Ապատեղեկատուութիւն. Սուրիահայութեան Հասցէին Կատարուած Ապատեղեկատուութիւն (Ա.)

af_aleppoԱպատեղեկատուութեան մասին մեր խօսած ատեն, իբրեւ սուրիահայ, անհրաժեշտ կը զգանք նաեւ լուսարձակի տակ առնել Սուրիոյ մասին ընդհանրապէս եւ սուրիահայերու մասին յատկապէս օտար ու հայկական` յատկապէս հայաստանեան կարգ մը լրատուական աղբիւրներու, վերլուծաբաններու եւ արաբագէտերու ապատեղեկատուութիւն տարածելու իրողութիւնը:

Սուրիահայ գաղութը` Հալէպ քաղաքով, համասփիւռքեան մեր կառոյցներու այն ինքնատիպ ու աւանդական գաղութն է, որ կազմուեցաւ յետեղեռնեան դժբախտ իրողութեան բերումով:

Մարտ 2011-էն սկսեալ Սուրիոյ մէջ զարգացող դէպքերը ալեկոծեցին նաեւ սուրիահայութիւնը:
Սուրիահայ զանգուածը ենթարկուեցաւ անապահովութեան, բռնարարքներու, նիւթական մեծ կորուստներու, տնտեսական եւ հոգեբանական բեկումի: Ազգային թէ անհատական կառոյցներ եւ հաստատութիւններ նոյնպէս ենթարկուեցան կեղեքումի եւ քանդումի: Տուինք նահատակներ եւ անմեղ զոհեր, ծայր առաւ ժամանակաւորապէս երկրէն տեղափոխուելու երեւոյթ:

Հետեւաբար ակնյայտ են սուրիահայութեան դիմագրաւած տագնապը շրջանցելու համար տարուած ճիգերը, սուրիահայ համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու համախումբ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ` մեր հարիւրաւոր երիտասարդներու անձնուրաց եւ նուիրական գործը:

Առ այդ, այս ճգնաժամին մէջ սուրիահայութեան տագնապը բարդացնող եւ ղեկավարման ու ծառայութեան գործին լծուած մարմիններու նուիրական աշխատանքը խաթարող ու մեր յոգնաբեկ ժողովուրդին կեանքը ալեկոծող երեւոյթ դարձաւ նաեւ ապատեղեկատուութիւնը:

Սուրիահայութեան վերաբերող ապատեղեկատուութեան մասին խօսելէ առաջ, նախ տեղեկութիւն տալ Սուրիոյ առնչուող տեղեկատուական պատերազմին մասին: Զանազան դէտեր կ՛ըսեն, որ Սուրիոյ նկատմամբ «բառերու պատերազմ»-ը սկսած է 29 յունուարին, Թուիթըրի «@damascustweets» հաշիւին վրայ, որ կը պատկանի «ընդդիմութեան հետ սերտ կապեր ունեցող գործիչներու»: Թուիթըրի այդ հաշիւը պնդեց, որ երկրի նախագահ Պաշշար Ասատ փախուստ տուած է երկրէն: Ըստ այդ հաղորդումին, Սուրիոյ «ազատ» բանակը պաշարած է նախագահական պալատը եւ անկիւն քշած է «բռնատէր»-ը, որ փորձ մը կատարեց հասնելու միջազգային օդակայան եւ իր կնոջ ու զաւակներուն հետ երթալու Մոսկուա: Թէեւ անստուգելի, բայց այս տարաձայնութիւնը «հիմքէ զուրկ չէ», ըսաւ «Լը Նուվել Օպսերվաթէօր»-ին կայքէջը: Նոյն աղբիւրը ըսաւ, որ «Պի.Պի.Սի.»-ի Միջին Արեւելքի թղթակից Ճերըմի Պօուըն կ’ըսէ, որ «ազատ» բանակը Ասատի նախագահական պալատէն կէս ժամ հեռու է, եւ այս զինուորական յաջողութիւնը կրնայ «բռնատէր»-ը փախուստի մղել:

Սուրիոյ տագնապի ստեղծման առաջին օրէն սուրիահայոց եւ ընդհանրապէս հայկական երեւոյթներու հետ ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունեցող պատահարներուն թիրախաւորուած ըլլալու հաւանականութիւններուն մասին մտավախութիւններ յառաջացան:

