Ապատեղեկատուութիւն

halep

Այս թիւէն սկսեալ կը հրատարակենք Հալէպի մեր աշխատակից Աւօ Գաթրճեանի յօդուածաշարքը` «Ապատեղեկատուութիւն» խորագիրով: Թեման հրատապ, այժմէական իր բնոյթով անհրաժեշտ է, որ յայտնուի ընդհանրապէս հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կիզակէտին: Այսօր տեղեկատուական պատերազմը, յայտարարուած` մեր հակառակորդներու միացեալ քարոզչամեքենային կողմէ, անհրաժեշտ է իր էութեամբ, հետապնդած նպատակներով եւ մարտավարական ծալքերով ընկալել` ճիշդ ու նպատակաուղղուած հակազդելու համար. եւ ոչ միայն հակազդելու անշուշտ:
Այս յօդուածը, թեմայի պատմականը, ընդհանուր սահմանումը եւ յատկապէս մեր իրականութեան վերաբերող տարբեր երեսները բացայայտող` էապէս օգտակար է համահայկական միացեալ աշխատանք ենթադրող առաջնային այս աշխատանքին համար, նախ անշուշտ հարցերու ճանաչողականութեան եւ ապա մանաւանդ տեղեկատուական մարտադաշտի մէջ ճիշդ դիրքերը գրաւելու ուղղութեամբ:

«Ա.»

Ապատեղեկատուութիւնը կեղծ կամ անարժանահաւատ տեղեկութիւնն է, որ կը տարածուի դիտումնաւոր: Այդ պատճառով է, որ հոմանիշ է եւ կը կոչուի երբեմն «սեւ քարոզչութիւն»: Անիկա արարք մըն է խաբէութեամբ ու կեղծ յայտարարութիւնները եւ սուտը դիմացինին համոզելու: Ապատեղեկատուութիւնը պէտք չէ շփոթել սխալ տեղեկատուութեան հետ, այն տեղեկատուութեան, որ անգիտակցաբար սխալ է: Այստեղ տեղին է նշել, որ տեղեկատուութիւնը ստացած` հաւաքած տեղեկութիւններու հաղորդում` փոխանցում է. լրատուութիւն, ծանօթացում:

Ապատեղեկատուութեան ծիրին մէջ կը ներառուին կեղծ փաստաթուղթեր, ձեռագրեր եւ լուսանկարներ` յատկապէս օգտագործելով արհեստագիտութեան վերջին սարքերն ու հնարքները, կամ` չարամիտ սուտ տարաձայնութիւններ (շշուկ) բամբասանքներու տարածում եւ շինծու տուեալներ:

Իբրեւ տարբերութիւն աւանդական քարոզչական մեթոտներու, որոնք նախատեսուած են ներգրաւելու զգացմունքային աջակցութիւնը, ապատեղեկատուութիւնը, նախագծուած է կեղծել հանդիսատեսին արմատական ձեւով, կամ վարկաբեկելով հակամարտող տեղեկութիւնները, եզրակացութիւնները: Ապատեղեկատուութեան մարտավարութիւններէն է ճշմարտութիւնը եւ հետապնդումը խառնել կեղծ եզրակացութիւններու եւ կեղծիքի հետ կամ բացայայտել ճշմարտութենէն մաս մը` զայն ներկայացնելով իբրեւ ամբողջութիւն (սահմանափակ բացայայտում):

Մէկ այլ ձեւ` փաստերը թաքցնելու կամ գրաքննութեան, որ կ’օգտագործուի նաեւ, եթէ խումբը կրնայ բանեցնել նման վերահսկողութիւն: Երբ տեղեկատուութեան խողովակները (աղբիւրները) չեն փակուիր ամբողջութեամբ, անոնք կը դառնան անգործածելի` ապարդիւն եւ կրնան լեցուիլ ապատեղեկատուութեամբ` նուազեցնելով իրենց աղմկալից ազդանշանը եւ վարկաբեկել ընդդիմութիւնը` միանալով կեղծ պնդումներուն, որ շատ հեշտ կը հերքուին:

