Ո՞վ Պիտի Պահանջէ Հաշիւը…

sarkis-mahserejianԱնոնք, որոնց յիշողութիւնը կարճ չէ, գիտեն, որ տասնամեակ մը առաջ, արեւմտեան ուժեր, Ուաշինկթընի գլխաւորութեամբ ու ստիպումներով (անոր որոշ հաշիւներ պարտադրող թաքուն ուժերու պարտադրանքով), յարձակման անցան Իրաքի վրայ, յայտարարելով, որ Սատտամ Հիւսէյն աշխարհին կը սպառնայ կորիզային զէնքերով։ Նախագահ Պուշի գլխաւորութեամբ «երգչախումբ» մը, Չէյնիի, Փաուըլի, Քանտըլիսա Ռայսի եւ ուրիշ «մենակատարներու» ընկերակցութեամբ, կրկնեցի՜ն ու կրկնեցին, որ պէտք է տապալել Սատտամը, ու չսպասել, որ կորիզային ռումբի մը «սնկաձեւ ամպը» երեւի Նիւ Եորքի կամ ամերիկեան այլ քաղաքի մը վերեւ։

Իրաքի վրայ յարձակումը տեղի ունեցաւ, ռումբեր ու հրթիռներ տեղացին Պաղտատի եւ իրաքեան այլ շրջաններու վրայ, մարդիկ ջարդուեցան, երկիր մը քար ու քանդ եղաւ ու կողոպտուեցաւ, յետոյ, նախագահ մը կախաղանէն ճօճեցաւ։ Քանի մը տարի ետք, նոյնինքն յիշեալ «մենակատար»ներէն մէկ քանին խոստովանեցան, թէ «երգչախումբը» սուտ երգերով խանդավառած էր ռազմատենչերը, Իրաք հաւաքական սպանդի զէքներ չունէր։
Ո՛չ Իրաքի քանդումը արդարացաւ, ո՛չ ալ հարիւր-հազարաւորներու սպանութիւնը որեւէ նպատակի ծառայեց։ Աւելին, Իրաք եւ իր ժողովուրդը մինչեւ այօր ալ կը շարունակեն ապրիլ պատերազմի «թափօններու» մթնոլորտին մէջ։ Սկզբնական խորագիրները փոփոխութիւն կրեցին, ծայրայեղականներ տիրապետող դարձան առօրեայ կեանքին վրայ, տագնապին տրուեցաւ շատ մը այլ որակումներու կողքին՝ սիւննի-շիի հակամարտութեան խորագիրը. օր աւուր, ռմբահարումները կը շարունակուին, անմեղներու ջարդը կը շարունակուի, երկրին արիւնաքամութիւնն ալ նոր անդունդներ կը պեղէ։

Իրաքին յաջորդեցին Լիպիան, Եգիպտոսն ու Սուրիան, քիչ մըն ալ Թունուզն ու Արաբական Ծոցի երկիրներ, որոշ տարբերակումներով։ Բեմագրութեան իրերայաջորդ գլուխները շարունակուեցան՝ ջարդերու եւ «ներքին հակամարտութիւններու» կարմիր էջեր արձանագրելով։ Եգիպտոսի Մուպարաքը տապալեցաւ, Մուրսին տարուան մը «կեանք» ունեցաւ ու մատնուեցաւ Մուպարաքի ճակատագիրին, Մուպարաք այժմ վերակենդանացման տարօրինակ վիճակ մը կ՛ապրի. Եգիպտոսի Օգոստոսը եղաւ արիւնալի ու կը պահէ նոր արիւնահեղութիւններու մուրհակ մը…
Հիմա, բեմագրութեան Սուրիոյ բաժինը կ՛ապրի նոր սպառնալիքներու եւ անկումի նախագիծ մը, երբ արդէն աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր, ռազմական ու ոճրային դէպքեր, աւազակութիւններ ու կողոպուտներ մաշումէ մաշում տարած են երկիրն ու ժողովուրդը։ Կենսաբանական զէնքերու գործածութեան մասին տեղեկութիւնները ազդանշանը տուած են այնպիսի զարգացումներու, որոնց տարբերակին ականատես եղաւ աշխարհը՝ Սատտամի Իրաքին վրայ յարձակումէն առաջ։

Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ այս երկրին վրայ նոր յարձակում մը լուծում պիտի չբերէ, ոչ ալ պիտի արդարացնէ որեւէ ազնիւ նպատակ, այլ պարզապէս առիթ պիտի ըլլայ նորատիպ զէնքերու փորձարկումին, ծակ քարոզչութեան, տակաւին՝ պատճառ պիտի ըլլայ յաւելեալ քանդումի, տագնապին աւելի՛ եւս ծանրացման, երկրի կարողութեանց յաւելեալ հիւծումին եւ, ամէնէն ողբերգականը՝ մարդկային զոհերու թիւին բարձրացման։
Վաղը, այսօրուան հերոսներէն մէկ քանին կրնան կրկնել Պուշի «երգչախումբ»ի անդամներուն նմանող խոստովանութիւններ, թէ՝ հաւաստիքներն ու յարձակումը արդարացնելու համար հրապարակուած «երգերը» ճիշդ չէին։ Սուրիան կրնայ մինչեւ իսկ կտրել իշխանափոխութեան արեւմտեան ուժերու երկարաշունչ բաղձանքներուն հանգրուանն ալ, ինչպէս եղաւ Իրաքի, Եգիպտոսի մէջ ու այլուր, սակայն բեմագրութեան այս էջը կրնայ նո՛յն ողբերգականութեամբ շարունակուիլ։

Ո՞վ հաշիւ պահանջեց նախորդ բեմագրութեանց կարմիր էջերուն համար։ Ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ այսօրուան ու վաղուան կարմիր էջերուն համար…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

asbarez.com

29/08/2013

Տպել Տպել