Մանաւանդ համացանցի էջերուն վրայ, որոնք լայն կարելիութիւններ տուին աշխարհի բոլոր ժամանակներու «իմաստուններուն» լոյսին բերելու իրենց մտածածները: Ամէնքը, որոնք ժամանակի հասկացողութիւն չունին, որոնք ինքնացուցադրուելու դաշտ կը փնտռեն, որոնք յանկարծ մարդկութեան ու ազգին ուղեցոյց դառնալու բուռն փափաքը կը զգան® քաղաքական մեկնաբանութիւններ ըրին ու տակաւին կ’ընեն: Համացանցի զանազան ընկերային էջերուն մէջ երբեմն կը կարդանք հայերու կողմէ զետեղուած մեկնաբանութիւններ` սուրիահայութեան կարիքներուն մասին, ակնարկներ` զանազան նիւթերու շուրջ:

Այստեղ բնականաբար կ’արժէ նշել մեր փոքրիկ, աւանդապահ ու հերոսաբար մարտնչող գաղութի անդամներուն այն խօսակցութիւնը, ուր յաճախ կը կրկնեն` «խենթեր, չարակամներ, վարձկաններ, որոնք իրենց ազգին արիւնէն գերիվեր կը նկատեն իրենց որովայնը ու կը պարեն թշնամիին «տուտուկներու տակ»: Այսպիսով անոնք կ՛ապակողմնորոշեն կարճամիտները, յատկապէս` մեր փոքրիկ ու խոցելի գաղութը շրջապատողները ու թշնամանքի սլաքներ կ’ուղղեն դէպի մեզ: Որո՞ւ ջրաղացին ջուր կը լեցնեն նման մարդիկը` իրենց խիղճին թող հարցնեն, իսկ մենք այդ մոլորեալներէն կը խնդրենք, որ եթէ անգիտակցաբար ինկած են այդ ծուղակը, օր առաջ թող մտածեն ելլելու մասին, իսկ եթէ պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալու ելած են, պէտք է յիշել, որ ժամանակներ կան, երբ մարդ պէտք է որոշէ սահմանէն ասդի՞ն, թէ՞ անդին ըլլալ»:

Արդարեւ, սուրիական ռազմական ընդհարումներուն առընթեր տեղեկատուական-հոգեբանական պատերազմը իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ անկասկած:

Սուրիահայ համայնքին եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնը իր օրակարգի վրայ յաճախ ունեցած է լրատուական աղբիւրներու խեղաթիւրած եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելու իրողութիւնը: Սուրիահայ ղեկավարներէ բացի, յարմար կը նկատենք յիշել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին արտայայտութիւնը, որ առիթով մը ունեցաւ լիբանանեան հեռատեսիլի մը հայկական բաժինէն, ուր դատապարտեց Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան մասին ապատեղեկատուութեան հարցը` շեշտը դնելով հայրենի կարգ մը լրատու գործակալութիւններուն անհիմն եւ սխալ լուրերով հանդէս գալու երեւոյթին վրայ: Ահաւասիկ զգալի կը դառնար, հայկական կարգ մը լրատուական աղբիւրներու երբեմն դիտումնաւոր, երբեմն խակ ու անզգուշ արտայայտութիւններու իբրեւ հետեւանք ու մեր հակառակորդներու ախորժակին իբրեւ գոհացում` հայ համայնքին ուղղուած թշնամական սլաքներուն առատութիւնը:

Սուրիահայութեան մասին տարածուած ապատեղեկատուութեան մասին կարելի է քանի մը օրինակ տալ օրին տարածուեցաւ ապատեղեկատուութիւն մը, որուն համաձայն, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ հայ ընտանիք մը բարբարոսաբար սպաննուած է` հայ ըլլալուն համար: Շատ կարճ ժամանակուան մէջ լուրը հայկական համացանցային խումբերու մէջ ամէնէն աւելի քննարկուած նիւթը դարձաւ: Հայաստանի քանի մը լրատուական աղբիւրներ լուրը հաղորդեցին` նշելով, թէ զոհերուն թիւը վեց է:

Արաբալեզու հայկական կայքէջ մը, որ ընդհանրապէս այլ աղբիւրներէ լուրեր կը վերցնէ, եւ, ըստ իր հայեցողութեան, վերնագիրներ կը յարմարեցնէ, վերոնշեալ տեղեկութիւնն ալ այլ տեղէ մը վերցուցած, լուրը նոյնութեամբ ու առանց աղբիւրի յիշատակութեան տեղադրեց իր կայքէջին մէջ` տարածելով զայն դիմատետրի իր անդամներուն: Իբրեւ խորագիր ընտրելով հետեւեալը. «Ազատ բանակը կը մորթէ ամբողջ հայ ընտանիք մը, մանուկներով միասին, Զամալքայի մէջ»: Լուրը համացանցային կայքէջերու մէջ ինքնաբերաբար ընդօրինակուեցաւ եւ տարածուեցաւ, իւրաքանչիւր լրատուամիջոց իր կարգին բան մը աւելցուց լուրին վրայ: Նոյն օրուան աւարտին արդէն յստակացաւ, որ ամբողջ լուրը չեղած բանի մը մասին էր:

