Հ.Ե.Դ.-ի 80 – ամեակի առթիւ.- Երիտասարդութեան պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը

Hairenik-logoՈւթ­սուն տա­րի­ներն ու երի­տա­սար­դու­թիւնը տար­բեր բե­ւեռ­ներ են: Բա­ռա­խա­ղու­թեան ծու­ղա­կին մէջ չիյ­նանք եւ չփոր­ձենք ալե­հեր կա­ցու­թեան մէջ ներ­կա­յաց­նել երի­տա­սար­դու­թիւնը…այդ թրծուած երի­տա­սար­դու­թիւնը, որուն փո­խանց­ուած եւ ինքն իր կար­գին, վառ մնա­ցած ջա­հը պի­տի փո­խանց­ուի իրենց յա­ջորդ­նե­րուն:

Սփիւռ­քէն եւ յատ­կա­պէս melting pot-ի` հա­լո­ցի երկ­րէն ներս, յա­ւել­եալ տի­տա­նա­կան աշ­խա­տանք կայ կա­տա­րե­լիք, մա­նա­ւանդ որ նոյ­նինքն ամե­րի­կա­ցի հե­ղի­նակ Հեն­րի Մի­լըր, օրին, անդ­րա­դառ­նա­լով իր բնա­կած երկ­րի ապա­գա­յին` երի­տա­սար­դու­թեան մա­սին, սուր հեգ­նան­քով կը յայտ­նէ թէ.- “Ամե­րիկ­եան տես­լա­կա­նը երի­տա­սար­դու­թիւնն է. գե­ղե­ցիկ, դա­տարկ երի­տա­սար­դու­թիւնը“:

Ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ութ­սու­նամ­եակ մըն է որ կը տօ­նէ Հայ Երի­տա­սար­դաց Դաշ­նակ­ցու­թիւնը, որ եր­բեք պի­տի չբա­ւա­րար­ուի ըն­կե­րա­կան հա­ւաք­նե­րով, մար­զա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով, կեր ու խու­մով:

ԳՈՐԾ ու­նի կա­տա­րե­լիք 80-ամ­եայ այս շա­րու­նակ երի­տա­սարդ կազ­մա­կեր­պու­թիւնը: ԳՈՐ­ԾԸ սուրբ է եւ լուրջ: Ժա­մա­նա­կաշր­ջանն ալ կարճ է, երբ նկա­տի ու­նե­նանք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կին մնա­ցած են հա­զիւ քսան ամիս­ներ եւ ԳՈՐԾ կայ կա­տա­րե­լիք:

Հայ ժո­ղո­վուր­դի իրա­ւունք­նե­րուն հար­ցի հա­րիւ­րամ­եա­կի սե­մին, ամ­բողջ հա­յու­թեան հիմ­նա­հարցն է որ բե­մա­հար­թա­կին վրայ պի­տի քննուի: Աւե­լին, Հա­յոց ապառնի­ին` երի­տա­սար­դու­թեան գո­յու­թեան հարցն է որ առաջ­նա­հերթ են­թա­հող մըն է:

Երի­տա­սար­դու­թիւնն է որ պի­տի կա­տա­րէ այդ ԳՈՐ­ԾԸ…Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու հա­տուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը, որոնք յատ­կա­պէս կ՛ընդգր­կեն երեք տար­բեր տա­րածք­ներ` պատ­մա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ իրա­ւա­կան: Այո՛ իրա­ւա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս, որ նոյն­քան կա­րե­ւոր է քան բազ­միցս հե­տապնդ­ուած առա­ջին եր­կու­քը:

Թի­րա­խը ամ­բող­ջա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնն է‘ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մով ու նե­րո­ղու­թեան հայ­ցու­մով եւ հո­ղա­յին ու նիւ­թա­կան հա­տու­ցու­մով: Բնա­կա­նա­բար, հոս է որ երի­տա­սար­դին միտքն ու գրի­չը կը նկատ­ուին առաջ­նա­հերթ: Ար­դա­րեւ երի­տա­սարդ ու­սա­նող­նե­րը, մաս­նա­գի­տա­ցած իրենց իրա­ւա­բա­նա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րա­կան ճիւ­ղե­րէն ներս, հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք պի­տի տա­նին այդ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան լայ­նա­ծա­ւալ թղթած­րա­րը ներ­կա­յաց­նե­լու պատ­կան ատ­եան­նե­րուն եւ մար­մին­նե­րուն:

Այս բո­լո­րը պի­տի կա­տար­ուի “Յի­շել, յի­շեց­նել, պա­հան­ջել“ կար­գա­խօ­սով…

Եւ երի­տա­սար­դու­թիւնը կառ­չած իր սկզբունք­նե­րուն, պի­տի չտար­ուի սոսկ “նե­րո­ղու­թեան“ հայ­ցու­մէն: Փո­խա­րէն, հար­ցը ամե­նայն հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ, պի­տի հե­տապնդ­ուի իր ամ­բող­ջա­կան պա­րու­նա­կով` բա­րո­յա­կան, հո­ղա­յին ու նիւ­թա­կան հա­տուց­ման ամ­բող­ջա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեամբ:

Մինչ այդ շնոր­հա­ւոր 80-ամ­եակ:

Պոսթըն

hairenikweekly.com
30/08/2013

Տպել Տպել