Հայ համայնքը բողոքեց Թուրքիոյ վարչապետի դէմ

ProtestaBuenos AiresCOI 5ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ» թերթ).- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7ին, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, Արժանթինի հայ համայնքը բողոքեց Թուրքիոյ Վարչապետ Ռէճէպ Թալիպ Էրտողանի դէմ, որ Պուէնոս Այրէս կը գտնուի 2020 թուականին համար Ողիմպիական Խաղերու նստավայրը Պոլիս քաղաքի նշանակումը քաջալերելու նպատակով։ Ցուցարարները յատկապէս շեշտեցին Մարդկային Իրաւունքներու դէմ Թուրքիոյ ճնշումները եւ 1915/23 թուականներու Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը։

Բողոքի ցոյցը նախաձեռնեց Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութիւնը, որու Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ռազմիկ Նալպանտեանը ընդգծեց, որ «Թուրքիոյ նշանակումը որպէս 2020 թուականի Ողիմպիական Խաղերու կազմակերպիչ երկիր բոլորովին կը հակասէ ողիմպիական էութիւնն ու ոգին, տրուած ըլլալով որ անոր նպատակներէն մէկն է ազգերու համախմբումը մարզախաղի միջոցաւ»։

Իր խօսքին մէջ Նալպանտեան նոյնպէս ըսաւ. «Եթէ Թուրքիա նպատակ ունի անգամ մը եւս իր թեկնածութիւնը ներկայացնելու որպէս Ողիմպիական Խաղերու կազմակերպիչ երկիր, Էրտողանի կառավարութիւնը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը, եւ վերջերս ուղղակի իր երկրի բնակչութեան վրայ ճնշած է՝ Թաքսիմ հրապարակի ցոյցերու ընթացքին ու բազմաթիւ լրագրողներու բանտարկութեամբ, պէտք է ընդունի քիւրտ ժողովուրդի իրաւունքները եւ վերջ դնէ իր հարձակողական արտաքին քաղաքականութեան, որու հետեւանքով հարակից երկիրներու կայունութիւնը վտանգի տակ դրուած է»։

07/09/2013

Տպել Տպել