Յիշենք հայաստանեան աղբիւրներու ապատեղեկատուութիւն տարածած խիստ կարեւոր նիւթ մը. 2012-ի ամառնային արձակուրդի ժամանակաշրջանին սուրիահայ երեխաներու այցելութիւնը Հայաստան` իրենց ամառնային հանգիստը անցընելու համար սփիւռքի նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուած: Այս ծրագիրը իրականացաւ մէկ Դամասկոսէն եւ երկու Հալէպէն Երեւան` մայր հայրենիք տանող օդանաւերով:

Վերոնշեալ տեղեկութիւնը, սակայն, հայաստանեան լրատուական աղբիւրները զանազան ձեւով ներկայացուցին, յատկապէս լրատուական աղբիւր մը իր 8 օգոստոս 2012-ի թիւին մէջ ընտրեց հետեւեալ վերնագիրը. «Արմաւիա»-ն Հայաստան կը տեղափոխի սուրիահայ երեխաներին»: Այստեղ բնականաբար այս տեսակի վերնագիր մը մեզի` սուրիահայերուս համար շատ ծանր կը կշռէ, յատկապէս «տեղափոխի», այսինքն տեղափոխուիլ բառը, որուն իմաստը այլ բան է, իսկ սուրիահայ երեխաներու Հայաստան այցելութեան խորքը այլ էր:

Ապատեղեկատուութեան առաջին կարգը գրաւող այս լուրը արաբական աղբիւրներ անմիջապէս` «Արմաւիա»-ն Հայաստան կը տեղափոխի սիրիահայ երեխաներին» նախադասութիւնը իբրեւ աղբիւր ընտրելով` իրենց էջերուն մէջ լայն տեղ տուին, կեդրոնացան յատկապէս «Հայեր կը տեղափոխուին Սուրիայէն» նիւթին վրայ եւ անոր հիման վրայ ռազմավարութիւն որդեգրեցին:

2012-ի հոկտեմբերի աւարտին յարձակումի թիրախ դարձաւ Հալէպի Նոր Գիւղի (Մէյտան) հայ առաքելական Ս. Գէորգ եկեղեցին, որ դարձաւ հրոյ ճարակ:

Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հրկիզումը կրնայ բախումներու իբրեւ ոչ ուղղակի հետեւանք ըլլալ, արձակազէններու զոհ գացողներու շարքին կրնան ազգութեամբ հայեր ալ ըլլալ, ընդհանուր առեւանգեալներու կարգին սուրիահայ համայնքի անդամներ տակաւին արգելափակուած մնալ, հայկական թաղամասեր առանց թիրախ ըլլալու մարդկային եւ նիւթական վնասներու ենթարկուիլ: Տէր Զօրի, Եագուպիէի եւ այլ շրջաններու եկեղեցիներն անգամ վնասուած ըլլալ` շրջակայքի մէջ արձանագրուող բախումներուն պատճառով:

Սակայն Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մասին հետագային անհեթեթ նիւթ մը զետեղուեցաւ լրատուական էջի մը վրայ, որ կը գրէր հետեւեալը. «Եկեղեցին մզկիթի վերածելու դիմում կատարուած է». այս լուրը անմիջապէս դիմատետրեան էջեր եւ զանազան լրատուական աղբիւրներ տարածեցին: Բնականաբար այս տեսակ լուր մը իրականութեան չէր համապատասխաներ:

Այլ լուր մը եւս տարածուեցաւ, ըստ որուն, «Հալէպի մէջ ամէն ինչ հայերուն դէմ է, հայկական թաղամասերը կը հայաթափուին եւ հայերուն վիճակը անպատմելի է»: Լուրը, ինչպէս արդէն սովորութիւն դարձած է, «ականատեսի» մը փոխանցած անձնական տպաւորութիւններուն վրայ հիմնուած էր: Աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ բախումներ տեղի ունեցած են հայկական թաղամասերու սահմանագիծին վրայ, եւ իրավիճակը նախկինէն աւելի ծանր է քաղաքին մէջ տեղի ունեցող զօրաւոր բախումներուն եւ ռմբակոծումներուն պատճառով, սակայն արդեօք որքա՛ն յարմար է առանց անոր իսկ արդէն ծանր իրավիճակին մասին փոխանցուած լուրերը ուռճացնելն ու զարդարելը եւ աւելի մեծ տրամա ստեղծելը:

(Շար. 5)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

aztagdaily.com

Տպել Տպել