւնը ճանչնայ 1915-ին Թուրքիոյ գործած հայերու զանգուածային սպանդն ու բնաջնջումը՝ աւելցնելով, որ այդ դատական հայցը ներկայացուած է, որպէսզի եգիպտական կառավարութիւնը այդ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իրաւաբանական հիմք մը ունենայ եւ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։

horizonweekly.ca
29/08/2013

Տպել Տպել