Ապատեղեկատուական հնարքները կը յանգին մօտաւոր ճշմարտութեան` իրական եւ հնարուած անձերու մասին, ինչպէս նաեւ` հնարուած «բացառիկ» տեղեկութիւններով համեմուած նիւթերու պատրաստուածութեամբ, ինչ որ նպատակը մէկ կողմէն հակառակորդի «դաւադրութիւնը» բացայայտողի կերպար ստեղծելն է` ապատեղեկատուութիւնը տարածող կողմի յատուկ ծառայութիւններու «անխոնջ» աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը մատնացոյց ընելով, միւս կողմէ ալ բացատրութիւններու մղել յիշեալ նիւթերու մէջ ընդգրկուած անձերը` իրենց վերագրուող կեղծիքը հերքելու համար:

Լրատուական միջոցներուն կարեւոր տեղ կը յատկացուի նաեւ, այսպէս կոչուած, «սեւ քարոզչութեան» տարածումին համար, որ հիմնականին մէջ կը դրսեւորէ ապատեղեկատուութեան տարածումով:

Ապատեղեկատուութեան օգտագործումը կ’ապակողմնորոշէ հակառակորդ կողմը ժամանակաւորապէս, առարկայական իրավիճակին մէջ կ’ապահովէ առաւելութիւն, ինչպէս նաեւ կը դրդէ կայացնելու ոչ ճիշդ եւ թերի որոշումներ:

Քաղաքական, ռազմական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ ապատեղեկատուութիւնը կը նպատակադրէ հետեւեալները:

Լրտեսութեան կամ ռազմական հետախուզութեան մէջ ապատեղեկատուութիւնը կեղծ տեղեկատուութեան կանխամտածուած տարածումն է թշնամին շեղելու` դիրքէ մը կամ գործողութենէ մը:

Քաղաքականութեան մէջ ապատեղեկատուութիւնը կանխամտածուած փորձ է ընտրողներու աջակցութիւնը շեղելու` տարածելով կեղծ յայտարարութիւններ զրպարտութեան հիման վրայ, ինչպէս նաեւ` հիմնուելով թեկնածուներու խոցելի յայտնաբերուած ընդդիմադիր հետազօտութեան վրայ: Երկու դէպքերուն ալ ան կը ներառէ ճշմարիտ տեղեկատուութեան աղաւաղում. ձեւով մը զայն կը դարձնէ անիմաստ:

Ապատեղեկատուութիւն տարածելու ամէն տեսակի միջոցները կը կատարուին առեւտուրի եւ կառավարութեան մէջ նաեւ, որ կը փորձէ մրցակիցին դիրքորոշումը թուլացնել:

Ակնյայտ իրողութիւն է, որ կարգ մը պետութիւններ, յատկապէս մեծ եւ կամ շինծու երկիրներ իրենց կառավարական կամ զինուորական կառոյցին մէջ ունին ապատեղեկատուութեան բաժին: Անոր նպատակն է ստեղծել կեղծ, արտասովոր տեղեկութիւններ, որպէսզի միջազգային հանրութեան կարծիքը իր կողմ ներգրաւէ:

Դաւադրութեան տեսաբաններ յաճախ կը մեղադրեն կառավարութիւնները ապատեղեկատուութիւն տարածելնուն համար` «պատերազմը ձեր մտքին մէջ», երբեմն նաեւ կը մեղադրեն զիրար «ապատեղեկացուած գործակալներ» ըլլալնուն համար: Հրատարակչական ընկերութիւն մը, որ կը կոչուի «Ապատեղեկատուութեան ընկերութիւն», փաստօրէն կը կեդրոնանայ ընթացիկ հարցերուն վրայ` ձգտելով բացայայտել ապատեղեկատուութիւն, ընկերութիւնը կ’առնչուի պատկերասփիւռի կայաններու յայտագիրներու արարներու, խորհրդաժողովներով եւ գիրքերով:

Վերոնշեալ ընկերութիւնը համացանցի իր կայքէջին մէջ կը հաւաքէ «ցնցող, անսովոր լրահոսներ եւ յօդուածներ, ձայնագրութիւններ եւ տեսանիւթեր», հիմնականին մէջ` ներկայացուած կայքի այցելուներու կողմէ: Խորքին մէջ ընկերութիւնը ինք մեղադրուած է քարոզչութիւն տարածելու յանցանքով:

Հետեւաբար վերոնշեալ բացատրութիւնը ապատեղեկատուութեան մասին` մեզ կը պարտադրէ ըսելու, որ աշխարհի վրայ կը կատարուի նաեւ տեղեկատուական պատերազմ:

(Շար. 1)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

aztagdaily.com

August 31, 2013

Տպել Տպել